Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Բ. ՓԱԿԱԿԱՏՈՒԿ
       Աստ կը բնակին 15 տուն բնակիչք, յորոց 2 տուն միայն Հայ են եւ մնացեալքն եկաւոր Քուրդ: Հայք ունին մի գեղեցիկ եկեղեցի, 210 տարուան, որոյ ճակտի յիշատակագրեանքն բոլորովին ոչնչացած են, շէնքն վանքի ձեւով է, կառուցեալ հաստատուն եւ լերճ (խիստ ամուր) քարերէ, թէեւ անշուք եւ անզարդ. եկեղեցւոյն քահանայ եւ մանկան մը խրատատու ունին ո՛չ: Ամենամեծ ցաւ զգացի երբ չ’գտնուեցաւ իւրեանց մէջ մի Հայ, որ նոյն եկեղեցւոյն անունն գիտնալով ինձ հաղորդէր, եւ երբ կը հարցանէի թէ ի՛նչ է ձեր եկեղեցւոյ անունն, “Աստուծոյ տուն է, ժամ է, պատարագ է” կը պատասխանէին ամենայն անտարբերութեամբ: Ահա այսպէս Ուղեւորիս անծանօթ մնաց յիշեալ եկեղեցւոյ անունն, որ անցելոյն մէջ հեռաւորաց իսկ պէտք է ծանօթ եղած լինի, թո՛ղ թէ մերձաւորաց, նայելով իւր հաստատուն դրից եւ կազմութեան, որ փառաւոր օրեր տեսած տարիներ կը յիշեցնէ զինքն ուշի ուշով դիտողաց:
       Երբ տեղւոյս ազգային հնութիւնք տեսանելոյ համար կը շրջէին, գիտես թէ զիմ պապերու կորսնցուցած գոհարեղէններն գտնելոյ, ինձ հետ ընկերացած էին տեղւոյ 2 տուն հայերէն 3 անձինք: Հարցումն զհարցումն բերաւ եւ հարցուցի, երբ որ խօսքն եկաւ թէ ի՛նչ կը ցանէք ձեր յայս գեղեցիկ արտօրայս, մին ‘ի նոցանէ շտապելով պատասխանեց “Աստուծոյն փառք զըմէն ամեն) բաներ կը ցանեմք, մեր ցորենի հաց երկնային լոս (լոյս) է եւ ձան (ձեան) պէս սիւտակ (սպիտակ), մենք ցորեն կը քաղեմք նոր ծնած լուսնի նման երկաթով”: Ինձ թուեցաւ որ սոյն ողորմելի, այլ ազնիւ անձն կարծելով թէ հեռու աշխարհէ մ’եկած եմ եւ չունիմ գաղափար այդ գործիքին (մանգաղ կամ գերանդի) վերայ, որոյ ձեւն ինքնաբերաբար նոր ծնած լուսնոյ կը նմանցնէր բնութեան այս ճշմարիտ զաւակն, որ յիրաւի չէր սխալած իւր տուած գեղեցիկ եւ բնական օրինակին մէջ: Սոյն անձն լռեց եւ երկրորդ խօսքն անոր բերնէն առած՝ յարեց “Իմ աչիչ (աչաց) լոս, ես քու տան մշակ (ծառայ), արի՛ ես քէյ (քեզ) ուրիշ բան էլ նշանց (մատնացոյց) տամ խեմ (նայիմ թէ) քու սիրտ չ’ցաւիր, որ էտա կանտար (այդչափ) շատ կը սիրես Հայու վրէն (վերայ) զրուցել”. այս խօսքն աւարտեց թէ չէ, ինձ առաջնորդեց եկեղեցւոյ դուռը, որոյ ճակտի վերայ զետեղուած էր քառակուսի ճերմակ քար մը, զոր մատնացոյց ըրաւ ցոյց տալով քարի վրայի հին պարսկական գնտակի հարուածներու նշաններն, յիրաւի դիտեցի քառակուսի այդ ճերմակ քարն եւ անցանք գիւղիս մի այլ կողմն:
       Փակակատուկի մէջ կը տեսնուի կիսակործան ուրիշ եկեղեցի մը, որ ց’արդ հողի տակն ծածկեալ էր եւ այժմ յայտնուած տեղւոյն բլուրէն հող քակելոյ առթիւն. նախ կարծուեցաւ ապրանքներով լի, որ մասամբ մը կառավարութեան ուշադրութիւնը գրաւեց, երբ հաստահիմն պարիսպներն երեւեցան. սակայն յետոյ փորուելով տեսնուեցաւ հողով լի եւ ոչ ապրանքով:
       Գիւղիս հողային սահմաններն շատ ընդարձակ են, խոտաւէտ, ջրաւէտ եւ մանաւանդ օդաւէտ: Ամենայարմար տեղի մի է ձի եւ ոչխար պահելոյ համար:
       Տեղւոյս անուամբ շէն եւ իրօք անշէն եկեղեցիքն ու ընդարձակ գերեզմանաքարինքն թէպէտեւ արդէն ցոյց կը տային Տեղագիր-Ուղեւորիս իրենց հին ժամանակի մէջ ունեցած բազմահայութիւնը եւ անոնց ճոխ վիճակն. սակայն կրկին հետաքրքրութեամբ գտի նաեւ հետեւեալ անթուական արձանագրութիւնն, զոր եկեղեցւոյ շինութեան ատենը խառն ի խուռն գրած են մի քարի վերայ ցուցնելոյ իւր նախնի փառաւոր դիրքը. ահա ինչ որ կրցայ բազում որոճմամբ ընթեռնուլ “Վարդավառի կիրակի Խ. ջրկալներ (արտ ջրող) բախերնին ուսի վրայ դրած են, կուգան եկեղեցւոյ դուռը եւ կը մտնեն ժամ ‘ի Պատարագ”:
       Գիւղիս նախնի ժամանակաց մէջ ունեցած բազմահայութիւնը զարմանալի է նաեւ հետեւեալ աւանդութեամբ, զոր մի բաւական տարեւոր ծերուկէ լսեցի եւ աստ կը նշանակեմ բառ առ բառ. «Գիւղիս շատ Հայ մըլաթի ժամանակն ճոչ խէ մ’(մեծ մարդ, հարուստ մարդ) երբ խաչօխնայ կանի (կընէ) իւր մեռած պապու խուգույն (հոգւոյն), որ դժոխքէն ազատի, այնչափ ելխիր (բազմութիւն) Հայեր եկած են ճաշ ուտելու որ էտա (այդ) ճաշի համար 4 չափ աղ խարջեր են, էլ մէկէլ (ալ միւս) ուտելիքներ դուն սայմիշ արա՛»: