Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԸ.
       Նախորդով յիշուած քարայրին վերայ հետեւեալ առասպելական մասն կըցել անպատշաճ չէ:
       “Սոյն այրի մէջ գաւառիս Աստուածն՝ երեւակայելի վիշապ մը, վիթխարի մեծութեամբ կամ նմանօրինակ օձ կը բնակէր ժամանակին”:
       “Աղբակ գաւառի բոլոր գիւղօրէից ժողովուրդն կարգաւ օր մէկ պարարտ մանկիկ յատկացուցած էին սոյն վիշպուն ‘ի կերակուր. անգամ մը Բժնկերտ գիւղի Հայերէն մին զիւր “Սուրմէ” անուամբ աղջիկն առած կը տանի գազանին կերակուր ձգելու եւ ճանապարհէն անցած ատեն Առաքեալն կը տեսնէ զայս, կը բարկանյ եւ երկնից վրէժխնդրութեամբ լեցուած՝ զմանկիկն Սուրմէն իւր հօր ձեռքէն կը խլէ, ու կը բռնէ ձախ թեւին տակն ու աջ ձեռին եւս մի երկայն տէգ բռնած՝ կը յառաջանայ դէպ ‘ի վիթխարի գազանն, որ զԱռաքեալն տեսնելուն պէս փախուստ կը տայ գետոյ ճանապարհաւն ի յԱտէս գիւղն, որ կը գտնուի ի Հիւսիսակողմն վանուց եւ անկէ 4 ժամ հեռու է: Սրբազան Առաքեալն 1/2 ժամու չափ ճանապարհ զՍուրմէն թեւին տակ ու տէգն ‘ի ձեռին կերթայ վիշպու ետեւէն մինչեւ որ կը հասնի ձորի մը մէջ գիւղ մը, զոր այժամ խաշնոց կը կոչեն (որոյ վրա խօսուած է): Տեղւոյս բնակիչք զարմացմամբ կը տեսնեն իւրեանց Աստուծոյն փախուստն եւ զանի փախցնող օտարական մարդն (Առաքեալ), որ երբ Խաշնոցի գիւղացիք կը տեսնէ, զՍուրմէն (փոքրիկ աղջիկն) կը բարձրացնէ ըսել ուզելով թէ եկէ՛ք ձեռքէս առէ՛ք եւ երբ կը գան առնել, Առաքեալն զՍուրմէն յանձնելու ատեն անոնց կը պատուիրէ ըսելով թէ “պահպանեցէք խնամօք զայս մանկիկ, մինչեւ որ ես զայս անիրաւ գազանն սպանանեմ եւ վերադառնամ առնուլ զՍուրմէն”:
       “Առաքելոյն մեկնումէն ետքը Խաշնոցցիք խորհուրդ կընեն իւրեանց մէջ թէ որովհետեւ այս տղուն տէրն (Առաքեալն) զմեր Աստուած կը բարկացնէ եւ անոր ետեւէն ինկած կը փախցնէ, ասոր համար օր մը չէ օր մը պիտի վերադառնայ վիշապն յիւր այր ու տեղէս անցանելոյ ատեն զմեզ պիտի ուտէ, ուստի զայս տղայն չարաչար մեռցնեմք, որով կարենամք մեր Աստուծոյն (վիշպուն) սիրտն առնուլ. այս ըսելով սաստիկ տաք ջրոյ մէջ չարաչար կը խաշեն զմանկիկն Սուրմէն: Ահա այս պատճառաւ գիւղիս խաշնոց անուանեցաւ այսինքն խաշելոյ տեղի եւ ոչ թէ ոչխարի բնակավայր:
       “Առաքեալն զվիշապն կը քշէ եւ կը տանի մինչեւ վերոյիշեալ Ատէս գիւղն, ուր զիւր տէգն կը շուլուլէ (կը մխէ) գազանին սիրտը, եւ այն վայրկենին Աստուծոյ հրամանաւ վիշապն կը դառնայ քար”:
       ***
       Ահա պատմեմ այժմ սոյն վերջի աւանդութեան ենթակայն. որպէս թէ վերոյիշեալ վիթխարի վիշապն եղած լինի, որ այժմ քարացեալ կը կենայ Ատէս գիւղի մէջ: Սոյն քարացեալ կենդանին կը նմանի ահագին օձի մը, որ իւր մեծութեամբ զարմանքներ կը շարժէ, երկայնութիւնն 10-12 մեթր, բարձրութիւն 21/2-3 մեթր կը լինի. վիշապն կամ առասպելական աւանդութեամբ բեռնաւորեալ վերոյիշեալ գազանն իւր երկայնութեամբ եւ վիթխարի դիրքով ինկած է աջ կողման վերայ եւ աջ ականջն գետնի մէջ թաղուած է, իսկ ձախին մէջ խոտ կը դիզեն, զի այնչափ ընդարձակ է. գազանանման սոյն քարի փորը մի քանի մարդ կրնայ պարունակիլ, ոմանք իսկ ոտքի կենալով. ահա մի հետաքրքիր հնութիւն բեռնաւորեալ առասպելօք:
       Քարն է թխագոյն եւ կակուղ, զոր թէ՛ գաւառիս Հայք, թէ՛ տեղւոյ Ասորիք եւ թէ՛ Քուրդք սոյն քարին մի եւ նոյն անունն կը տան, զոր օրինակ Հայերն զքարն կանուանեն “Վիշպու քար”. Քուրդերն “Էժտահարէ տէրայ Ալպակէ”. “Աղբակու վանուց վիշպու քար”. վանքն Առաքելոյն փոխան առնելով, Ասորիք եւս իւրեանց լեզուաւ զնոյն կանուանեն”: