Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԳ. ՀՈՎԻՒ ԵՒ ՀՕՏ
       Հայոց ոչխարներն կսկսին ‘ի դաշտս եւ ‘ի լերինս յաճախիլ, վասն զի ձիւներն երթալով ցամաք երկիրն արդէն կերեւի եւ ոչխարքն նախորդ տարիէն մնացած չոր խոտերու ծայրերովն գարնան սկիզբի ամիսներու մէջ կրնան կշտանալ, արեգակնային տեղերն, զոր “պառոժ” կ’անուանեն, բաւական խոտի ծայր ունին դուրս տուած կամ ծլեցուցած, որով կրնան ոչխարաց նոր խոտի նուպարն (առաջի ճաշակն) տալ: Ոչխարներն կսկսին ծնանիլ, (մարտի սկիզբէն ց’վերջ մայիսի) գիւղօրէից վերայ առ հասարակ ուրախութիւն եւ հրճուանք կը տիրեն, հովիւք կը ժպտին եւ ոչխարքն ծնեալ գառանց հետ ‘ի միասին կը ճարակեն. վասն զի այս ատենուան (մարտի սկիզբէն ց’ապրիլի կէս) ոչխարին տուած կաթն միայն զիւր գառնուկն հազիւ կարող է սնուցանել եւ արդէն գառնուկն առատ կաթով սնանելոյ պէտք ունի բաւական օրեր:
       Մեր հովիւն կապանակը (երկայն վերարկու կամ փարտըսիւ թաղիքէ շինուած եւ թանձր, որով ձմեռուան ցուրտէն կը պահպանուի) հագած՝ կը հսկէ հօտին վերայ թէ՛ ‘ի մակաղատեղւոջ, թէ՛ ‘ի լերինս եւ թէ՛ ‘ի դաշտս, զի մի գուցէ գայլի մը կերակուր փախցունէ եւ կամ ոչխարի մը ծնանելոյ ատենը, դիպուածով մը, գառնուկն մեռանի, որ անձնանուէր հովուոյն համար մահ է, վերջապէս հովիւն կը հսկէ եւ ՍԻՐՈՎ կը հսկէ:
       ***
       Երբ ոչխարք գոմէն դուրս հանել ուզուի հովիւն կ’առնու իւր հովուական գաւազան ‘ի ձեռին, հացալից մախաղն կը կապէ կռնկին, գոմի դուռն բանալով շրթանց եւ ձայնի այլ եւ այլ նշաններ կը տայ ոչխարաց, որոնք անմիջապէս ոտքի կ’ելնեն եւ շուներն եւս կ’սկսին գլխով մշտկել կամ զարնել ծոյլ ոչխարաց կռնկին եւ դմակին (գույրուք) եւ այսպէս բոլոր ոչխարներն դուրս հանելով հովուոյն բոլորտիքը շրջապատել տալէն յետոյ, նորէն շներն գոմէն դուրս կելնեն. հովիւն հօտին առջեւն ընկած՝ կը դիմէ դէպ ‘ի սարեր վերստին յարաբերութեան մէջ մտնել Աստուծոյ եւ Բնութեան հետ. այս պահուս տիրասէր եւ հաւատարիմ գամփռերէն ոմանք հովուոյն շուրջը կը պատեն ‘ի ճանապարհի շարունակութեան, ոմանք ոչխարաց մէջ կը քայլին եւ ոմանք եւս հօտին ետեւէն ընկնելով դանդաղաքայլ ոչխարներն կամ խումբէն հեռու մնացածներն կը քշեն, իբրեւ թէ սիւրիւճի եղած ըլլային:
       Երկու կամ երեք հովիւ հազարաւոր ոչխարներ կարող են աներկիւղ առաջնորդել Երկրի ամենէն ամայի տեղերը, յորս մահկանացուն առիւծասիրտ իսկ լինի դարձեալ իւր մասնաւոր երկիւղի տագնապն կրնայ ունենալ, եթէ ոչ ‘ի մարդկանէ, գոնէ ‘ի բնութենէ. այս բանի գաղտնիքն ոչխարաց հետ երթացող 6-10 շանց հաւատարմութեան եւ երախտագիտութեան մէջ փնռտելու է. այս օրինակ շուներն գայլխեղդ (գայլ խեղդող) կ’անուանին, որոց վերայ հովիւն արդէն կատարելապէս վստահ է եւ ոչ ոք կարող է ոչխարին ձեռք դպցունել բացի հովիւէն: Եթէ ‘ի հեռուստ մի գայլ երեւի կամ մի անծանօթ մարդ, հովիւն իսկոյն սուլելով նշան կտայ իւր գամփռերուն, որք կը պատրաստուին եկողին դիմադրելոյ կամ նորա վրայ յարձակելոյ, որ դարձեալ առանց հովուոյն նշանտուութեան չէ: Հօտապահ շներն, որոց համար յատուկ ոչխարաց կաթ կայ սահմանեալ, փայտէ, սուրէ, հրացանէ բնաւ գլուխ չեն ծռեր, այնպէս որ երբեմն մարդս կը զարմանայ: