Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԷ. ԿԱԼ ԵՒ ԿՈՒԹ
       Երբ հունձքերն դաշտերէն կը բերուին, յայնժամ Կառավարութենէն գիւղի տասանորդ առնողն թէ՛ Մահմետական լինի այն եւ թէ՛ Հայ կը գայ ‘ի գիւղն, ուր ամենէն պատուաւոր բնակավայրն իրեն համար պատրաստուած է. սոյն պաշտօնեայն “Շահնա” կը կոչուի, ում համար այսուհետեւ հաւն ու հաւկիթ, ձուազեղն եւ մածուն, սերն եւ կարագ առատ են. գիւղի այդ աղան շարայի որկորն իսկ ունենայ, դարձեալ շիրակայ ամբարք չեն պակսիր, նա ամենուն կը հրամայէ, ամեն բանի կարողն է եւ ամեն ժողովներու նախագահն, որ ունի իւր իրաւասութեան ներքեւ 2-3 ստորադաս մարդիկ, որոնք խոտերու խուրձեր կը համրեն, կալերու ցորեաններն կը չափեն եւ այլ գործեր կը տեսնեն վերաբերութեամբ տասանորդական տրոց:
       Դաշտերն, շատ արտերու հետ, արդէն սկսած են չորանալ, բնութիւնն օր ըստ օրէ մի տխուր պատկեր կզգենու եւ իւր բազմատեսակ զարդերէն կը մերկանայ, ծաղիկներն թափած են եւ շատերու կոկոններն գոցուած, որք այլ եւս չ’կամին հոտ ներշնչել մարդոց, յորոց բազումք մարդկային եւ միանգամայն Աստուածային օրինաց հակառակ կ վարուին, որպէս յաճախ կը տեսնուի մեր Հայաբնակ գաւառաց գիւղական մասի տարեկան կենաց շրջանին մէջ:
       Հովիւներն զոչխարս կը խուզեն եւ տակաւին գիւղացւոյն գիշեր ու ցորեկ յայտնի չեն:
       Արտերէն որայքն արդէն ‘ի կալատեղն եկած են եւ տակաւին կըգան. գործածելի անասուններն են եզ, կով, ձի եւ ոմանք էշ. իրենց գործիքներն են “կամ” եւ “ճառճառ”. առաջինն 2 կանգուն երկայնութեամբ, մէկ կանգուն լայնութեամբ եւ 3-4 մատ թանձրութեամբ փայտ մի է, որոյ գլուխն ծռուած է դէպ ‘ի վեր, սորա տակի երեսն կայծ քարերով շարուած է, եւ վրայի երեսը մարդ մը կը կենայ, թէ՛ ծանրութիւն պատճառելոյ եւ թէ՛ լծան երկու եզներն կառավարելոյ համար. երկրորդն զոր մեծ քանակութեամբ հունձք ունեցողներն միայն կը գործածեն, կը բաղկանայ 11/2 կանգուն երկայնութիւն եւ 1 թիզ տրամագիծ ունեցող 2 փայտեայ գլաններէ, որոց վերայ, զանազան ուղղութեամբ ուրաքի նման կտրող (բայց քիչ սուր) երկաթներ կան հաստատուած, գլաններն կը դառնան երկու կողմերէն յարմարցուած փայտերու մէջ, որոնց վերայ մի մարդ կը նստի, դարձեալ թէ՛ ծանրութեան եւ թէ՛ միանգամայն զգործիս քաշող ձիերն կառավարելոյ:
       Ճառճառն, որ շատ գործ կը տեսնայ, աւելի յարդ կը պատրաստէ քան թէ ցորեան: Մեր գիւղացիներն մի լաւ սովորութիւն ունին, որ վերոյիշեալ 2 գործիքներու առջեւը, շարք մը տուարներ մէկ գծի վրայ քովէ քով կապած՝ կը քալեցնեն, որոց ոտքի տակը կը մանրուին հասկերն, որոնցմէ ցորեանի հատիկներն դուրս կուգան. կալատեղին շրջան ընող անասնոց սոյն շարքն “կալատիզ” կանուանեն Վասպուրականի գիւղացիք, եւ Մշեցիք “կոռի”:
       Կալերն յառաջ կերթան, հովերն պարբերաբար կը փչեն, որով ցորեան յարդէն կը զատեն, շեղջերն կը բարձրանան եւ խեղճ գիւղացին դարձեալ ուրախութիւն ու տրտմութիւն խառնօրէն կզգայ յինքեան, ուրախութիւն՝ զի կը տեսնէ իւր աչաց հանդէպ չարաչար աշխատանաց եւ դառն քրտանց արդիւնք եղող կարմրուկ ցորեաններն, յորոց շատ սիրայօժար կը տայ “զԿայսերն Կայսեր եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ”. նա վեհ սրտով տակաւին կը տայ վանուց վարդապետին, կըտայ գիւղի քահանային, կըտայ վարժապետին (եթէ ունին) կըտայ ոչխարարած եւ գառնարած հովիւներուն, կըտայ մշակին եւ խոտաղին կըտայ անդիարածին, կը տայ քզիրին, կըտայ պահպանին (Խօռուճի). այդ գիւղացին տակաւին բաժին կը հանէ իրմէն աւելի աղքատաց եւ բաժին կը հանէ քնչուին, որ կեցած է կալին առընթեր չափելոյ պահուն: Գիւղացին իւր ցորենի բաժանումն տակաւին կը շարունակէ եւ այս անգամին մի այլ շեղջէ կըտայ չէրչուն, կըտայ խանութպանին, որմէ ապրանք առած է, զոր “փարթալ” կանուանեն այսպէս կը լեցնեն քաղաքացւոց բեռները եւ ահա ցորեաններու շեղջերն աներեւոյթ եղած են: Այս ատեն արդարեւ յուսահատ կերպարանք մի կ’զգենու մեր գիւղացին, որ վիզ ծռած՝ եւ գլխիկոր յիւր տնակն կը վերադառնայ կողակցին գուժ տալ թէ “կի՛ն էլ ցորէն չ’մնաց կալատեղ, զմէն գնաց, Աստուած թո՛ղ նորէն տայ, նորէն ուրախանանք, ողջ մնան մեր եզներն եւ մեր բազուկներն”:
       Հուսկ ուրեմն կալի տկուցք, զոր “խզուղ” կ’անուանեն, կրկին եւ կրկին կը ծեծեն եւ վրան կալ ընելով մնացած ողորմելի ցորեաններն կը հանեն, որով կը պատրաստեն իրենց տան պարէնն, որ շատ անգամ չ’բաւելով փոխառութիւն կ’ընեն տարեկանի (չաւտար) եւ մանաւանդ գարիի, մինչեւ յաջորդ տարուան կալ ու կութի ժամանակն. սոյն օրինակ փոխառութիւնն “սալաֆ” կ’անուանեն: Այսպէս գործերնին շարունակելով կ’աւարտեն կալերն մինչեւ աշնան առաջի ամսուան 15-ին որմէ ետք ձմեռն օր ըստ օրէ զգալի լինելոյ վերայ կը գտնուի: