Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Ժ . ՏՈՒՐՈՒԲԵՐԱՆ
       Տուրուբերան նահանգի սոյն կարեւոր գաւառի (ՄՇՈՅ ) բուն սահմանն (ինչպէս ուրիշ մի քանիներուն ) մեր նախնի աշխարհագիրներէն որոշուած չէր ճշդապէս, թէպէտեւ կը յայտնեն թէ ամենէն ընդարձակ գաւառն եղած է յիշեալ Նահանգին, սակայն չ՚գիտցուիր թէ որչափ կը տարածուէր ՚ի հնումն, որպէս զի ներկայիս մէջ հասկցուէր թէ ց՚արդ ի՛նչ փոփոխութիւն կրած է այդ երկիր իւր քաղաքական բաժանումներովը։
       Այժմ սովորաբար Մշոյ դաշտօրէից ամբողջութիւնն կը կազմէ զՏարօն գաւառն, որոյ անուան համար կը պատմուի թէ Նոյան Տարբան որդւոյն անունէն ծագումն առած լինի, իբրեւ թէ նա հօրմէն բաժնուած՝ կ՚առնու իւր բազմաթիւ մանչ եւ աղջիկ զաւակներն ու թոռները կը գայ յայս կողմն Եփրատայ մէկ ճիւղին վերայ կը հաստատէ զիւր բնակութիւնն եւ իւր բնակած տեղին անուանեց ՏԱՐՕՆ, որ յետոյ ընդհանրանալով գաւառն եւս կոչուեցաւ նոյն անուամբ։
       Սոյն գաւառն ՚ի հնումն Սլկունեաց ցեղի կալուածն էր, որ ետքէն ինչ ինչ դէպքերով Մամգուն Մամիկոնեան տոհմի նահապետն Տրդատայ հրամանագրովն Սլկունեաց ձեռքէն առաւ։
       Ներկայիս մէջ Տարօն գաւառի մօտաւորապէս սահմանն կը համարին արեւելքէն՝ Նեբրովթ եւ Գրգուռ, Արեւմուտքէն՝ Քարքէ, Հարաւէն՝ Տօրոս եւ Հիւսիսէն՝ Քօսուր կոչուած լերինքն։ Սոյն շրջապատի մէջտեղն է ահա Տարօնոյ կամ Մշոյ լայնածաւալ դաշտն, որ երկու մասի բաժնուած է, Մուշ եւ Չուխուր մասնաւոր վիճակներու։
       Մուշ վիճակն իւր համանուն քաղաքն եւս ունի, իսկ «Չուխուրն » վիճակի անունն է եւ կ՚իյնայ գրեթէ Մշոյ Արեւելակողմը։ Ամբողջ գաւառի տարածութեան մասին երկու ու կէս օրուան կարաւանի ճանապարհ կը հաշուեն Արեւելքէն յԱրեւմուտս իւր երկայնութիւնը, Հարաւէն ՚ի Հիւսիս 6 ժամ լայնութիւնն։ Սոյն մեծ դաշտավայրն , զոր Տաճիկներ «Մուշ օվասը » կը անուանեն, զարդարուած է տեղ տեղ փոքրիկ բլուրներով, որք մասնաւոր գեղեցկութիւն մը կ՚ընծայեն ուղեւորաց աչքին այդ դաշտի զգալի հորիզոնին մէջ։ Երկիրն չէ քարոտ, կարծես թէ բնութիւնն յատուկ խնամօք քարերը ժողոված է այս կողմերէն եւ ձգած է ՚ի Մանազկերտ գաւառ։
       Երկու գետեր կ՚անցնին իւր մէջէն. Ա. Եփրատ, որ Հարք գաւառի կողմերէն կը գայ եւ գաւառիս Արեւմտակողմէն կ՚անցնի, որոյ մէջ կան հետեւեալ անուամբ ձկունքն, ինչպէս Դեղիկ, Դեպուկ, Կարապետիկ , որոյ կռնակը տեսնողներն կ՚ըսեն թէ կուզ է եւ Մող։ Բ. Մեղրագետակն, որ Մշոյ Արեւելակողմէն կը բղխի (որոյ վերայ իր կարգին կը խօսուի ) քաղաքի Հիւսիսակողմէն յառաջ գնալով կը խառնի յԵփրատ։ Սոյն գետակն Արածանի գետոյն Հիւսիսային օժանդակն է եւ Արածանին Եփրատայ Արեւելեան զօրաւոր ճիւղը կը կազմէ, որ կը բղխի Ծաղկաց լեռներէն եւ իւր անունը կ՚առնու համանուն գիւղէ մը, որոյ քովէն անցնելով կը դիմէ յԱրեւելս եւ կ՚ընկերանայ իւր Եփրատ մօր։ Վերոյիշեալ երկու գետերն ՚ի բաց առեալ, կան նաեւ մեծամեծ առուակներ, ոմանք Հարաւէն ՚ի Հիւսիս եւ ոմանք Հիւսիսէն ՚ի Հարաւ ընթացող, որք կը թափին ՚ի Մեղրագետակ եւ յԵփրատ, որոց եզերաց վերայ կը գտնուին տեղ տեղ մեծամեծ շամբեր։
       Տարօն կամ Մուշ գաւառն, բաց ՚ի իւր կողմերն որոշող գլխաւոր լեռներէն, ունի նաեւ բազմաթիւ աննշան լերինք իւր շրջապատն, այնպէս որ ամբողջ Մշոյ դաշտը կարծես թէ լեռներէ սահմանուած է։ Գաւառիս լեռներէն ոմանք լի են այլ եւ այլ տեսակ ծառերու բնական անտառներով, որոնց մէջ Ալաժահրի կոչուած ծառն նշանաւոր է իւր պտուղովն, որով ոչխարի մորթերը դեղինի կը ներկեն ՚ի վաճառ. Ծպիխի, որոյ կեղեւովն մութ-կարմիրի կը ներկեն մորթերը։ Կան նաեւ թեղօշի, կաղամախի, տանձենի, ընկուզենի եւ շլորենի եւ այլ ծառեր։
       Մշոյ համօրէն դաշտի մէջ 100-110 Հայ գիւղ կը գտնուի սփռուած, որոնցմէ այցելածներուս նկատմամբ պէտք եղած տեղեկութիւնք կը տամ ուղեւորութեանս կարգին մէջ։ Սոյն գիւղերու միջին թիւն է 70 ական տուն։ Ունին հազարաւոր պանդուխտներ թէ՛ Պօլիս եւ թէ՛ ՚ի Ռուսաստան, ո՛ւր դիմելոյ սովորութիւնն հետզհետէ կ՚ընդհանրանայ դժբաղդաբար։
       Գաւառիս մէջ 8-10 գիւղ քուրդ հազիւ կը գտնուի, սակայն շրջապատը բաւական շատ են, որք իւրեանց ընտանեօք եւ ոչխարօք լերանց արօտավայրերն ամառ ատեն կը գրաւեն, ո՛ւր վրաններ հաստատելով կը բնակին մինչեւ յաշուն։
       Վերոյիշեալ 100-110 Հայ գիւղերուն մէջ կը տեսնուին նոյնպէս երեք Հայ Կաթոլիկ գիւղեր եւ են Նորաշէն, Օղունկ եւ Առինչ։
       Երկրիս բոլոր բնակիչներն առ հասարակ քաջառողջ, զօրաւոր եւ առոյգ են (այս բանն արդէն Պօլսեցւոց աչքին անծանօթ չէ ) եւ արդիւնք է երկրի պատուական կլիմային։
       Տարօն գաւառի մէջ, սովորական ընտանի կենդանիներէն զատ կը գտնուին նաեւ հետեւեալ վայրի անասուններն, ինչպէս արջ եւ գայլ, որք գիշեր ատեն շատ անգամ արտերու եւ այգիներու վնասներ կը հասցնեն, որոյ համար տեղացիք ժամանակին երբեմն հսկելոյ հարկադրուած են . նոյնպէս վարազ, աղուէս, նապաստակ, կուզ եւ վայրի կատու պակաս չեն գաւառիս այլ եւ այլ կողմերը։
       Երկաթի եւ քարի հանքերուն հետ շատ տեղ կը գտնուին «կաղճին » կոչուած ընտիր հողեր, որով կը շինեն հողէ ամաններ մեծ եւ փոքր որք շատ առողջարար են ուտելիք պահելոյ։
       Թռչնոց կարգին մէջ կը յիշուին արագիլ (լէյլէկ ) վայրի բադ եւ սագ, արտուտ, սորորիկ, լոր, արոս (գիւղի մ՚անուն ալ է ) ճշնարօր, որ սիրուն կարմիր գոյն մի ունի։
       Տուրուբերանի սոյն գաւառին մէջ գտնուած ծաղիկներ եւ մանաւանդ բանջարեղէնքն խիստ հետաքրքրական են իւրեանց բուսական հանգամանքներովն եւ ժողովրդեան աւանդութեամբք, ասոնցմէ մի քանի գլխաւորներէն աստ նշանակեմք, ինչպէս կարմիր շուշան, որոյ մէջ գեղեցիկ եւ դեղին է, բնութենէն ունի ըսքանչելի հիւսք եւ տեսք եւ գլխաւորաբար քարոտ տեղուանք կը բուսնի. նունուֆար գետերու եզերքն եւ մանաւանդ տելթաներու մէջ, ձնծաղիկ (ձեան ծաղիկ ) զոր տեղացիք երբեմն իբրեւ փորցաւի դեղ կը գործածեն, սոյն ծաղիկը ձիւնի գնալէն անմիջապէս ետքը բացուելու պատճառէն առած կերեւի զիւր անունն. Անթառամ ծաղիկ, որ կը բուսնի լեռնոտ տեղեր աւելի, թերթիկ չունի, կլոր է գլուխն եւ երկու տեսակ է, դեղին եւ կարմիր, զոր գաւառիս մէջ տեղ տեղ «Ս. Կարապետի ծաղիկ » կ՚անուանեն եւ ոմանք եւս «անթառամ ծաղիկ » որ յիրաւի բնաւ թառամիլ չունի իր կլոր շինուածքէն։
       Այս կողմերու բանջարեղէններն բազմատեսակ են, որոնցմէ մի քանիք են «մանտակ», «ժախ » որ իրենց պահք օրերու կերակուրներն են աղով խաշած. օղին, որոյ արմատն է, շրէշտ (շիրիշ ) լոշթակ, որոյ տերեւները գրեթէ ծխախոտի կը նմանի, սորա համար կ՚աւանդեն թէ «Յովնան մարգարէի դդմենւոյն տեսակէն է, որոյ արմատը շատ խորունկ է գետնի տակը եւ միանգամայն մարդանման, մէկը չ՚կրնար յանդգնիլ զայն դուրս քաշելոյ, ձայն կը հանէ եւ մարդն անմիջապէս կը մեռնի, ո՛վ որ կ՚ուզէ զայն ունենալ, պէտք է կանխապէս բոյսին բոլորտիքը լաւ մը փորելով խորունկցնէ, այնպէս որ արմատն ինքնին պրծելոյ աստիճանին հասնի, այն ատեն փոքրիկ կենդանի մը, զոր օրինակ կատու, չուանով մը կապելու է արմատին, կատուն թող քաշէ զարմատն եւ գետնէն դուրս հանէ, յայնժամ կենդանին կը մեռնի եւ մարդս այլ եւս անվախ կարող է զայն առնել »։ Դեղ, որ պանրի մէջ կը դնեն, ունի անուշ հոտ մը, սպիտըկուկ եւ փնկայ, զորս գիւղացիք կերակուրի համար կը գործածեն. տօնի բանջար, որով յարութեան 8րդ օրը տեղ տեղ ճաշ ընելով կը բաժնեն։ Խաւրծիլ (ուշխուն Կանգառ, որոյ ազնիւ տեսակի արմատէն կը շինեն ձութ, զոր ոմանք «ծամոն » կ՚անուանեն, վասն զի ծամելոյ համար կը գործածուի, սոյն նիւթն ամեն կողմ կը տարուի, եւ երբեմն իսկ ՚ի Պօլիս կը բերեն, ոչ մեծ քանակութեամբ։ Բող, որ մեծամեծ եռաթեւեր կը տարածէ եւ քարաժայռերու մէջ շատ առատ է եւ կը լինի պատուական կերակուր ոչխարաց։
       Առ հասարակ կը ցանեն ցորեն, իր տեսակներովն, գարի, տարեկան, կըլկըլ, կորեակ, սիսեռ, կտաւատ, ոսպ, շողգամ եւ կաղամբ։ Գիւղացւոց մէկ մասի կերած կըլկըլ եւ կորեակ հացըն է, իսկ ցորենի հացն ստիպեալ են պահել այնպիսի երթեւեկողաց, որք լեզու չեն հասկնար։ Գազպին չ՚յիշեցի, զի ամենուն ծանօթ է։