Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԷ
       Վանուցս նկատմամբ եղած աւանդութիւնք իւր հիմնարկութենէն առաջ:
       “Ս. Բարթուղիմէոս Առաքելոյն վանքն տակաւին չ’կառուցուած՝ Ուրփանոս կամ Արիփանոս մի նշանաւոր քաղաք եղած է աստ եւ ըստ ամենայն հաւանակութեան կռապաշտ բնակչօք եւ անորոշ հաւատալեօք:
       “Սրբազան Առաքեալն Բարթուղիմէոս իւր ժամանակին կը գայ իւրեան վիճակեալ Աղբակու սոյն գաւառն զՔրիստոս քարոզելոյ, ‘ի կռապաշտից կը նահատակուի ‘ի Խանասօր (կարմիր քաղաք, թերեւս, քրիստոնէից թափած կարմիր արիւնէն այդ անունն ծնած լինի), սակայն տակաւին ‘ի Խանասօր չ’գնացած՝ աստ Արիփանոս քաղաքի մէջ բազմաթիւ կռապաշտներ կը դարձնէ ‘ի Քրիստոս Յիսուս եւ ապա տեղէս կը մեկնի ‘ի Խանասօր“:
       “Առաքեալն Բարթուղիմէոս քրիստոնէական առաքինութեամբ եւ անձնուիրութեամբ զինեալ՝ կը գայ յիշեալ կարմիր քաղաքն եւ որպէս յիշուեցաւ, անդ կը նահատակուի, որոյ մարմինն տեղւոյ կռապաշտից գերեզմանոցէն հեռու մի որոշ տեղի կը թաղեն ‘ի նախատինս, այսինքն իբրեւ անարժան իւրեանց մեռելոց հետ ապրելոյ: Արիփանոս քաղաքիս բնակիչք, որք քրիստոնեայ եղած էին, նախապէս առաքելոյն քարոզութեամբ, երբ կը լսեն՝ շատ կը ցաւին եւ խորհուրդ ընելով մարդ կը խրկեն Առաքելոյն մարմինն Խանասօրէն գողնալու, եւ յիրաւի կը յաջողին եւ աստ բերելով կը թաղեն զանի այժմեան վանուց տեղն եւ յետ այնու կը յարգուի յամեն քրիստոնէից եւ զգուշութեամբ կը պահպանուի, որոյ գերեզմանին վրայ կը տնկեն կլոր քար մը, ոյր վերայ նշան կը դնեն անկորստականութեան: Այսպէս կը պահպանուի ց’ժամանակն Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, որ երբ այս կողմերը կը գայ եւ Առաքելոյն գերեզմանն կ’ստուգէ, յայնժամ հրաման կընէ տեղւոյս դարձած քրիստոնէից եւ յանուն Առաքելոյն այժմեան հռչակաւոր վանքն շինել կը տայ:
       Հետեւեալ աւանդութիւնն նախորդէն ունեցած աւելի հետաքրքրութեան եւ տարբերութեան պատճառաւ կը նշանակեմ աստ:
       ***
       Նախաքարոզութիւն Ս. Առաքելոյն յԱրփիանոս քաղաքի.
       “Ս. Առաքեալն Բարթուղիմէոս Պարսկաստանէն (ո՛ւր Վառվառինէի հետ գնացած էր, որպէս յիշուած է վերեւ) կը վերադառնայ ‘ի Բժնկերտ, Արիփիանոս քաղաքին մօտ. Բժնկերտ գիւղն, ինչպէս յիշած եմ Արիփանոսէն (վանքի տեղէն) 1/2 ժամ հեռու կը գտնուի:
       “Առաքեալն սոյն տեղէն սկիզբն կառնու գաւառիս մէջ քրիստոնէութիւն քարոզելու: Առաքեալն աստ գիւղին մէջ ցորեկ ատեն մը կը տեսնէ որ մի քանի մանր տղայք շրջանակի ձեւով վէգ (աշըխ) կը խաղան, ինքն եւս մանկական բնաւորութեամբ մը նոցա հետ ընկերանալ կուզէ, եւ մանուկներն զինքը կընդունին ու երբ կը տեսնեն քաղցրախօս օտարական մը, իրարու իմաց կը տան եւ նորէն աւելի բազմութեամբ կսկսին եռանդալից խաղերնին, որոյ մէջ երբ կարգն Առաքելոյն կը գայ, նա զվէգն նետելէն առաջ “ո՛վ Քրիստոս” խօսքն կ’արտասանէ, որով վէգն միշտ ճուկ (յաղթող) կողմն կը գայ եւ միշտ տղայոցմէ կը շահի, այնպէս որ ինքն “ո՛վ Քրիստոս” խօսքովն անոնց մէջ ամենէն բաղդաւորն կերեւի: Տղայքն զայս տեսնելով` իրենք եւս կսկսին վէգերնին նետած ատենը “ո՛վ Քրիստոս” արտասանել, որով իւրեանց համար ալ բաղդի յաջողութեան դուռն կը բացուի եւ վերջապէս ամենքն ալ կ’սկսին նոյն խօսքն արտասանել, վասն զի արտասանողն կ’օգտէր ‘ի խաղին եւ կը լինէր բաղդաւոր:
       “Այս պահուն, մանուկներու հայրերէն ոմանք տեսնելով կը յանդիմանեն զտղայս ըսելով թէ “այդ անունն (ո՛վ Քրիստոս) մի՛ տայք“: Մանուկներն կը պատասխանեն թէ “կը շահիմք խաղերնուս մէջ, այն պատճառաւ “ո՛վ Քրիստոս” կը կանչեմք: Այսպէս ահա տղայք մտիկ չէին ըներ իւրեանց հարց, սակայն ի հարկէ ստիպեալ պահ մը այդ անունն չ’տուին եւ երբ հայրերն հեռացան դարձեալ սկսան կոչել “ո՛վ Քիստոս”. զի այդ երկու բառին մէջ իւրեանց փնտռածն կը գտնէին”:
       “Յաջորդ օրն Ս. Առաքեալն կսկսի զծերս համոզել եւ զմեծս յորդորել ‘ի դարձ Քրիստոնէական կրօնին: Մի օր Առաքեալն յանկարծ տխուր լալու մը ձայն կառնու գիւղի միւս ծայրէն, հոն կերթայ եւ կը տեսնէ որ ծերունի մը դառնագին կողբայ զիւր նոր մեռած զաւակն եւ արտասուելով կաղաղակէ թէ “թո՛ղ ես մեռնէի եւ տղաս ողջ լինէր”: Առաքեալն, հոգւոց հանելով, “մի՛ լայր կըսէ, ո՛վ ծերունի, յոյս ա՛ռ, զի պահ մ’ետք պիտի ցամքին աչքիդ արտասուքն եւ կը տեսնես զաւակդ ողջացած”. զայս ասելէն ետքն Առաքեալն կը հրամայէ որ զմեռեալն գիւղիս առընթեր գետոյ ջրովն լուանան իւրեանց մանուկներու 3-4 օր առաջ խաղի մէջ արտասանած անունն տալով (ո՛վ Քրիստոս), կընեն ըստ բանի Առաքելոյն եւ զմեռեալն նոյն գետոյ ջրովն կը լուանան. տղան տակաւին մեռեալ է, իսկ երբ “ո՛վ Քրիստոս” կը հնջեն յայնժամ երիտասարդ մեռեալն հրամանաւն Աստուծոյ աչերն կը բանայ, իբրեւ քունէ զարթեալ: Սոյն հրաշից առթիւ բազումք ‘ի կռապաշտից կը դառնան ‘ի Քրիստոնէութիւն եւ ոմանք եւս ի Քրմաց կսկսին հակառակիլ ըսելով թէ “տղայն արդէն ծանրապէս ննջած էր կամ ուշաթափ եղած եւ անոր համար աչքն բացաւ եւ ոչ թէ ողջացաւ”:
       Այս հրաշից պատճառաւն գետիս անունն “բժիշկ գետ” կոչուեցաւ (որոյ աղաւաղեալն է այժմեան “բժնկերտ”) որոյ անուամբ մկրտուեցաւ նաեւ քովի գիւղն, որ ցա՛րդ իւր գետոյ հետ կապրի, “որոյ վրայ արդէն խօսուած է”: Նկարագրեմք հետեւեալ կտորն եւ ապա շարունակեմ մեր աւանդութիւնք՝ ժողովրդական անգիր պատմութիւնք:
       ՎԻՇՊՈՒ ՀԷՐ (ԱՅՐ)
       “Վիշպու հէր” կոչուած քարանձաւ մի է կէս ժամէն քիչ մը պակաս հեռաւորութեամբ դէպ ի վանուցս Արեւելահիւսիս: Սոյն քարայրն, կարելի է ասել, բնութեան ճարտարութեամբն եղած է քան մարդոցն. քարայրի ներսի ճակտին վրայ կան կարգ մ’անընթեռնելի գրեանք, ինչպէս նաեւ մի քանի աննշան խաչեր փորուած: Առաստաղէն դարաւոր ժամանակներովն հանքային ջրեր վազած կերեւին, զորս բնութիւնն քարացնելով գեղեցիկ ջահեր կազմած է լուլայ լուլայ կախուած. տակն կայ մի այլ սենեակ, կիսով չափ հողերով լի:
       Սոյն քարայրի սենեկին նայելով եւ ըստ աւանդութեան թուի լինիլ կռապաշտից դիցարան եւ երբ Քրիստոնէութիւն մուտ կը գտնայ եւ 10-15 տարիէն յետոյ կը շինուի Սուրբ Բարթուղիմէոս Առաքելոյ այժմեան վանքն, յետ այնու վանուց կրօնաւորաց կամ ճգնաւորաց աղօթատեղի կը լինի, իբրեւ բնակութենէ հեռու կղզիացեալ տեղի, որպէս իւր տեսանելի նշաններն ցոյց կուտան եւ կ’ստուգեն սոյն կարծիքը: