Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԳ. ՄԵՃԻՏԼՈՒԻ ԳԵՂՋԿՈՒՀԻՆ
       ‘Ի Մէճիտլու գիւղն տակաւին չ’ժամանած՝ ճանապարհին դէպ ‘ի մեզ կուգայր գիւղի պառաւ տանտիկիններէն մին, ոյր կ’ընկերանայր կորովի գեղջկուհի մը, սափորն ‘ի յուս, առաջինն կը թուէր լինիլ մեծ մայր վերջնոյն եւ երկուքն ալ գիւղէն չէին շատ հեռու ու երբ մեզ մօտեցան՝ ես չ’կրցայ շուտով ճանաչել այդ արարածներու կամ հողածիններու ազգութիւնն. վասն զի զգեստուց տարազն տարբերութիւն մը չէր դրած, որ չ’կարծէի զիրենք քրդուհի: Գեղջկուհին արդէն ճանապարհէն շեղած էր պատկառոտ եւ ամօթխած, աւելի իւր ողորմելի մերկութենէն քան թէ պատկառելոյ պարկեշտութենէն: Մեր աղքատ գեղջկուհին թէ լինէր Մարուհի ես տակաւին զայդ գիտեմ ոչ, միայն թէ բաց էին իւր ուսերն եւ սափորի չուանէն կապտագունած ու կաշի կտրած էր, որ անսովոր չէ մի բան Պօլսոյ ջրհանկրաց կարգին մէջ. իսկ պառաւ մամիկին գալով՝ սա ճանապարհէն դուրս չէր շեղած՝ միայն թէ ճերմակ, այլ շատ աղտոտ լաչակաւ մը իւր բերանն կը ծածկէր մինչեւ գթի վերնամաշկն, կամ աչքերու լճի ափունքը, ո՛ւր գարուն չէր տիրեր: Պառաւն չ’ունէր ոչ մի բեռ յիւր կռնակն, այլ նա արձակ էր ու համարձակ եւ տեսաւ խումբ մը վառեակներ. հոս է ահա հետաքրքիր մի տեսարան թէ այդ գերեզմանի մերձաւորն ո՛րպիսի արագութեամբ եւ վարպետութեամբ բռնեց զվառեակն ուխտաւոր: Նախ գոգնոց շարժելով ընտանի ձայնիւ մը ձիւ ձիւ կանչեց, վառեակներն ամենքն մէկէն, իւրեանց սովորութեան համաձայն, շատ մօտիկ եկան, հաւքուեցան շրջապատը մեր մամկին, որ անմիջապէս հանեց գրպանէն ափ մը գարի եւ անոնց նետեց. վառեակներն մինչ գլխիկոր գարին կը քաղէին (գետնէն կ’առնէին) անոնց միոյն պոչէն յանկարծակի բռնեց եւ անմիջապէս ‘ի գիւղ վերադարձաւ, զոր հեռուանց կը դիտէի տեսնելոյ համար խեղճ վառեակի վերջի վախճանն: Հայուհի օրիորդն արդէն անուշ ջուր բերելոյ գնացած եւ վերադառնալոյ թերեւս մօտ լինէր:
       Գիւղիս առընթեր տեսի մի այլ աղբիւր, յորմէ բազում կանայք եւ աղջկունք ջուր կը տանէին: Քզիրն գիւղի հիւրընկալն զմեզ հիւրընկալեց մի հինաւուրց տունը, ու քիչ մ’ետք երեւցաւ մեր պառաւն, որ վառեակն ճարտարօրէն բռնած էր, մինչ այս մինչ այն տեսնուեցաւ նաեւ օրիորդն, յայնժամ գիտացի թէ երկուքն եւս մեր հիւրընկալ յարկին կը վերաբերէին, որոյ տանտիկինն էր պառաւն, ոյր թոռնիկն էր պարկեշտափայլ օրիորդն. արդէն ջուրն եւ գիւղի աղբիւրն միտքէս չէին ելած, քովս նստողին ազդ ըրի՝ որ հարցուց տան մեծ մօր թէ “ահա գիւղի մէջ մաքուր աղբիւր, աղջիկդ (թոռնիկն) է՞ր հեռու խրկած ես ջուր բերել” նա բարձրաձայն առ այս տուաւ պատասխանն “հիւր ունիմ լեզու չ’հասկցող, որդի՛ս, աւելի անուշ ջուր կուզէ, որ հուր չ’կտրի գլխիս եւ այս վառեկն (վառեակ), որ իւր ցորեկի ճաշն է, ծախած եմ իւրան (իւրեան) 20 փարայի, էն էլ թէ կուտայ թէ չիտար Աստուած գիտէ”:
       Այս պահուս գեղջկուհի օրիորդն սափորն լեցուցած՝ վերադարձաւ յիւր տնակն, պաղ ջուր տալ իրիկուան հիւրեկին, որ տան մի անկիւնը թոթռոշացած՝ (հպարտօրէն բազմած) կը ժպտէր ջրաբերին եւ գոհ կը լինէր:
       Սոյն յարկն, որպէս վերեւ ասացի, հիւրասիրեց եւ զիս կարապետիս հետ մէկ ժամէն աւելի եւ ոչ պակաս. ուստի շնորհակալութիւն տանուտեառն եւ պառաւ տանտիկնոջ, գոհութիւն իւրեանց հացալից սեղանին եւ կրկին շնորհակալութիւն մեր մամիկին, որ մորթուած վառեակէն չ’մոռցաւ մեզ եւս արդար բաժին մը հանել: Ճշմարիտն խօսելով այս պահուս իմ ախորժակն գոցուած էր եւ կարապետիս բացուած, որ կշտանալ չ’գիտէր եւ իրաւունք ունէր, զի հետիոտ էր. իսկ իմ կրած փոփոխութիւնն դարձեալ գաղտնիք մի էր բնականէն ներշնչեալ, որով հացի սեղանէն ետ քաշուեցայ եւ նստայ լուռ ու մտահոգ. սակայն նորէն քաջ ճանաչեցի, որ ջրաբեր գեղջկուհին այս դարաւոր եւ հիւրընկալ տան ՆԱԶԼՈՒՆ էր, որ մոմի նման կը վառուէր (ամեն հրամանի պատրաստ գտնուիլ) տան հին հիւրին հանդէպ, որ նորեկ լինելով գիշեր մի եւս կենալոյ վրայ էր: Օրն մեզ համար տարաժամ է, մենք խօսիմք նոյնպէս գիւղիս վերայ եւ մեկնեմք անյապաղ:
       Մէճիտլուն, որ Կոփէն 11/2 ժամ հեռու է, ունի 85 տուն Հայ բնակիչ, յորս մի քանի տուն քուրդ են: Հայք ունին մի աննշան եկեղեցի եւ տգիտութեամբ նշանաւոր երկու իրարու հետ անհաշտ քահանայ, որք ժողովրդեան կը կարապետեն, այլ ես չ’գիտեմ ‘ի չա՞րն թէ ‘ի բարին, ոյր վերայ չ’համոզուեցայ թէ գաղափար ունեցած լինին. իսկ դպրոց կամ աղէկ է ըսել իւրեանց կոյր մտաց լուսատու ճրագն մարած էր: Գիւղիս յԱրեւմտակողմն Ս. Յովհաննէս անուամբ սրբիկ մի կայ, ոյր վերայ մեծ լոյս դնելն, առանց գրել եւ կարդալոյ, չ’գիտեմ յիմարութի՞ւն է թէ իմաստութիւն է:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Մէճիտլուէն ելնելով ուղինիս դարձնեմք յԱրեւմուտս, կ’անցնիմք Կոփայ քովէն եւ Արեւմտեան հարաւային ուղղութեամբ 11/4 ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ գիւղը:
       ԵՕՆՃԱԼՈՒ. - Գիւղս ունի 150 տուն Հայ, յորս 6-7 տուն բողոքական հայ կը գտնուի, առիթներէ օգուտ քաղելոյ հետամուտ: Ունին եկեղեցի եւ քահանայ, իսկ դպրոցին գալով՝ յիրաւի բաւական յարմար շէնք մը պատրաստ տեսայ, բայց չ’մոռնամ ըսել որ փակեալ էր, եւ շատ քիչ անգամ կը բացուէր, որպէս Ուղեւորիս պատմեցին, եւ ո՞ւմ հոգ թէ 60 էն աւելի մանկանց ապագայն եւս նման օրինակ փոփոխութիւնք կրելոյ ենթակայ կամ խաղալիք կը լինի, այսինքն քիչ անգամ կը բացուի եւ շա՜տ անգամ կը գոցուին:
       Եօնճալուն օրինաւոր նախակրթարանի մը պէտք ունի, որպէս սովեալն հացի. մխիթարութիւն է ըսել որ նիւթական վիճակնին լաւ է, բայց չեմք կրնար չ’ցաւիլ երբ զգացմամբ առ հասարակ աղքատ կացութիւն մի ունին:
       Սոյն գիւղն թէպէտեւ ծառաստան չէ. սակայն ունի գեղեցիկ տեսարան. իրեն առջեւէն կ’ընթանայ Եփրատէսի օժանդակն կամ մեր յիշած Մուրատ գետն, զոր իրենք “Սեւ” գետ կ’անուանեն, որոյ պայծառ ջուրն շատ տեղեր հանդարտօրէն կ’ընթանայ, եւ երբ գիւղիս քով կը հասնի, պղտոր գոյն մը կ’առնու, ճիշդ նման տեղւոյ բնակչաց մտքերուն եւ սիրտերուն:
       ՇԵՐ-ՎԱՆ-ՇԵԽ. - Ունի 100 տուն, մի եկեղեցի եւ վարժարանի կոկիկ շէնք մը, դասատու մը պարզ, այլ օգտակար լինելոյ ճգաթափ: 40-50 ուսանող եւ երկու քահանայ բարի յատկութեամբք օժտեալ: Գիւղս ունի լաւ տեսարան, այլ անծառաստան, եւ բլրային լինելով՝ տեղւոյս օդն շարունակ կռուոյ մէջ է եւ այս պատճառաւ ուղեւորներն շատ անգամ պարտաւորեալ են աչքգոց քայլել կամ յայս գիւղ չ’մտնել. աւելորդ իսկ է ասել թէ բնակիչքն վարժ լինելով՝ համբերող են բնութեան այդ անհանդարտ վիճակին, որուն դէմ բողոք բառնալն հարկ եւ ուղեւորիս իրաւունքն էր. բայց բնութենէն մեծ դատաւոր մ’ո՞ւր կարող էի տեսնել եւ մարմնաւոր աչօք ի՞նչպէս հնար՝ երբ Աստուածախօս Մովսէսի Սինայ լերան վերայ ունեցած զարհուրանքն մեր աչքին կամ մտքին առջեւն է:
       Աստ մի հարիւրապետ 100 այրուձիով կը բնակի, ‘ի բարեկարգութիւն այս կողմերու, եւ ստուգիւ խօսելով՝ շատ աչալուրջ են յամենայնի:
       Գիւղիս նահապետական տուներէն առաջինն է Ղազար աղայի տուն, ո՛ւր 13 այլակրօն հիւրերու եւ կարապետիս հետ ցորեկուան ճաշերնիս ըրած՝ մեկնեցանք հետեւեալ գիւղը, որ նախորդի յԱրեւմտեան Հարաւն է եւ անկէ կէս ժամու չափ հազիւ հեռաւոր:
       ՀԱՄԶԱ-ՇԵԽ. - Գիւղս նախորդի նման ընդարձակ զառիվայրի վերայ կը գտնուի, լայնատարած նստուածքով. ունի 150 տուն Հայ բնակիչ, եկեղեցի, քահանայ եւ դպրոց, ուրախ եմ ըսել որ տեղւոյն բնակիչներն ալ Շերվանշեխցւոց պէս կարդալ ու գրել կը սիրեն. դասատու մի ունին, որ լաւ կը գոհացնէ ուսանողաց միտքերն, միայն թէ անբաւական է 50-60 մանուկներ նայելոյ. ուսանողաց թուոյն 2/3 մասն կը պակսի ամառ եղանակին:
       Աստ կը գտնուին նշանաւոր ձիավարժութիւն ունեցող մի քանի Հայեր, յորս տեսի 90 տարեկան ճերմկած ծերունի մը, հասակաւ պարթեւական եւ սրտիւք ազնուական, որուն հետ տեսնուելուս ատեն իւր այդ տարեւորութեան մէջ ունեցած առողջ եւ զօրաւոր կազմութեան վերայ շատ ուրախ կը լինէր:
       ***
       Նախորդ գիւղէն ելնելով շարունակեմք ուղինիս դէպ ‘ի Հարաւ եւ երկու ժամէն կարող եմք հասնիլ հետեւեալ տեղին:
       ԵՕԹՆՋՈՒՐ. - Սոյն գիւղն կը բաղկանայ 105 բնակութիւններէ. ժողովուրդը մեծագոյն մասամբ բարւոք նիւթականի տէր է. ունին Ս. ԹՈՒԽ ՄԱՆՈՒԿ անուամբ մի եկեղեցի, շինուած կոփածոյ սեւ եւ գեղեցիկ քարերէ, միայն թէ առաստաղն ցածր է իւր ընդարձակութեան նայելով եւ այս անշուշտ 60-70 տարի յառաջ, շինող ճարտարապետի ճաշակն է: Ունին երկու քահանայ՝ բաւական սիրողք իմաստութեան. նոյնպէս նախակրթարան մը 40 հատ աշխոյժ պատանիներով, դպրոցական կանոնաւոր շէնք կը պակսի, դասատուն աշխատասէր եւ տոկուն մի անձ է: Նախակրթարանիս յատուկ խնամք կը տանին Արժ. Տ. Տաճատ քահանայն եւ գիւղապետ Հայրապետ աղայն՝ որ ազնիւ՝ եւ հեզ բնաւորութեան տէր է, իմ շնորհակալութիւնն իւրեան կը յայտնեմ այն հիւրասիրութեան համար, զոր Տեղագիր-Ուղեւորիս ցոյց տուած է իւր նահապետական յարկին տակ, ո՛ւր ամեն ատեն արտաքին հիւրեր անպակաս են. ինքն է եկեղեցասէր եւ միանգամայն ուսումնասէր:
       Գիւղիս հեռաւոր սահմանները կան բաւական թուով բլուրներ, յորս նշանակելի է Չորտաղի կոչուածն, ոյր վերայ աւերեալ պանդոկ մի կայ, եւ որոյ պարսպաց կանոնաւոր քարինքն, շատ անգամ, այլ եւ այլ տեղերէ կը գան ու կը տանին շինութեանց համար: Յիշեալ բլրոյ գլուխը կը տեսնուի կիսակործան եկեղեցի մը, գրեթէ 20 քառակուսի մեթր ընդարձակութեամբ, որոյ խորանն համեմատապէս մեծ է. սոյն աւերակի նկատմամբ ականատեսք կը պատմեն թէ “1880 թուականին նոյն խորանի տակէն փոքրիկ ոսկի խաչ մը գտնուեցաւ քրդու մը ձեռամբ, որմէ Հայերն ծախու առին”:
       Եօթնջրոյ Հիւսիսական սահմանին վերայ կայ մի այլ աւերակ աննշան, ո՛ւր մի քանի խաչաքարինք տեսանելի են: Գիւղս իւր անունն առած է Հարաւային Արեւելակողմ գտնուած եօթն աղբիւրներէն, յորոց մին “սուրբ” կ’անուանեն, որոյ մէջ ջերմ եւ ուրիշ հիւանդութիւնք ունեցողներն կը լուացուին “յառողջութիւն եւ ‘ի բժշկութիւն”:
       Տեղէս յԱրեւմտահարաւ մեկնելով 3/4 ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ գիւղն:
       ԹԵՂՈՒՏ. - Ունի 80-90 տուն բնակիչ, որք ունին եկեղեցի, քահանայ եւ բաւական խնամեալ նախակրթարան մը, որոյ շէնքն խիստ անյարմար է թէեւ դասատուն լինի յարմարագոյն. տեղւոյս ժողովուրդն եկեղեցասիրութեան հետ ունի նաեւ ուսումնասիրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:
       Թեղուտայ մէջ նշանաւոր է Մանուկ աղան՝ իշխան եւ մեծ իւր գիւղին. ինքն է բարձրահասակ եւ պարթեւադէմ, ունի նահապետական տունք եւ տեղիք, բարելից եւ հացալից սեղան. դուռն բաց է ամեն ճանապարհորդաց համար անխտիր ու թոնիրն վառ եւ տանտիկին միշտ պատրաստ ‘ի թխել “զհացն փրկարար” որպէս կ’անուանեն:
       Մանուկ աղան պարզ գրել կարդալ մը հազիւ գիտէ, այլ ունի բնականէն դիւանագիտական հանճար եւ ընտանեկան մեծ դիրք մը: Այս անձն գիտես թէ, ծնած է աշխարհիս մակերեւոյթի կամ մարդկային խնդիրներն յուզելոյ, նման Սելովմայ աւազանին, որոյ մէջ ժամանակին անդամալոյծք կը բժշկուէին. առ այս իւրեան քանիցս կրկնեցի թէ Երկրագունդն Նախախնամութեան սահմանադրութեամբ, ինչպէս միշտ կը դառնայ, այսպէս ալ աշխարհի գործերն մարդկային օրինօք յաւէտ փոփոխութեանց ենթակայ են եւ թէ դաստիարակութեան ԶՕՐՆ մի օր պիտի հաւասարցնէ ընկերական անհաւասարութիւնքն եւ երջանկացնէ զմարդիկ:
       Այս վայրկենիս մի ալեխառն ծերունի՝ որ կը թուէր լինել քահանայացու, հետեւեալ խօսքերն ըրաւ “ա՛յ Ստամպօլցի, կուշտն ի՛նչ գիտէ անօթիին հալը, դուք նստած էք մեր Օսմանցի թագաւորի քաղաքը ոչ տէրտ ունիք, ոչ պէլա, մեր սրտի ցաւերն եթէ դէզ անենք պէլքի Երկնից ամպերուն կը հասնի”: Ես թէեւ զինքն անմխիթար չ’ձգեցի, սակայն ստոյգ էր որ իւր կեանքումն մեծամեծ վիշտեր կրած ունէր, որոց բորբոքումն զինքն կը մղէր այդ օրինակ խօսքեր արտաբերելոյ: Իմ վերջի մնաս բարեւի պահուն իւր չորացեալ ձեռքը բռնած՝ զինքն մխիթարեցի ասելով թէ՝ կենաց դժբաղդութեանց վերայ կատարեալ յաղթանակ տանելոյ համար ՀԱՒԱՏՔ, ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ եւ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ունենալը անհրաժեշտ պայմանն է, եւ թէ աշխարհիս մէջ ե՞րբ տեսար դու զվարդ առանց փուշի եւ դարձեալ ՎԱՐԴՆ ունենալոյ համար փուշէն վախնալ պէտք չէ: Այս խօսքիս վերայ ծերուկն ժպտելով ես գոհ եղայ եւ նպատակիս հասած՝ մեկնեցայ:
       Թեղուտէն՝ այն է Վերին Պուլանըխայ Արեւմտեան սահմանի գիւղէն ելնելով շարունակեմք մեր ընթացքը դէպ ‘ի Հարաւ եւ 3/4 ժամէն կը հասնիմք տրպէ-զիրօ (զիրոյի գերեզման) ըսուած տեղը… ուրկէ կը մտնեմք ‘ի Ներքին Պուլանըխ: