Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԽԳ. ԱՐՏԱՄԵՏ ՀԻՆ ՔԱՂԱՔ
       Յ’ուշ ածելով զԱրտաշէս եւ զՍաթենիկ` դուստր Ալանաց, առաջնոյն փախուստն ‘ի Պարսկաստան յերեսաց Երուանդայ եւ յիշելով ամարանոցիս ԴԻՐՔ անցնիմք շարունակել մեր ՏԵՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ:
       Արտամետ այժմեան գիւղաքաղաք կը գտնուի Վանայ ուղղակի Հարաւակողմն եւ անկէ 21/2 ժամ հեռու, շինուած Բզնունեաց ծովու Արեւելեան Հարաւային անմիջական եզերքը եռանկիւնաձեւ ապառաժ դարափի մը վերայ: Ունի 480 տուն բնակիչք, յորոց 120 տուն Հայ են եւ մնացեալ 360 տուն մահմետական: Գիւղաքաղաքիս բնական վիճակն ամենայն կողմանէ գովելի է (ծառաստանաց վերայ իւր կարգին կը խօսուի): Հայերն ունին Ս. Աստուածածին անուամբ պարզ եկեղեցի մը եւ երկու պարզագոյն քահանայ հին մտաց եւ հին հոգւոյ տէր, նոյնպէս երկայարկ ու գեղեցիկ տեսարան ունեցող դպրոց մը, ո՛ւր ձմեռ ատեն 60-80 ուսանողներ կ’աշակերտին, իսկ ամառը 25-30 հոգի հազիւ կը մնան, որք յանձնուած են Վարագայ վանուց ժառանգաւոր աշակերտներէն մի անձնանուէր երիտասարդի, որ կարող ուսուցչութեան հետ ունի նաեւ ազնիւ եւ բարի տրամադրութիւնք, զորս անշուշտ ընդունած պէտք է լինի յիշեալ վանուց մէջ իւր դաստիարակութեան օրերումը, այս առթիւ պարտ կը համարիմ գովել Արտամետցի Հայոց ճանաչողութիւնը:
       Վանէն յՈստան գաւառի կողմեր տանող պողոտայն գիւղաքաղաքիս երկու ազգաց բնակութիւնք որոշակի իրարմէ կը զատէ: Հայոց բնակութիւնքն ամփոփ իրարու վրայ սեղմուած են յիշեալ եռանկիւն ապառաժին վերայ. իսկ տաճկացն եզերքը կը գտնուին ընդարձակ այգեստանեայց մէջ սփռուած են:
       Տարուան չորս եղանակին մէջ, մանաւանդ ամառնային ժամանակը, մեծանուն Շամիրամայ պատուական ջուրն հարիւրաւոր ճիւղերու բաժնուած` Թուրք բնակութեանց իւրաքանչիւրի թաղէն, դրան առջեւէն ու այգիներու մէջէն կարկաջասահ կընթանան եւ սաղարթագեղ ծառոց սքանչելի տեսարանին հետ միացած` մարդս կը զմայլեցնեն կազմելով մի դրախտ, հոգ չէ թէ լինի երկրային, որոյ շրջապատը մի մարդ 3 ժամէն հազիւ կրնայ պտտիլ: Սոյն այգեաց մէջ Հայերն եւս իւրեանց թուոյն համաձայն բաժին ունին, այսինքն դրախտ ունին. սակայն պտուղն կը վայելեն թէ ոչ այդ տարբեր խնդիր է:
       ԱՐՏԱՄԵՏՈՒ ՀՆՈՒԹԻՒՆՔ
       Որպէս վերեւ յիշեցի, Հայոց բնակութիւնք այդ եռանկիւն ապառաժին վերայ հաստատուած են:
       Առաջին անկիւնն “Բերդ” կը կոչուի, ոյր վերայ յանուն Ս. ՍԱՐԳԻՍ զօրավարին կայ շինուած անզօր մի մատուռ փոքրիկ. երկրորդն “Տէր Յուսկան որդւոյ պառեկ” կ’անուանեն, որոյ վերայ կայ նոյնին անուամբ կառուցեալ դարձեալ փոքրիկ մատուռ մը, ո՛ւր տարին մի անգամ պատարագ կը մատուցուի եւ տեղւոյ անձկութեան պատճառաւ քահանայն եւ երկու սպասարկուք միայն ներս կը մտնեն, իսկ դպիրք ընդ որս եւ աղօթող ժողովուրդ կը կենան արտաքոյ դրան:
       Այս մատրան շուրջը 2 քարընկէց հեռու տարածուած են գիւղաքաղաքիս հնոց եւ նորոց գերեզմաններն, յորս կը գտնուին մի քանի վիթխարի խաչաքարինք 300-350 տարուան հնութեամբ, թէպէտեւ շատ են աւելի հին տապանաքարինքն, սակայն ժամանակն անընթեռնլի ըրած է նոցա յիշատակագրեանքն հանդերձ թուականներովն:
       Երրորդ անկիւնն բարձրահայեաց կը նայի ‘ի Հարաւային Արեւմուտս Բզնունեաց ծովու երբեմն ծիծաղուն եւ երբեմն կատաղի ալեաց վերայ, ինչպէս նաեւ նորա հրաշալի եւ ընդարձակ հորիզոնին: Ահա սոյն անկեան վերայ կառուցեալ է այժմեան եկեղեցին, որ ՀԺԱ. թուականն կը կրէ եւ է մութ, ցած ու նեղլիկ պատուհաններով: Եկեղեցին տաճարաւոր է եւ անծանօթ թուականաւ. տաճարն շատ հին լինել կը թուի, որ ունի ճարտարարուեստ խաչկալ մը, որոյ տեսքն եւ վիճակը ցոյց կը տան թէ ժամանակակից է տաճարին: Եկեղեցւոյն կից եւ շինութեամբ 31 տարուան կայ մի այլ եկեղեցի աւելի պարզ եւ կիսաբաց, ո՛ւր ամառ եղանակին մէջ ժամասացութիւնք կը լինին եւ որոյ հանդէպ կախուած է մի սիրուն զանգակ (գամբանայ) Տփխիսէն յատկապէս բերուած. սոյն ձայնատու գործիքն ճաթած լինելով այժմ գրեթէ լռած է. սակայն չեմ գիտեր, թէ իւր լռութիւնն մշտակա՞ն է, թէ մի օր իւր լռութեան կապն պիտի խզէ վնասուած տեղին նորոգուելով:
       Ազնիւ ընթերցող, վերոյիշեալ եռանկեան մատուռներէն զատ քեզ պիտի թուեմ տակաւին գիւղաքաղաքիս եւ իւր այգեստանի մէջ գտնուած բազմաթիւ սրբավայրեր, յորոց իւրաքանչիւրն ունեցած է անշուշտ իւր ԱՆՑԵԱԼ:
       Գիւղի մէջիներն են. Ա. Ս. Շմաւօն, Բ. Թուխ մանուկ Գ. Ս. Զօրք (զօրաւոր) եւ Դ. Ս. Յակոբ տաղաւարիկներ:
       ***
       Անցնիմք յԱրեւմտակողմն յԱյգեստան, ո՛ւր նախ կը տեսնեմք Ս. ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ կիսաւեր եկեղեցին, որոյ քարաշէն պարսպաց Հիւսիսային եւ Արեւելեան մասերն տակաւին կանգուն կը կենան, որ Տեղագիր-Ուղեւորիս զարմանք շարժեցին իւրեանց ճարտար շինուածքովն:
       Ըստ աւանդութեան “Եկեղեցւոյս շէն եղած ատեն իւր մէջ պահուած է եղեր Կիլիկիոյ Տարսօն քաղաքի Լեւոն թագաւորի քեռորդի Վասիլ սպարապետի ժամանակը ԶՃՀԴ(674) Հայ թուականին գրուած Կեառ Կեառ անուամբ Աւետարան մը, որ երբեմն հրաշք գործած է”: Այժմ սոյն ձեռագիր Աւետարանն Կռունկ վանուց մէջ տարին կամ երկու տարին մի անգամ հանդիսապէս դուրս կը հանեն, ինչ ատեն ուխտաւորք բազմաթիւ եղած լինին”: Ականատեսք կը պատմեն թէ բաւական կտակագրութիւնք կը պարունակէ իւր կողերուն վերայ այդ Աւետարանն, զոր չ’տեսնելոյ դժբաղդութիւն ունեցայ Վանուց մէջ վանահայր մը կամ կրօնաւոր մը չ’գտնուելուն համար: Աւետարանիս վերայ այսչափ բաւ համարելով վերսկսիմք թուումն կամ նշանակումն մեր պապկնական հնութեանց:
       Այգեստանեայց մէջ կան դարձեալ հետեւեալ գետնատարած եկեղեցիք, որք են Ա. ՊՈՒՏԱԽ ՊԷԿ, Բ. ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉ, Գ. ԿԱԹԱՇԱՂԱԽ, որոց պարսպաց մի մասն դեռ չեն անտեսանելի: Այս այգեաց եզերքը կայ մի այլ տաղաւարիկ, որ կանուանի “Ս. Թալալոս”. թալցնել տեղական իմաստով կը նշանակէ այսահարիլ. իսկ գիտական առմամբ ճղային տկարութիւն, որմէ երբ մարդս բռնուի երբեմն կիյնայ յերկիր ուշակորոյս: Այս տեսակ հիւանդութիւն ունեցողներն հոս կը դիմեն ամենայն ջերմեռանդութեամբ եւ իւրեանց ուխտ եւ խնդրուածք, ինչ որ ունին, ընելէն ետքը կը վառեն մոմ, կը ծխեն խունկ, ու քով դնելով մի քանի հատ հաւկիթներ կը հեռանան: Ասոնց մեկնելէն յետոյ ո՛վ որ առաջին անգամ տեղս հանդիպի թէ՛ Հայ լինի այն եւ թէ՛եւ այլ ազգ, նորա իրաւունքն է տանել յիւր տուն սրբոյն առջեւ տրուած նուէրներն (թէ՛ մոմ լինի թէ՛եւ հաւկիթ) այս է ահա իւրեանց ուխտագնացութեան կերպն, զոր ես համառօտակի նշանակեցի:
       Այլ եւս չ’պէտք է դեգերիլ այս վայրերուն մէջ, ո՛ւր տխուր երեւոյթներն կրնար մեր սիրտ ճմլել, նման ողկոյզի, եւ մեր կորովն մենէ խլել. անցնիմք ուրեմն յուրիշ կողմեր տեսնել ուրիշ բան եւ նոր տեսարան, թերեւս հոգեկան աւելի քան թէ նիւթական, որովք աշխուժնիս վերանորոգել եւ կրկնադրոշմել հետեւեալ գլխով: