Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Ի. Ս. ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍ ԱՌԱՔԵԼՈՅ ՎԱՆՔԷՆ ՄԵԿՆՈՒՄՆ Ի ՊԱՇԳԱԼԷ
       Երկնային բանին գործակատարի եւ արդարութեան քարոզչի հրաշաբուխ գերեզմանին տալով իմ հրաժեշտի ջերմագին համբոյրս, մեկնեմք գաւառիս քաղաքական կեդրոնատեղին ‘ի Պաշգալէ՝ ճանապարհնիս յԱրեւմտեան Հարաւային գծովն շարունակելոյ: Փոքր ինչ յառաջ գնալով կը հանդիպիմք, երբեմն Հայ, Խաշնոց ըսուած գիւղին, ո՛ւր այժմ մի քանի տուն քուրդեր կը բնակին: Գիւղս շինուած է երկայն ձորակի մը բերանը տեղւոյս առընթեր Հիւսիսակողմն լերան կողին վերայ կայ գրեթէ քարափոր եկեղեցի մը, մութ եւ խիստ հնատեսիլ եւ ո՛ւր կաղօթէին երբեմն գիւղիս նախնի Հայերն, որոց պապերու Խաչ-քարինքն աստ կան ու կը մնան, իսկ իրենք նամով ու նմուշով կորած են:
       Խաշնոցէն կէս ժամու չափ ուղինիս յառաջ վարելով կը հասնիմք հետեւեալ գիւղը:
       ՀԱՍՓՍՏԱՆ. - (Ձիաստան). Սոյն գիւղի անունն բաղադրեալ է Պարսկական բառէ մը եւ Հայկական մասնկէ մը, ու կը գտնուի ճանապարհի վերայ եւ ունի 40 տուն Հայ բնակիչ, մի եկեղեցի, մի քահանայ եւ մի անուանական ծաղկոց, ո՛ւր կը խամրին փթթած սիրուն ծաղիկներ թուով 35-40: Տեղւոյս կայտառ եւ աշխոյժ մանկիկներն, առաւօտ կը գան զուարթ, իսկ երեկոյ կը վերադառնան թօշնեալ եւ գունատեալ:
       Գիւղս ունի գեղեցիկ տեսարան, լաւ հող, կենսատու օդ, եւ պատուական ջուր, զորս ամեն ոք անխտիր կրնայ վայելել: Ժողովուրդն առ հասարակ ուսումնասէր եւ ջերմեռանդ է եւ նիւթապէս բարւոք, սակայն խորապէս ցաւ զգալով պէտք է ըսել թէ չ’կան հայրենասէր հոգիներ եւ գործելոյ ԿԵՐՊԻՆ ՀՄՈՒՏ գործաւորներ, որք կարող լինին ժողովրդեան սրտի մէջ ունեցած այդ երկու գոհարեղէններովն տեղւոյս նոր սերնդեան ապագայն պատրաստել, կրթական տեսակետով: Մեր Հափստանի դասատուն արդարեւ բաւական ճարտար եւ աշխատասէր է եւ ասոնց ‘ի պսակ, մաքուր բարոյականի տէր մի երիտասարդ է, բնաւորութեամբ ազնիւ եւ երկիւղած, սակայն ո՞ւր ուղղութիւն եւ ո՞ւր դպրոցական հրահանգ, որովք կարենայ օգտակար լինիլ եւ ըստ Տաճկական առածին “յօնք շինելոյ ատեն աչքեր չ’հանէ”. դարձեալ պէտք է կրկնել ուրեմն այս խօսքն թէ “գործ կայ գործող չ’կայ”: Ասկէ ելնելով ուղինիս շարունակեմք եւ գնամ հետեւեալ գիւղը: ԽԱՌԱՏՈՒՆՈՒ (հարուստ տուն). գիւղիս անուան նկատմամբ երկու խօսք ընեմ եւ ապա շարունակեմ տեղագրութիւնս, խառա բառն, տեղական առմամբ, կը նշանակէ հարուստ, որում կցուած է տուն, եւ ասով յառաջ եկած իւր անունն, որոյ վերաբերութեամբ կաւանդեն թէ “տեղւոյս նախնի հայերն մեծատուն լինելով այդ անունն տրուած է իւրեանց գիւղին”:
       Խառատուն ունի 45 տուն բնակիչ, յորմէ 25 տուն Հայ եւ մնացեալն Քուրդ է, Հայք ունին յանուն Ս. Աստուածածնայ շինուած մի եկեղեցի տաճարաւոր, սակայն կառուցեալ է գիւղական ճաշակաւ եւ հազիւ 15 տարուան շէնք կը լինի. իսկ տաճարն 600 տարուան է, կառուցեալ կոփածոյ քարերէ եւ հաստատոն: Սոյն գիւղն այժմ ո՛չ քահանայ ունի եւ ո՛չ դպրոց:
       Երբ աստ ամառուան Արեւու կիզմանէն նեղուած՝ ծառոյ մը շուքին տակ հանգիստ կառնէի, մի քանի գիւղացիք առընթեր ինձ կային եւ որք հոգւոց հանելով կը պատմէին թէ “գիւղիս երախայք երբեմն ամիսներով կը մնան անկնունք, որով մեր Ս. Եկեղեցւոյ մկրտութենէն եւ հաւատքէն կը զրկուին ժամանակին մեր ճժեր”:
       Տեղւոյս մերայինքն շատ դժբաղդ են թէեւ բնութիւնն լինի հարուստ եւ արգասաւոր, հանդերձ իւր սիրուն տեսարանովն: Ինձ պատմեցին դարձեալ կրօնական մի շատ թթու պատմութիւն, որմէ ինքեանք էին խիստ դժգոհ, որպէս նշմարեցի, չ’գտայ արտաքին մի գլխաւոր պատճառ իւրեաց հարստահարութեան, բայց եթէ տգիտութիւն որ առիւծի նման կը տիրէ իւրեանց մտաց եւ սիրտերուն վերայ: Անձամբ շօշափեցի գիւղիս ներքին կեանքն, որով Երկնից առաջ, ցորեկուան ամբողջ Արեգական ներքեւ եւ գիշերուան նորածին լուսնոյ ընդդէմ կրնամ վկայել թէ իւրեանց միակ մխիթարութիւնն ընդ միշտ կը փնտռեն ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ չորս պատէն ներս:
       Իւրեանց տնական կամ որ նոյն է ըսել ընտանեկան կենաց մէջ չ’գիտութեան, ‘ի բնէ սեւ երեսէն կենսական ուժերնին սպառած է, ու սրտերնին լքեալ եւ յուսահատ: Գիւղիս մէջ ծաղկոց մը բանալն իւրեանց բարոյապէս, որով եւ նիւթապէս կեանք տա է, սակայն չիք ոք ի միջի՝ որ խորհի առ այդ եւ յաւելու ուղղակի փառքն Օսմանեան՝ կրթել տալով նորա սոյն օրինակ դարաւոր հպատակներն, որոնց նեղութեանց եւ տառապանաց գլխաւոր պատճառն եղող, որպէս յիշեցի, տգիտութիւնն բարձուի: Ես սիրտ ունիմ մարմնեղէն որ չ’կարէ լինիլ քարեղէն, ուրեմն բնականէն պարտաւորեալ եմ խորին վիշտ զգալով ըսել թէ, ո՜ւր շունչ կենդանի եւ օգնող ժողովրդեան, ո՜ւր բանին քարոզ եւ տնտես եկեղեցւոյ, աւա՜ղ չիք աստ ի միջի եւ ոչ մի, որ գոնէ ‘ի պահանջել հարկին, ժողովրդեան կրօնական պիտոյք մատակարարէ, որով հոգեպէս փոքր ինչ մխիթարուին եւ դոյզն ինչ մեղմանան իրենց մարմնական ցաւերն եւ վիշտերն, յորս ընկղմած կը հեծեն յերեսաց տգիտութեան, որպէս ասացի կանխաւ:
       Ահա Խառատունի ծերուկի կարճիկ պատմութիւն, զոր Ուղեւորիս պատմեց իւր տախտկած կուրծքն գաւազանին վերայ կռթնցուցած “առաջին ժամանակը մեր աննման գիւղն՝ այս կիւզալըմ Խառատուն 80 տուն մատղաբաժին ունեցած է, շատերն գնացին էն տափակի երկիր, տէս ու տէն կորան, լմնցան, իմ աչքի լո՛ս”:
       Գիւղիս նախնի բազմահայութեան նշան տուող կը տեսնուին աւերեալ եկեղեցւոյ մը հիմունք, զորս ինձ հպարտ զգացմամբ մը ցոյց տուաւ տեղւոյս երիտասարդներէն մին, որ գիտես թէ մեծ շքազարդ թագաւորի մը պալատ մատնացոյց կընէր իրեն անծանօթ Ուղեւորիս եւ իւր անհամբերութեամբն միշտ 10 քայլ ինէ աւելի յառաջ կը գտնուէր դէպ ի յայդ աննշան, այլ ՊԱՀՊԱՆԻՉ տեղին:
       Խառատունէն ճամբայ ելնելով 1 ժամէն կը հասնիմք ի Մալգաւա, որոյ վերայ յաջորդով: