Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԹ. ԱՒԱՆՑ (թերեւս ԱՒԱՆ)
       Սոյն գիւղաքաղաք Վան-Տոսպ գաւառի համայն գիւղօրէից մէջ առաջինն է եւ քաղաքէն հազիւ 3/4 ժամ հեռու որ: Ունի տափարակ դիրք, սիրուն տեսարան, բաւական թուով այգիք եւ պտղատու ծառաստանք. սակայն օդն եւ ջուրն չեն գովանի: Տեղւոյս բնական այս կենսատու տարերց անառողջապահիկ վիճակն արդիւնք է եզերաց վերայ գտնուող ճահճային տեղերուն, թէեւ բնակիչք քաջառողջ, աշխոյժ եւ վարժ լինին իւրեանց գիւղաքաղաքի կլիմային, որ ամեն մարդոյ չ’կրնայ յարմարիլ:
       Աւանց ունի 280-300 տուն Հայ բնակիչ, որք ունին Ս. Յովհաննէս անուն պայծառ եկեղեցի մը համեմատաբար խաւար վարժարանի մը քով, ուսանողաց թիւ ամառն եւ ձմեռն միջին հաշուով 60-70 կը լինին, որոնք մեծագոյն մասամբ են կապտագոյն աչօք, կռուզ ու շէկ մազերով նման իւրեանց հարց: Այժմ ‘ի շնորհս Ամեն. Սրբազան Հայրիկի յորդորանաց սկսած են իրենց բարոյական ողբալի վիճակն օր ըստ օրէ կանոնաւորել: Սոյն գիւղաքաղաքն Վարագայ վանուց թեմն է:
       Փոքրիկ բացառութիւն մ’ընդունելով գիւղաքաղաքիս բնակչաց առ հասարակ ունեցած ռուսական դէմքն ուղղակի տեղւոյ կլիմային եւ մանաւանդ ծովու հետ ունեցած յաճախակի յարաբերութեանց ներգործութեան վերագրել շատ բանաւոր է: Տեղւոյս բնակիչք խիստ ճարտար են եւ կ’զբաղին ընդհանրապէս նաւավարութեամբ, երկրագործութեամբ ու մասամբ մ’այգեգործութեամբ, ինչպէս նաեւ բորակ հանելոյ արհեստովն, զոր ‘ի գործ կը դնեն հետեւեալ եղանակաւ:
       Նախ ծովու մակերեւութէն աւելի ցած ածուներ կը փորեն 10-30 մեթր հեռաւորութեամբ կամ որչափ որ ուզեն. այդ ածուները նեղ ջրանցքներով (փոքր առու) ծովու հետ հաղորդակցութեան մէջ կը դնեն եւ այս եղանակաւ ամեն օր ջուր կօտով կը նետեն ածուէ յածու, մինչեւ վերջի ածուները, որոց մէջ պիտի լինի բորակն, որոյ բուն ածուին եւ իրեն նախորդի մէջ եղած սահմանին վերայ ալ մին եւ նոյնն հաստատած են, այսինքն եռոտանի փայտ մը, որմէ կախած են թիակ անուամբ փոս եւ քառակուսի կօտ մը, որոյ մէկ կողմն բռնելոյ տեղ շինուած լինելով՝ դիւրութեամբ եւ շարունակ ջուր կը նետեն վերջի բորակնոցի ածուներուն մէջ: Այդ թիակն չափ մի է, որ 20 օխա ջուր կառնու, սակայն ճղօրի (սալընճաղ) նման չուանով կախուած լինելուն պատճառաւ, որպէս յիշեցի, մարդ մ’ամենայն դիւրութեամբ կարող է այդ քանակութեամբ ջուր փոխադրել: Իւրաքանչիր օր 1500 կօտ կը նետեն եւ չորս ամիս այսպէս շարունակ ամառ եղանակին սոյն ջրոյ փոխադրութեան գործողութիւնն կը կատարեն: Բորակնոցի վերջի ածուներուն մէջ ջուրն միշտ լճի նման կեցած է ‘ի շոգիանալ, որ Արեւու տաքութեան առջեւ միշտ տեղի ունենալով աղի ջուրն կը թանձրանայ այսպէս սկսած օրէն մինչեւ 120 օր. յետոյ վերջի ածուներու մէջ բիւրեղացեալ բորակն յատակը նստած կը լինի 3-5 մատ թանձրութեամբ եւ ապա սղոցով քառակուսի քառակուսի (կէս մեթր երեսով) կը կտրեն ու կը վաճառեն շատ աժան (օխան 5-6 փարայի): Այս եղանակաւ միլիոնաւոր օխաներ կը գոյանան եւ կը խրկուին ‘ի Վան, ‘ի Բաղէշ, ‘ի Սղերդ եւ ‘ի Պարսկաստան:
       Բորակն կը գործածեն օճառ եփելոյ, աղտոտութիւնք մաքրելոյ (ճերմակեղէնի) եւ արդէն վառօդի մէկ տարերքն է:
       Վանայ ծովն աւազանն է բազմաթիւ առուներու, գետակներու եւ մի քանի գետերու, յորս նշանակելի են Առեստ (Պէնտիմահու) Սեւ կամ Մարմտու, Խօշապայ կամ Անգղայ գետերն, յորոց վերջնոյն վերայ արդէն խօսուած է եւ առաջնոց վերայ եւս ‘ի կարգին պիտի խօսիմ:
       Ծովու ձկունքն տարին երկու ամսոյ չափ կը խաղան ամենամեծ քանակութեամբ յիշեալ գետերուն մէջ եւ զայնս կորսան հետեւեալ եղանակաւ: Ձկունք կը խաղան ‘ի գետս ապրիլ 15էն մինչեւ յուլիսի 15 ի ատենները, այս ժամանակամիջոցը ծախու կառնուն Կառավարութենէն եւ առնողներն գետոց վերայ յարմար տեղեր մէսքան ընտրելով թումբ կը շինեն վանդակաւոր փայտերէ, որոց մէջ շրջանակի ձեւով ծակեր կը թողուն, յորս կը հաստատեն կողովներ, բերաններն դարձուցած դէպ ‘ի ծովն, այսինքն ջրոյ ընթացքի կողմն: Ձկունքն ծովէն ելնելով, գետոյ ընթացքին հակառակ, կը խաղան դէպ ‘ի վեր եւ այսպէս երբ անցնիլ ուզեն, վանդակներէն կը բռնուին կողովներուն մէջ: Ձկունքն աւելի մեծ քանակութեամբ կը գան, երբ որոշեալ ժամանակին ամպ լինի եւ երբեմն ալ երկինք որոտայ, որոյ ձայնէն իրարանցում կը տիրէ այդ կենդանեաց մէ, զորս աղած՝ կը տանին այն ամեն կողմերն, ո՛ւր կը խրկուէր բորակը:
       Աւանուց նաւավարներն, առանց կողմնացոյցի, ճամբայ կելնեն եւ իւրեանց ծովային ամեն ուղեւորութիւնք եւ երթեւեկութիւնք բնական երեւութից վերայ նայելով կընեն, որ թերեւս զարմանալի մի բան թուի Եւրոպացւոց աչքին, որոնցմէ թերեւս աւելի քիչ սխալին, մանաւանդ օդային գուշակութեանց մէջ: Յիրաւի ծովու պզտիկութիւնն ալ ‘ի նկատ առնուլ պէտք է, սակայն չ’մոռնամ ըսել որ սոքա ճամբորդութիւն կընեն ծովուն վերայ գիշերուան ամենախաւար ատեններն իսկ:
       Ծովն զՎան յարաբերութեան մէջ դրած է Բաղիշոյ եւ շրջակայ գիւղօրէից հետ, որպէս ըսուեցաւ վերեւ, կանոնաւոր նաւահանգիստ չունի: Հիւսիսական, այն է Արճշու եւ Արճաւազու (որոց վերայ տեղագրութեանցս վերջի Գ. մասին մէջ տեղեկութիւնք տրուած են) կողմերէն կը փոխադրուին անսպառ ցորեաններ եւ Հարաւային կողմերէն եւս մեծ քանակութեամբ ածուխ եւ փայտ, որք յառաջ կը գան այն տեղերու անտառներէն, յորոց իւրաքանչիւրն տէր ունի:
       Ներկայ թուականէս 9-10 տարի յառաջ խնդիր եղաւ այս ծովու վերայ շոգնաւ մը բանեցնել, բայց եկան արտաքին պատճառներն, որովք սոյն օգտակար գաղափարն մեռաւ իւր խանձարուրին մէջ:
       ***
       Վանայ ծովու մակընթացութեան (շատնալով ցամաք կոխելն) նկատմամբ ականատեսներէն կը պատմուի թէ “ասկէ 50 տարի յառաջ Աւանուց այժմեան Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյն նախորդ 60-70 մեթր հեռաւորութեամբ ամայացեալ վիճակաւ կը կենայր կանգուն ծովուն եզերքը, կառուցեալ կոփածոյ պատուական քարերէ պայծառ եւ զարմանալի տաճարով մը, եկեղեցւոյ շրջապատի բնակութիւնքն երկիւղէն փոխադրուած էին դէպ ‘ի վեր՝ ծովէն աւելի հեռու (այժմեան տեղին), պարպուած տեղերն “այգեստան” կանուանէին, զի առաջի ժամանակն երբ ծովն փոքր եղած էր, այս տեղերն լի էին այգիներով”: Ուղեւորն մինչ ունկնդիր կը լինէր այս խօսքերուն, ականատեսներէն ուրիշ մը յարեց. “Ես իմ հօրս հետ եւ մի քանի ընկերներուս՝ գնացինք այդ գեղեցիկ, այլ անմարդի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին իւր փոշոտած վիճակէն մաքրել, որպէս զի յաջորդ օրն քահանայն պատարագ ընէր, ըստ որում տարին 3-4 անգամ պատարագ ընելու սովորութիւնն կը պահէին մեր տէրտէրներ այդ եկեղեցւոյն մէջ:
       “Իմ ընկերներովս (յարեց) կենդանի աւանդաբանն գիւղիս տուները պտոյտ ընելով 5-600 հատ հաւկիթներ հաւաքեցինք ծերունի քահանային հրամանաւ. էտա հաւկիթներն բերինք մեծ ամանի մը մէջ կոտրեցինք եւ անոնցմով սրբեցինք մեր զօրաւոր Ս. Օհաննէսի խաչկալներն, հին ոսկեզօծեալ եւ ներկուած Աստուածամօր պատկերն ու տեղերն փայլեցուցինք. այս միջոցին մեր բարի քահանայն ներս մտնելով մեր աշխատութիւնն օրհնեց, յայս պահուն ես տղայական աշխուժիւս եկեղեցւոյ պահարաններէն միոյն մէջ ելայ սրտիս ուրախէն եւ նայիլ հոն թէ ի՛նչպէս բան է կամ ինչ կայ: Անոնց մէջ (պահարաններէն միոյն յատակը) իմ երկու աչքովս տեսայ կէս մեթր քառակուսի թղթի մեծութեամբ եւ երեք մատ թանձրութեամբ խօրօտիկ եւ լաւ կերպով կոկուած փայտեր շարուած, չեմ գիտեր չամ էին ինչ էին եւ անոնց վերայ շատ մը ձեռագիր նխշուն կիւզալըմ գիրքեր շարուած էին ճաստա ճաստա (խումբ, խումբ), անոնցմէ կարմիր պատկերով մէկ հատ ձեռքս առի եւ մինչ վրան կը նայէի առանց հասկնալու, մեր տէր պապան վրաս բարկացաւ ըսելով թէ “գիրքերն իրենց տեղեր դիր, դու վար իջի՛ր” այս խօսքին վերայ գիրքն հոն ձգեցի վար իջայ. տարիէ մ’ետքը գնացի Ստամպօլ, 25 տարիէն յետոյ վերադարձայ, տեսայ որ մեր աղոտ ծովն յիշեալ եկեղեցին կոխած եւ աւրած էր եւ յիմ մանկութեան “այգեստան” ըսուած տեղերն ծովաստան եղած լմնցած էին, այլ եւս չեմ գիտեր եւ ոչ իսկ, մէկն ինձ ասաց թէ ի՛նչպէս եղան եւ ինչպէս գնացին այդ եկեղեցին եւ իւր գրեանքն”:
       Բարի եւ զգայուն պատմիչն զայս ասաց եւ դարձեալ յարեց “մեր խէրեր (հայրեր կամ պապեր) մեզ կ’աւանդէին թէ ծովառած Ս. Յովհաննէս եկեղեցին շինուած էր մեծն Ներսիսի ժամանակն, երբ այդ ազգասէր եկեղեցական հովիւն այցելութեան կուգայ այս կողմերը, մեր Աւանուց Հայերն կերթան անոր ոտքին եւ ձեռքին կիյնան, կաղաչեն եւ կը պաղատեն, նա ալ շինել կուտայ այն եկեղեցին, զորս քեզ պատմեցի սրտիս ցաւէն, եւ Մեծն Ներսէս գիւղէս հեռացած պահուն կը խաչակնքէ ասելով թէ “բարութիւն ‘ի ձէնջ մի՛ պակասեսցի”:
       ***
       Ազնիւ ՀԱՅ, տեղագրութեանցս ուշիմ վերծանող, քեզ եւ ինձ համար քիչ ցաւ չէ Ս. Յովհաննէսին կորուստն, սակայն երբ բնութեան անդիմադրելի օրինօք եղած է կրնամք ‘ի միասին մխիթարուիլ: Եթէ Ազգն ըրած է մի թանկագին եւ ամենաողբալի կորուստ, այն եւս եկեղեցւոյ պահարանի ձեռագիրներն են, զորս նոյն ժամանակի մանուկն՝ այժմեան չափահաս անձն ‘ի ձեռին բռնած ւ տգէտ քահանային հրամանաւ դարձեալ պահարանի մէջ ձգած է զայնս, որք ծովամոյն եղած են եկեղեցեաւն հանդերձ:
       Վերոյիշեալ պատմութեան վերայ այն պատկերազարդ ձեռագրեանց կորստեան վերաբերութեամբ արդարեւ քաշուածս Ա՜խ մի էր, սակայն զգացի յիս թէ այդ Ա՜Խն վարելի կեանքէս մի քանի տարիներ կորզեց:
       ***
       Այս պահուս կը ներշնչուիմ շատ բան գրելոյ, բայց լռութեամբ կանցնիմ, վասն զի ունիմ զօրաւոր պատճառներ, որք երկնային չեն եւ կանխահաս համարիլ կը տան ինձ կուրծքիս տակի եւ մտքիս մէջի ԲԱՆԵՐՈՒ արտայայտումն կամ արտատպումն, զոր մոռնալոյ երբէք չունիմ զուշ, աներկմիտ հաւատալով թէ յայս անհաւատ աշխարհումս վաղ կամ անարգան ԲԱՆՆ կը մարմնանայ եւ ես կը տանիմ կենաց յաղթանակն, ոյր վերայ կարգ մ’ուշակորոյս ողորմելիք կամ ծռամիտ խղճալիք կը նային իբրեւ պարտութեան վերայ. կը կարեկցի՜մ դոցա վերայ հոգւովս եւ միանգամայն կը փութամ սրբել իւրեանց աչքերու բիժն ու միժն, յայնժամ պիտի նշմարեն ‘ի հեռուստ, զոր ինչ Տեղագիր-Ուղեւորս այժմ քաջ կը տեսնէ ‘ի մօտուստ:
       Իմ սոյն տողերն, ստուգիւ գիտեմ որ բազմաց պիտի թուին մեկնութեան կարօտ սակայն ես ներկայիս մէջ ԳՐԻՉ միայն ըլլալ կուզեմ եւ ոչ ՄԵԿՆԻՉ, որ լինելոյ չիք ամառն, զի օրն ձմեռն է, տարին 1885 եւ ամիսն յունուար, որոց մէջ ազգային լրագիրներն զգայուն սիրտերն տրտմութեամբ կը լեցնեն՝ հրատարակելով նոր սահած տարւոյն հաշուեկշիռն, որ կենդանի պատկեր մի է ու երբ եւ լինի նկատողութեան առնելի գաւառացւոց իմաստուն մասէն, որ հանդիսատէս կը լինի այժմ եւ կը լռէ պահ մը յանուն ազգային խաղաղութեան եւ միութեան:
       ***
       Աւանուց մէջ ‘ի հնուց անտի, մասունքի նման կը պահուին երեք հատ ձեռագիր Աւետարանք, որք են Ա. Մեռել յարոյզ, Բ. Խուլուճ եւ Գ. Ուրբաթ անուններով: Ասկէ 45-50 տարի յառաջ Սամաթիոյ քարոզիչ Յարութիւն Եպիսկոպոս Սարայլեան երբ ‘ի Վան կը գայ Առաջնորդութեան պաշտօնով, յիշեալ Աւետարաններն բերել տալով ժամանակ մ’իւր քով կը պահէ եւ յետոյ առաջի երկուքն կը վերադարձնէ հրամայելով որ “հասարակ Աւետարանի նման սեղանին վրայ դնեն եւ պէտք եղած ատեն գործածեն զայնս”, որք ցարդ կը կենան, իսկ երրորդն՝ այն է Ուրբաթ Աւետարան “այրած է” ըսելով այլ եւս ետ չ’դարձներ:
       Բաւ է այժմ այսչափ խօսիլ այդ ալեկոծեալ ծովուն վերայ, որոյ Հարաւային ալիքներն շատ անգամ մխիթարական են, ուստի անցնիմք Աւանուց բնակութիւններէն եւ գնամք յիւր անմիջական հիւսիսակողմն երկայն ու բարձր պարսպի մը ներքեւ յեզր ընդարձակ արտի մը, զոր վայ վայ թառլասը կ’անուանեն, որ արտասուաց անթիւ կաթիլներ ընդունած է եւ կ’ընդունի:
       Աստ կը հաւաքուին Վանցիք, երբ ‘ի Պօլիս պանդխտութեան մարդ խրկեն, աստ կընեն բաժանման հացկերոյթն, աստ կը պարպեն բարեմաղթութեան գաւաթներն, եւ աստ յանուն Աստուծոյ կուխտեն զիրեար չ’մոռանալ: Ի վերջոյ կարաւանապետն իմաց կը տայ մեկնումն ու կը հնջէ վերջին հրաժեշտի տխուր ժամն եւ ահա յոտնկայս կ’սկսին ցաւագին այլ կաթոգին համբոյրք եւ գրկախառնութիւնք փոխադարձք ընդ որս նաեւ վայն եւ վայն ու վերջապէս կը տեսնուին, ողբումն, լալումն եւ աշարումն յոյժ. Հռաքել զիւր որդիներ կուլայ եւ չուզեր մխիթարուիլ, վասն զի այլ եւս չ’կան: Այս պահուս ասկէ աւելին գրել չեմ կարող, ըստ որում իմ աչկունքն լեցուած են եւ իմ սիրտ զգացմանց ծանրութենէն փլած է, երբ կը յիշեմ որ մի օր ես ալ աստ յիմ բարեկամաց շրջապատեալ, հակառակ անսովորութեանս, մի վերջնական գաւաթ պարպեցի, զոր աղի գտնելով՝ անմիջապէս զգացի թէ ՄՕՐ ՄԸ արտասուօք խառնեալ էր:
       Ահա այսպէս ամենացաւալի տեսարան մը կը ներկայանայ մարդկային սրտերուն, որք կը բաժնուին իրարմէ: Այսուհետեւ ճանապարհորդն կ’ուղեւորի յԱրեւմուտս վիզ ծռած արտասուք սրբելով եւ երբեմն երբեմն վերջնական ակնարկներ նետելով իւր ետեւէն:
       Այժմ քեզ ասեմ ազնիւ եւ ուշիմ ընթերցող, Երկնքի ու Երկրի մէջէն ո՞ւր կը դիմէ այդ ողորմելի Հայ մարդն ստիպեալ իւր անողոք բաղդէն, - դէպ ‘ի Սեւ ծովն, զոր յիշեցի սիրտս կոտրած, որով եւ կարմրած:
       Վերոյիշեալ արտն սոյն տխուր երեւութէն առած է իւր անունը, զոր ընդարձակել չեմ ուզեր, վասն զի արդէն արգաւանդ չէ ու չ’տար որ եւ է սերման ծնունդ, եւ այս իսկ է արդարութիւն, ըստ որում ի՞նչպէս կարելի է բարիք մ’արտադրել, երբ այսչափ աղի արտասուք ծծած է եւ կը ծծէ ընդ միշտ:
       Վան-Տոսպ գաւառի Արեւմտեան կողման վերայ մեր ըսելիքն աւարտած՝ դառնամք այժմ մեր ընտրած կեդրոնի (Վանայ) Հարաւակողմն ու շարունակեմք մեր ՈՃՆ:
       ՎԱՆԱՅ ՀԱՐԱՒԱԿՈՂՄՆ
       Մեկնիմք Վանայ “Այգեստան” մասի հարաւակողմն ‘ի կենդանանց (կենդանեաց) գիւղը: Տեղագրեմք նախ ճանապարհի վիճակն: Մեր չուման կէտէն 20 վայրկեան ուղինիս շարունակելով կը հանդիպիմք ընտիր քարահանքի մը, որմէ քաղաքացիք քարեր բերել տալով սալայատակ հնձաններ կը շինեն խաղող քամելոյ համար, նոյնպէս այլ շինութեանց գործածելի: Այս տեղէն մեր ընթացքը յառաջ վարելով քիչ մ’ետքը մեր դիմաց կելնէ հանքային ջրոյ աղբերակ մը, որոյ համն հոտած հաւկթի կը նմանի եւ գտնէն դուրս կը տայ: Այս ջուրն գիւղացիք “կռոտի (բորոտի) աղբիւր” կ’անուանեն, վասն զի բորոտութիւն եւ եռքոր ունեցողներն այսու լողանալով շատ անգամ կատարեալ առողջութիւն գտած են: Այսպէս ահա կէս ժամէն կը հասնիմք յիշեալ գիւղը կտրելով նուազ բուսաւոր եւ նմանօրինակ արգասաւոր դաշտօրայք եւ արտօրայք: