Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Ծ. ԱՏԻԿԻՒԶԷԼ ԵՒ ԻՒՐ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԱՒԵՏԱՐԱՆ
       Գիւղս նախորդէն 3/4 ժամ հեռու է շինուած ընդարձակ բլրոյ մը ստորոտը, Սեւ գետն գրեթէ իւր առջեւէն կընթանայ, որ կը գեղեցկացնէ տեղւոյ բնութեան վիճակն: Ունի 20 տուն բնիկ եւ 2 տուն անբնիկ բնակիչ, առաջինքն, որ Հայ են, ունին Աստուածածին անուամբ մի նորաշէն եկեղեցի` կառուցեալ 1862 թուականին, տարիքոտ քահանայ մը, իսկ դպրոց նոր պիտի ծնանի, որով այժմեան կանտ ու կլուզ ճժիրն դպրոցական փրկարար կեանք տեսնելոյ բաղդին կ’արժանանան: Ժողովուրդն աղքատ եւ խաղալիք է տգիտութեան ձեռքը: Գիւղիս մէջ կը պահուի մի ձեռագիր Աւետարան հռչակաւոր մականուանեալ, եւ ժամանակ առ ժամանակ հանդիսով դուրս կը հանեն, երբ ուխտաւորք լինին յանուն իւր եկած: Ատիկիւզէլի Հիւսիսակողմն բլրոյ մը գլուխը մատուռ մի կայ, զոր տեղացիք “Ս. Սարգիս” կ’անուանեն, որոյ մերձակայ եւ տարակայ շրջապատը առատօրէն քաղեր (կեավան) կը բուսնին ամեն տարի, սակայն բնակիչք բնաւ չեն քաղեր զայնս, վասն զի աւանդութիւնն կըսէ, “ո՛վ որ Ս. Սարգսի քազեր վառէ, փուշ կը բուսնի նորա աչաց մէջ”: Գիւղս ունի արգաւանդ հողեր, որոց համար ՀՈՂԱԳՈՐԾ կը պակսի:
       ԿՈՃԵՐ. - Ունի 22-25 տուն Հայ, Աստուածածին եկեղեցի մը, իսկ քահանայ եւ դպրոց ունին ո՛չ կամ սրտի բացատրութեամբ “Աստուած տայ”: Տեղւոյս ժողովրդեան կրօնական պիտոյքն նախորդ գիւղի քահանայն կը հոգայ այցելութեամբ:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Կոճերէն մեկնելով իյնամք յուղի, հոգ չէ թէ ճանապարհն լինի փոքր ինչ կասկածոտ, բաւ է որ մենք ունենամք ինքնապաշտպանութեան ԲԱՑԱՐՁԱԿ իրաւունքն եւ ‘ի գործ դնելոյ յարմարագոյն միջոցները 3/4 ժամէն դիւրութեամբ կը հասնիմք հետեւեալ գիւղը:
       ԱՂՃԱՎԷՐԱՆ (ախչա վէրան). - Շինուած է մի լեռնային տեղւոյ մէջ եւ բնութեամբ հարուստ: Ունի 15 տուն Արամական եւ 1 տուն Մարական բնակիչ: Արամականք տէր են Ս. Ստեփաննոս կոչուած ողորմելի եկեղեցւոյն, որ ունի մի քահանայ մխիթարիչ ժողովրդեան. իսկ դպրոցի գալով` ո՛չ ունին եւ ո՛չ ունենալոյ լոյս մ’այցելած է իւրեանց սրտի բնակավայրը. միտքերնին ստրկացած եւ մեռած տգիտութեան տղմին մէջ: Երբեմն ԴՐԱՄ տուող եւ այժմ անկուտի գիւղէս 11/2 ժամ հեռաւոր դէպ ‘ի յԱրեւելահիւսիս կը գտնուի հետեւեալն:
       ԱՐՏԱՒԱԶ. - Մերձ է ՍԵՒ գետոյ աջակողման, 5-6 տնէ բաղկացեալ Հայ բնակիչ ունի, իսկ եկեղեցի, քահանայ, ժամ, պատարագ, դպրոց, վարժապետ, տիրացու եւ վերջապէս ԼՈՅՍ եւ ՅՈՅՍ “Աստուած տայ”: Նիւթական վիճակնին բաւական լաւ է:
       ԿՈՄՍ. - Նախորդէն գրեթէ 2 ժամ հեռու` ունի սիրուն տեսարան, այլ քիչ ծառաստան. բնակիչք 35 տուն Հայ, որք ունին եկեղեցի եւ դպրոց, որոյ ուսուցիչն է քահանայն. տեղւոյս բնակիչքն բաւական հետաքրքիր կը լինէին աշխարհիս հին եւ նոր ընթացքին կամ մեթոտին վերայ, գովելի է իւրեանց ուսումնասիրութիւնն:
       ՓԻՐ-ԿԱՐԻՊ. - Ունի 27 տուն Հայ բնակիչ, հին եկեղեցի մը եւ նմանօրինակ մտօք քահանայ մը եւ նոր դպրոց մը, ո՛ւր ո՛չ դասատու կայ եւ ո՛չ դասառու:
       ՍՈՍՐԱՏ. - Նախորդէն մեծ տարբերութիւն մը չունի: Այս կողմերը կը գտնուի հետեւեալ գիւղակներ, Բագնիս` բնակուած 15 տուն չէրքէզներէ: Զօրավար` ‘ի հնումն բնակուած Հայերէ, իսկ այժմ մի քանի տուն տաճիկներէ: Մէյտանճիւղ, որ ունի 11 տուն քուրդ բնակիչ` տարասեռ եկովիք, սիրով կը պահէ տակաւին 2 տուն բնիկ Հայ տուներ, որք չեն հակակրուած առաջիններէն: Վերոյիշեալ երեք գիւղերն` ինչպէս նաեւ հետեւեալ մի քանիքն կրնան գրեթէ Տոսպ գաւառի Թիմարայ Արեւելեան Հիւսիսային մասը կազմել եւ հետզհետէ ներքին Խօշապայ հետ ունեցած սահմանն:
       ՀԻՒՌԵԿ (հիւր ե՛կ). - Բնակուած 5-6 տուն հարուստ Քուրդերէ: Գիւղիս անցելոյն վերայ ո՛չ ասել կուզեմ եւ ո՛չ զրուցել…:
       ՍԱԹԻՊԷԿ. - Ասորի 8-10 տուն եւ լաւ նիւթապէս, որք ունին ինքնապաշտպանութեան ոգի:
       ԳԶԸԼ-ՊՈՒԼԱՔ (կարմիր աղբիւր). - Բնակուած 10 տուն Մարական թոռներէ, որք այլոց հետ ունեցած կենցաղավարութեան մէջ չունին խոհեմութիւն: Իրենք թէեւ լինին անաշխատ, այլ կ’ապրին երջանիկ եւ ապահով:
       ԵԱԼԿՈՒԶ ԱՂԱՃ. - “80 տուն համազգի բնակչօք մէկ դար յառաջ”. կանգուն են խաչաքարինք եւ գետնատարած այժմ քանիներ, որոց առընթեր կը բնակին մի քանի տուն տարազգիք:
       ՎԵՐԻ ԱՇՓՇԱՏ. - Մերձ Արճակու ծովակի Արեւմտակողմանն. ունի պատուական տեսարան, արգաւանդ հող, անուշահամ ջուր եւ ընտիր օդ: Բնակութեանց թիւն է 15, յորմէ 5 տուն հազիւ Հայ են, որք կը պատմէին լինիլ 20 տարի յառաջ եղած 50 տուն զուտ Հայոց վերջնական մնացորդն. իսկ մնացեալ 10 տուն Քուրդ են:
       ՎԱՐԻ ԱՇՓՇԱՏ. - Նախորդէն կէս ժամ տարակայ կը գտնուի եւ անոր ներկայ վիճակէն աւելի փայլուն վիճակ մը չունի. միայն թէ տեղւոյս Հայերն մօտ 20 տուն կը լինին եւ կը բնակին 30 տուն Քրդաց հետ ու տեղւոյ բնութեան կենսատու օդն կը շնչեն:
       Աստի մեկնելով ‘ի Ճերմուկ եւ յՕփիկ` տարազգիներէ բաղկացեալ գիւղեր, որք 10-ական տուն հազիւ բնակիչ ունին, որոց զբաղմունքն է երկրագործութիւն, որմէ աւելի խաշնարածութիւն` որ սոյն կողմերու քրդաբնակ գիւղօրէից հարստութեան մեծ աղբիւրն է, զոր պէտք է ըսել պարտական են ո՛չ թէ իւրեանց ճակտի քրտունքին, այլ պարգեւատու բնութեանն, յորմէ ամեն ոք դժբաղդաբար ազատ չէ օգուտ քաղել, թէպէտեւ ունենայ ապրելոյ եւ իւրայինքն ապրեցնելոյ բացարձակ եւ յերկնից նուիրագործեալ ԻՐԱՒՈՒՆՔ, զոր ես խղճիւս ճանաչելով կը մեկնիմ: Կօզլուճան եւ Չօպան-օղլու գիւղերն կը գտնուին Արճակու ծովու Հիւսիսակողմն 30-ական տնէ բաղկացեալ, վերջնոյն մէջ մեծ մասն Քուրդ է:
       Այս կողմերը տակաւին կան մի քանի մասնաւոր գիւղեր, որք չունին նշանակութեան արժանի բան մը, ուստի զայնս նշանակել աւելորդ կը համարիմ եւ կանցնիմ Թիմարայ Բ. գծին: