Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԷ. ԽՆՈՒՍ
       Սոյն գաւառն երկայն եւ լայնատարած լեռնահովիտ մի կարելի է համարիլ եւ իւր բնական դիրքն յԱրեւելէն յԱրեւմուտ երկայնութեամբ, տարածուած նման գրեթէ Վասպուրականի Հայոց Ձոր գաւառին: Իւր երկայնութիւնն է 8-9 ժամ եւ լայնութիւնն 1-11/2:
       Խնուսայ սահմանն է Արեւելէն Խրիմխայէ կոչուած մասնաւոր լեառն, որոյ ծայրի միջավայրը կայ կիւզէլ պապա (Խօշապայ Կասր գիւղին մէջ եւս կայ սոյն անուամբ յարգելի տեղ մը, ոյր վերայ Տեղագրութեանս Բ. մասին մէջ խօսուած է) անուան “ճգնաւորի մը գերեզման”, որոյ առընթեր կան մի քանի ուռենիք եւ մի աղբերակ պատուական ջրով: Կիւզէլ պապան ուխտատեղի է թէ՛ Հայոց եւ թէ՛ Քրդաց. առաջինքն աստ կը դիմեն Վարագայ Խաչի տօնին: Այս անծանոթ գերեզմանին համար Հայք կը պնդեն թէ “մերն է”, եւ Քրդերն կը վճռեն թէ “մերն է”. եւ վերջինքն իրաւունք յառաջ կը բերեն ասելով թէ “մենք շատ անգամ յանուն նորա կ’երդնումք, որպէս երբեմն կ’երդնուին մեր պապերն նորա գլխոյն վերայ”: Ստուգիւ խօսելով, այս տեղին ո՛ւմ կը պատկանի՝ վաւերական ապացոյց մի չ’կայ. սակայն ինձ գալով՝ թէ՛ առաջնոյն լինի եւ թէ վերջնոյն, անօգուտ է այդ մեռեալ ապրանաց վերայ խօսիլ եւ վիճել այդ չափ:
       Արեւմուտէն Բիւրակեան լերինք (պին կէօլ), որոյ գրեթէ Արեւելեան ստորոտը կը գտնուի Խնուսայ բերդաքաղաք, ոյր վերայ ‘ի կարգին կը խօսուի: Բիւրակեան լեռներէն կը բղխի Խնուսայ գետն, որ գաւառի Արեւմուտէն սկսեալ կը գնայ դէպ ‘ի յԱրեւելս եւ 11 ժամու չափ ճանապարհորդելէն յետոյ կը հասնի ‘ի Վերին Պուլանըխ, ո՛ւր Թեղուտ կոչուած գիւղի Արեւմտեան սահմանին վերայ կը միանայ Արածանիի Արեւելեան զօրաւոր ճիւղին հետ: Սոյն գետը Խնուս գաւառի մէջ իւր ունեցած ոլորապտոյտ ուղղութեան պատճառաւն է թերեւս, որ տեղացիք զայն կօպալ (ծուռ, անուղիղ) կ’անուանեն: Հարաւէն Խամուր (Ղամեքայ բերդ) ըսուած ձիւնապատ լեառն իւր գօտիովն, որ կը ձգուի Արեւելէն յԱրեւմտահարաւ. Հիւսիսէն Սպիտակ լեառն, որ Բիւրակեան լերանց մէկ բազուկն կը համարուի՝ Արեւմտեան Հիւսիսակողմէն:
       ***
       Խնուսն օդով, ջրով եւ հողով արգասաբեր եւ պատուական մի գաւառ է, որ յառաջ կը բերէ առատօրէն ցորեան, արմտեաց մէջ, եւ կորնկան այլ խոտերու մէջ, ըստ որում խոտ քաղելոյ համար ոստին տեղեր կը պակսին: Արտօրայքն կ’ոռոգուին աւելի գաւառիս մասնաւոր ջրերէն քան թէ յիշեալ գետէն, զոր եթէ յաջողին արհեստական հնարիւք արտօրէից վերայ հանել, գաւառս կը լինի մի ԴՐԱԽՏԱՎԱՅՐ, որ արդէն ամբողջապէս Հայ տարրերէ կը բաղկանայ. Քուրդերն ունին գաւառին շրջապատը:
       ***
       Խնուս գաւառն 24-25 Հայ գիւղերէ կը բաղկանայ մեր գծած սահմանովն. կան բաւական թուով Քրդաց գիւղակներ ալ, որք ընդհանրապէս 2-3-4-5 բնակութիւններէ կազմուած են, իւրեանց ամենէն բազմամարդ գիւղն հազիւ 20-25 տուն կը պարունակէ: Խնդիր է այժմ թէ ի՛նչ է պատճառն, որ Քուրդերն 1-2 տնով գիւղ մը կարող են հաստատել, իսկ Հայք 20 տնով չեն համարձակիր տեղ մը գնալ եւ նոր գիւղ մը կազմել:
       ***
       Գաւառիս Հայոց 24-25 գիւղերն 1350 տուն կը պարունակեն, 15500 բնակչօք: Գիւղերու գլխաւորներն իւրեանց աշխարհագրական դիրքովն նկարագրելէս եւ տեղագրելէս յետոյ մնացեալներու դիրքերն եւ աշխարհագրական ուղղութիւնքն աւելորդ կը համարիմ մի առ մի նշանակել, մանաւանդ երբ զգալի տարբերութիւն չ’տեսնուի իրենց մէջ եւ գիւղն չ’լինի ականաւոր: