Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԽԹ. ԹԵՄԱՐԱՅ ԵՐԵՔ ԳԼԽԱՒՈՐ ԳԾԵՐ
       Աստ յարմար դատած եմ ընտրել երեք ուղղութիւններ, կարելի եղածին չափ որոշ ընելոյ համար մեր տեղագրելիք եւ նկարագրելիք տեղերը վերաբերութեամբ աշխարհագրական դրից թիմար կոչուած այս մասին, զոր ես իբրեւ հորիզոնական ընդունած եմ, չ’նայելով թէ դորա Արեւելակողմն եւ իւրեան հարեւանները բաւական լեռներ կան` թէեւ լինին ոչ նշանաւոր: Մեր ընտրած երեք գիծերն են Ա. Արեւելեան գիծ Բ. Միջնագիծ եւ Գ. Արեւմտեան գիծ. Սոյն երեք ուղղութեանց եւ անոնց մերձակայից վերայ գտնուած գիւղօրէից ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆ եւ ՏԵՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆ ընելոյ համար մեզ չուման սկզբնակէտ բռնած եմք միշտ զՀարաւակողմն, յորմէ շարունակել դէպ ‘ի Հիւսիս: Ուղեւորիմք ուրեմն Թիմարայ մեր ընտրած գծի . Արեւելեան) Հարաւային ծայրէն, ո՛ւր են Զրուանդանց, Ձորոյ-վանց (ձորոյ վանք թերեւս) կարգաւ Տարման գիւղ, Լամզկեր, Ֆառուխ եւ Պախէզիկ գիւղերն, որք երբեմն էին զուտ Հայաբնակ եւ բազմատուն. իսկ այժմ են խառնաբնակ (քրդաց հետ) եւ նուազատուն: Սոյն չորս գիւղերէն վերջինն ունի համանուն երկրորդ մը, իրեն մօտակայ, ո՛ւր առաջինէն փոխադրուած են եւ այժմ կը բնակին 15 տուն Հայեր, որոց ‘ի Քրիստոս ննջեցեալներն առաջնոյն գերեզմանատան մէջ կը թաղուին:
       ՄԽԿՆԵՐ. - Պախէզիկէն 11/2 ժամ հեռու է, ունի 30 տուն Հայ, Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ անուամբ եկեղեցի մը, առանց քահանայի եւ առանց դպրոցի: Գիւղիս մերձ է կատալավու զիման անուանեալ հռչակաւոր մարգագետին, խիստ ընդարձակ եւ խոտաւէտ: Աստ Արեւմտակողմն հին աւերակ մի կայ, զոր “բերդ” կ’անուանեն, որոյ հիմնաքարանց վերայ կը տեսնուին շատ հին խաչեր փորուած աննշան արուեստիւ, չ’կրցայ գիտնալ թէ ի՛նչ յիշատակութիւնք արթնցնողներ էին այդ դարաւոր շէնքի մնացած վերջի բեկորներն, ինչ որ է, նոքա Ուղեւորիս անծանոթ` ես մեկնեցայ հետեւեալ գիւղը, ո՛ւր մէկ ժամէն կարելի էր հասնիլ, թէպէտեւ ես դէպքով մ’ուշացայ:
       ՆԱՊԱԹ. - Կը բաղկանայ 20 տուն Հայերէ, որք ունին պարզ եկեղեցի մը եւ պարզագոյն քահանայ մը, իսկ դպրոց “Աստուած տայ”: Գիւղս շինուած է լեռնադաշտի մը վերայ բլրոց ստորոտը, ունի պատուական տեսարան: Տեղս մեկնելով կ’անցանեմք սիրուն վայրերէ եւ 1 ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ տեղին:
       ԽԱՌԱՇԻԿ. - Բնակուած 20 տուն Ասորիներէ եւ 3-4 տուն Հայերէ: Գիւղս շատ զուարճալի է ընդարձակ արօտատեղիներովն:
       ԿԻՒՍՆԵՆՑ ԵՒ ԻՒՐ ՀՆՈՒԹԻՒՆՔ
       Թիմարայ Արեւելեան գծին վերաբերող սոյն նշանաւոր գիւղն նախորդէն 11/2 ժամ հեռու` շինուած “Սեւ” կամ “Մարմետ” կոչուած գետոյն ձախակողմն տափարակ դաշտի վերայ: Տեղւոյս օդն եւ ջուրն լաւ են, բնութեան տեսարանն նմանապէս. իւր ընդարձակ նստուածքի համեմատութեամբ քիչ է ծառաստան եւ ընդհանրապէս անպտղատու:
       Կիւսնենց ունի 110 տուն Հայ բնակիչ, յանուն Ս. Ստեփաննոսի կառուցեալ մի եկեղեցի գիւղական պարզութեամբ եւ շատ հին է, սակայն չունի թուական: Աստ կայ Միացեալ Ընկերութեանց վերաբերեալ նախակրթարան մը, ո՛ւր ձմեռ 40, իսկ ամառ 10-12 աշակերտներ կուսանին: Ժողովուրդն առ հասարակ երկրագործ է, որոց ձեռքը կը գտնուին ընդարձակ հողեր` արգաւանդ եւ ջրարբի մեծագոյն մասամբ, նիւթական վիճակնին, բաղդատմամբ այլ գիւղացւոց, բարւոք է: Գիւղս ԱՆՑԵԱԼԷ չէ զուրկ:
       Կիւսնենից Հայերն այժմ օրինակելի ջանիւք սկսած են որթատունկեր եւ պտղատու ծառեր տնկել, որով այլեւս դրսէն բերուած անպիտան պտղոց փոխան ՑՈՐԵԱՆԻ հատիկներ տալոյ չեն պարտաւորուիր, որպէս սովոր են այն ամեն գիւղերն, որք իրենց անմտութեամբ կամովին զրկուած են բնութեան այդ օրինակ բարիքներէն: Տեղւոյս թէ՛ մխիթարական եւ թէ՛ անմխիթարական սրբավայրեր հետեւեալներն են Ա. ՏԻՐԱՄԱՅՐ Բ. ՊԱՐՈՆ Ս. ԳԷՈՐԳ, Գ. ՇԷՆ Ս. ԱՏՈՄ, Դ. ԱՐԾՈՒԱԲԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ, Ե. ԹՈՒԽ ՄԱՆՈՒԿ: Արծուաբերի նկատմամբ ‘ի տարեւորաց կը պատմուի աւանդօրէն թէ “’ի հնումն` իւր շէն ժամանակի. տարին մի անգամ վէրու ոչխար (կէյիկ) մ’ինքնին գալով կը պառկէր տաճարի դրան առջեւ երբ նոյն իսկ տակաւին մատուռ էր, բազմութիւն մը հոն կը դիմէր, եւ կը տեսնէին, որ յիշեալ ոչխարն անմռունչ ինքզինքը մարդոց կը յանձնէր, յորոց մին (լուսարար կամ ժամկոչ) զոչխարն կը մատղէր եւ կը բաժանէր չ’քաւորաց, այս պատճառաւ “արծուաբեր” կոչուած է, թէեւ իւր բերածն չ’լինէր արծիւ”:
       Վերոյիշեալ նուիրական վայրերէն այժմ ոմանք փոքրիկ տաղաւարիկի ցած վիճակի մը մտած են եւ ոմանց եւս տեղիք միայն նշմարելի են տեսանելի խաչաքարերովն: Շաբաթ երեկոյները ճրագ կը վառեն նոյն տեղերէն ոմանց մէջ, որոնք շարուած են մոլոզներով (անկերպարան քար) ճրագի լոյս չ’մարելոյ համար եւ որոց մէջ կը ծխեն նաեւ խունկ, որոյ բուրման ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ պահուն, ըստ Հայաստանեայց մեր ժողովրդեան հնաւանդ սովորութեան, բոլոր ննջեցելոց հոգիները կը յիշատակեն թէ՛ նոքա լինին յայտիցն եւ թէ՛ լինին անյայտիցն: Ծխող բարեպաշտուհին, եթէ ‘ի մտի պահած է իւր ննջեցելոց անուանքն կամ ազգականացն, արդէն յանուանէ կը յիշատակէ, իսկ եթէ ո՛չ, ընդհանուր առմամբ կը վերջացնէ “Աստուած հոգիք լուսաւորէ” ներ մրմնջելով եւ այնպէս կը վերադառնայ յիւր տնակն գիւղական:
       Կիւսնենց գիւղէն 25 հոգի պանդուխտ կայ ‘ի Պօլիս, ո՛ւր չարաչար կ’աշխատին եւ շատ անգամ ականատես եղած եմ, որ կուշտ փորով հաց մը չեն կրնար ուտել նոյն իսկ այն պահուն, յորում այլք իւրեանց հայրենական տան մէջ հաւով եւ հաւկթով, սերով ու կարագով պատռելիսի կիրակին կը տօնեն, այսպէս Շարայի որկորով պէտք չունին Շիրակայ ամբարներն յիշելոյ, զի նորովն գոհ կը լինին:
       Գիւղիս յԱրեւելակողմն “աւեր վանք” ըսուած տեղի մի կայ, որոյ սուրբ նշխարներ չեն երեւիր գետնի երեսը. իսկ տակն լի են եւ երբեմն իսկ եկեղեցական անօթներ դուրս կը գան տակաւին գործածելի. ո՜վ գանձարան երկիր: