Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԽԲ. ՇԱՄԻՐԱՄԷՆ ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Շամիրամ գետոյ ակնէն, ըստ նախնթաց ուղղութեան, մեկնելով յԱրեւմտակողմն 3/ 4 ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ գիւղը։
       ԽՈՍՊ. - Աստ կը գտնուին 14 տուն բնակիչք, որք ունի յանուն Ս. Սարգսի կառուցեալ մի հնաշէն եկեղեցի, մի քահանայ եւ ողորմելի մանուկներ առանց դպրոցի։ Գիւղիս բնակիչք բաւական հետաքրքիր կը լինէին աշխարհիս ընթացքին վերայ եւ երբ այնչափ յառաջ կ՚երթային իրենց հարցմանց մէջ ապագայի բարեաց ակնկալութեամբ, ստիպուեցայ տակաւին պատասխան մը չ՚տուած՝ հարցանել թէ քանի՞ մարդ կամ տղայ ունիք ձեր գիւղին մէջ գրել կարդալ գիտցող, թո՛ղ լինին ամենապարզ տեսակէն, այդ եւս իւր օգուտն ունի. մին ՚ի նոցանէ ճարտար յամենայնի կարծուած՝ յիրաւի բաւական ըմբռնեց թէ ժողովրդեան յոյսն ի՛նչպէս կը համեմատէր իմ հարցման հետ . այսու ամենայնիւ, տեղւոյս Հայքն, հակառակ տեղւոյ պատուական տեսարանին եւ աճեցուն բնութեան, բոլորովին յուսահատ եւ լքեալ վիճակի մէջ տեսայ։ Աստ 3 ժամու չափ կեցայ այդ խեղճ եւ միանգամայն Նահապետական հիւրասէր թոռունք ամեն կողմանէ զիս շրջապատեցին՝ իբրեւ փրկարար այցելու մ՚իւրեանց անպատմելի նեղութեանց եւ տառապանաց, զորս երկրին, գլխաւորաբար տգիտութեան երեսէն մշտապէս կը կրեն, որոց վերաբերութեամբ հանդարտեցուցիչ յոյսեր տալոյ պարտքս կատարեցի եւ քանիցս յայտարարութեամբ կարծեմ հազիւ կրցայ զիրենք համոզել թէ՝ պաշտօնական մարմնոյ մը կողմանէ չեմ եկած, որպէս ըմբռնած կ՚երեւիք, այլ մի միայն ձեր այս կայտառ մանկանց կրթական վիճակն, իբրեւ մասնաւոր անհատ, կը փափաքիմ անձամբ տեսնել շօշափելով միանգամայն երկրի հին եւ նոր բարոյական կենաց փոփոխութիւնք, որք պատիւ պիտի բերեն թէ Ազգին եւ թէ մանաւանդ մեր Օսմ. մեծազօր տէրութեան գահուն□
      
       ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԱՄԱՅԻ ՎԱՆՔ
       ԽՈՍՊ . - Սոյն գիւղէն ելնելով 1/ 4 ժամէն կը հասնիմք Խոսպայ Ս. Աստուածածին անուն փոքրիկ, այլ բաւական կոկիկ եւ գեղեցիկ վանքն որ թէեւ, անվնաս, սակայն փակեա՜լ եւ ամայի կը կենայ շրջապատեալ հինաւուրց եւ նորաւուրց խաչաքարներէ ու լաւ տեսարաններէ։
       Սոյն անբնակ մենաստանի շինութեան թուականն չ՚կայ. տապանաքարանց վրայ հազիւ կը տեսնուին 150 տարուան յիշատակարանք. ըստ բանի ծերոց «280 տարուան մօտ կը կարծուի կառուցման թուականն»։
       Տարեւոր անձերու աւանդութեանց նայելով, սոյն վանքն ունեցած է երբեմն բաւական, կանոնաւոր միաբանութիւն եւ ըստ այնմ պարագայք, իսկ այժմ ամենայն ինչ անհետացած են
       Վանքն գմբեթաւոր չէ եւ կը բաղկանայ գրեթէ երկու յարկերէ։
       Թող տալով այս մենաստանիկ իւր արդի ամայութեան մէջ եւ տպաւորութեան մը տակ մեկնիմք տեղէս, ճանապարհնիս ուղղելով մասամբ մը յԱրեւմտահարաւ եւ 1 ժամուան տեւողութեամբ տափարակ արտօրայք եւ դաշտօրայք կտրելով կը ժամանեմք հետեւեալ գիւղը։
       ՀԻՐՃ - Սոյն գիւղն ունի 20 տուն քուրդ յեկաւորաց եւ ՚ի բնակաւորաց 10 տուն, որք 120 տունէն մնացած են. ունին կոփածոյ քարերէ կառուցեալ գեղեցկատեսիլ եկեղեցի մի, ո՛ւր ողորմելի քահանայ մ՚երեկոյ եւ առաւօտ ժամասացութիւն կ՚ընէ՝ առանց տիրացուի եւ անդ կը ժողովին ծերունի արք եւ պառաւ կանայք աղօթել եւ խնդրել յԱստուծոյ իւրեանց մեղաց ՚ի թողութիւն եւ հոգւոյ փրկութիւն՝ որովք պիտի ազատին իրենց հոգեկան դարաւոր տառապանքներէն, որպէս կը հաւատան։ Եկեղեցւոյս թուականն ինձ անծանօթ մնաց, ըստ որում անընթեռնլի էր։
       Գիւղս լաւ եւ սիրուն տեսարաններէ բոլորուած է եւ Հայ ժողովուրդն նիւթապէս եւ բարոյապէս ողորմելի վիճակ մի ունի. աւելորդ է ըսել թէ դպրոց չունին, որով տեղւոյ խեղճ մանուկներն, հակառակ իւրեանց կայտառ եւ առողջ կազմութեան, կը մեծնան տգիտութեան տղմին մէջ անտէր եւ անտիրական, թէպէտ եւ ունին հայր եւ մայր, սակայն նոքա եւս, նման իւրեանց զաւակացն, խնամոց եւ կարեկցութեան արժանի են եւ այսպէս ամենամեծ իրաւամբ հառաչանքներ կը կորզեն զգայուն Հայ ուղեւորաց սիրտերէն, եթէ յիրաւի, մսեղէն շինուած են։
       Օրը տարաժամեալ եւ ժիր կարապետս (այս անգամին կտրիճ Յակոբիկ Մանասէրեան ) սաստիկ խոնջեալ լինելով, ինձ արդար իրաւամբ փափաք յայտնեց յայս գիւղն իջեւանիլ սոյն գիշեր, սակայն յաջողեցայ համոզել զինքն ըսելով թէ ընդ փոյթ հեռանալ պէտք է այս վայրէն, ո՛ւր կենալով մի գուցէ հանդիպիմք ուրիշ աւելի տխուր երեւոյթից, որոնք բնականաբար սիրտերնիս նորանոր ցաւերով եւ վիշտերով բեռնաւորելոյ տեսակէն կրնան լինիլ, եւ մանաւանդ զմեզ այս կասկածոտ ճանապարհի անբնական երկիւղին առջեւ լալկան մանուկ մի դարձնել, կորզելով մենէ ոյժերնիս եւ կորովնիս, որպէս շատ դիւրին էր գուշակել։
       Հայոց Ձորոյ ծանուցեալ Հիրճ գիւղէն իրիկուան ժամ 12-ին աճապարանօք մեկնելով՝ ճանապարհնիս շարունակեցինք Արեւմտահարաւային ուղղութեամբ, սակայն չ՚մոռնամ ըսելոյ որ կարապետիս հետ սիրտերնիս եւ հոգինիս նման ովկիանոսի՝ վտանգաւոր ալեկոծութենէ մը բռնուած էին, որոյ բուն շարժառիթն կրնայի ամենայն ճշդութեամբ աստ նշանակել, եթէ գրիչս, իւր նորութեան պատճառաւ, երբեմն ինձ դէմ ապստամբելոյ սովորութիւն չունենար, թէեւ յապահովութիւն իմ կենաց լինէր այն, ոյր վերայ դարձեալ դժգոհ եմ, ըստ որում ուղղակի զգացմանցս կը հակառակի. ինչ որ է , յաջողեցանք զմեզ նետել հետեւեալ գիւղն։
       ԳԶԸԼ-ԹԱՇ (կարմրաքար ). - Սոյն գիւղն ժամանած պահուն կարապետս գրեթէ շնչասպառ եղած էր, եւ խղճիս դպչելով զինքը գոհ ըրի մի այլ եղանակաւ. ազնիւ ընթերցողն թող չ՚զարմանայ առ այս, վասն զի ճար չ՚կար չաճապարելոյ, երբ օրն տարաժամեալ էր, որպէս յիշեցի, եւ առնելիք ուղինիս անբնական վտանգներէ անզերծ, թէեւ մենք լինէինք կազմ եւ պատրաստ նոր զինուք։
       Այս գիւղը նախորդ Հիրճ գիւղէն մէկ ժամ հեռու է, եւ շինուած կարմրագոյն լեռնակի մը գրեթէ ստորոտը, որմէ եւ իւր անուն առած լինել կը թուի։
       Տեղւոյս Հայ բնակութեանց թիւն է 16, որք ունին յանուն Ս. Երրորդութեան պարզ եկեղեցի մը, կառուցեալ քառաժայռի մը ստորոտը, ունին մի քահանայ եւ ոչ դպրոց։ Ժողովուրդն առ հասարակ չքաւոր է։ Աստ նիւթական կարողութեան տէր մէկ տուն միայն կայ, որ յիրաւի իւր ճոխութեամբ եւ դրութեամբ Նահապետական կատարեալ տիպարն կը կրէ. այս տունը Միւտիւր Մ. Փոխան աղայի տունն է, ո՛ւր նոյն գիշերն անցուցի ընկերացած 7-8 այլակրօն հիւրերու։ Սոյն առատասեղան տան վերաբերութեամբ ինձ պատմեցին թէ 40 հոգիէ կը բաղկանայ, ՚ի բաց առեալ խոտաղներն, մշակներն, հովիւներն, գառնարածներն, շօշրարներն (ոչխար կթող կանայք ) եւ որթարածներն։
       Այս Նահապետական տան մէջ տարին 100 (հարիւր ) Վանայ քիլէն ցորեանէ հաց կը թխուի (կ՚եփուի ): Վանայ 1 քիլէն 8 չափ է, կամ որ նոյն է ըսել 8 կօտ է. 1 չափն միջին հաշուով 51/2 լիտր է եւ 1 լիտր Պօլսոյ 8 օխան է, եւ հետեւաբար թուաբանական այս պարզ հաշիւն ընելով կը գտնեմք 35, 200 (երեսուն եւ հինգ հազար երկու հարիւր ) օխա որ 12 ամսուան մէջ կ՚սպառի իբրեւ տարեկան պաշար, վասն զի այս մեծ տունէն ամեն օր բազմաթիւ երթեւեկողք պակաս չեն, ի՛նչ ազգէ լինին նոքա թող լինին, տան տիրոջ սեղանն առատ եւ պատրաստ է զանոնք կերակրել լիութեամբ եւ ճանբել։
       Արմենեան ուշիմ ընթերցող, այս տեսակ ասպնջական տանց տէրերն հազար անգամ աւելի իրաւունք չունի՞ն առաւել եւս մեծասիրտ լինելոյ քան այն կարգ մը գիտնականք , որք կը շրջին ՚ի Հայս ժողովրդեան զինքեանս իմաստութեան գերագոյն էակներ ցոյց տալով՝ դու այժմ սոյն կէտն ՚ի մտի ունեցիր, որ յետոյ քեզ պիտի պատմեմ հրապարակաւ թարգմանելով ՀԱՅԱԲՆԱԿԻ մի քանի կարեւոր գաւառաց տանուտեարց միտքերն եւ սիրտերը, որ խղճիս եւ զգացմանցս յատկապէս յանձնարարած են։