Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԽԸ. ԱՒԵՐ ԱՏՆԱԿԱՆՑ
       Արալէզ գիւղէն մեկնելով մեր ՈՃՆ յառաջ վարեմք, կէս ժամէն կարող եմք հասնիլ, յԱւեր Ատնականց` Հայ գիւղը, ո՛ւր չիք մարդ եւ անասուն, խաչն եւ արջառ:
       Սոյն աւերակն մի ընդարձակ գիւղատեղի է, որոյ կեդրոնը եկեղեցին կը բարձրանայ կիսակործան, որոյ երբեմն շէն դրան վերաբերեալ բաւական արհեստաւոր քանդակներով խաչաքարն երեսի վերայ պառկած էր ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ դրան առջեւ…: Աստ կտրիճ կարապետիս հետ ուժերնիս միացուցած, այլ անջատ զգացումներով փորձ փորձեցինք սոյն քարն իւր կռնակին վերայ դարձնել դէմքն տեսնելոյ բաղձանօք, բայց չ’յաջողելով` լի թախձութեամբ պահ մը նստանք ‘ի հանգիստ եկեղեցւոյ փլատակաց ստուերի տակը սպասել` որ մի անցորդ հեռուանց անցանէ եւ աստ առ մեզ կոչեմք յօգնութիւն. դժբաղդաբար ճանապարհէն ոչ ոք անցաւ ու մեր համբերութիւն հատնելով կրկին վեր ելանք, նոր ուժով եւ նորոգեալ կորովով ձեռք զարկինք նոյն քարին, որ անմիջապէս տեղի տուաւ այս անգամին մեր աւելի նոր եռանդին քան թէ ուժին առջեւ, որով քարն դարձաւ կռնկին վերայ, մենք տեսանք զիւր դէմքն, որոյ ճաշակաւոր նկարներու միջավայրը կային բաւական հին գրեանք, սակայն ցաւ է ինձ աստանօր ասել թէ նոքա անընթեռնելի մնացին ԳՐԱՍԷՐ եւ ՀՆԱՍԷՐ Ուղեւորիս, վասն զի ժամանակի հնութենէն եղծեալ էին, վերջապէս այդ անկապ քարն սիրտս կապեց մէկ ժամէն աւելի իրեն հետ, որ զլացաւ ինձ մի լոյս:
       Եկեղեցւոյ Արեւելահարաւը կը գտնուի ասացեալ գիւղիս ընդարձակ գերեզմանատուն, որոյ խաչքարինք կամ սրբաքարինք սփռուած են դաշտի երես` ոտքի վերայ կանգուն կեցած, յորոց միոյն ընթեռնելի յիշատակագիրն աստ կը նշանակեմ, ‘ի կրկին յիշատակ իւր անյայտացեալ տիրոջ, “Տէր Յիսուս Քրիստոս յիշեա զղարիպջան խալիֆան թվին ՋԻ”, որ ըսել է 414 տարուան:
       Գիւղիս յԱրեւելահիւսիս 2 քարընկէց հեռու բաւական երկայն լեռնագօտի մի կայ, որոյ ստորոտէն կը բղխի մի քանի անուշահամ աղբերակներ, որոնցմով թերեւս տեղւոյս բնակիչներն իւրեանց անասուններովն եւ ասուններով երբեմն ծարաւնին անցուցած են: Սոյն լերան կողին վերայ շինուած կը տեսնուի մկրտութեան աւազան մը օծեալ խաչքարիւ, որ 280 տարուան որոշ թուականն կը կրէ, ասկէ զատ լերան կողերուն վերայ դարձեալ կը տեսնուի բազմաթիւ խաչեր, որք թէպէտեւ լինին շատ աննշան, բայց իւրաքանչիւրն մի անյայտացեալ ընտանիքի կը վերաբերի:
       ***
       Աւեր Ատնականից տակաւին չ’մեկնած` վերոյիշեալ բարեհամ աղբերակներու քով նստած էի Հայ կարապետիս հետ, առջեւնիս դրուած էր հաց եւ պանիր. տեսայ մի գիւղացի իւր ընտանեօք, երկու կայտառ եւ պարարտ մանկիկներ մի նիհար եզան կռնկին վերայ կապած եւ այրն ու կինն Արեւու կիզիչ տաքութենէն թխցած էին, իսկ եզն բնականէն արդէն կարմիր գոյն ունէր. եկան աստ ջրին եզերքը փոքր ինչ հանգչելոյ. եզան շնչաւոր բեռն (մանկիկներ) վար առաւ գեղջկուհին համեստ եւ պատկառոտ շարժմունքով մը: Մեր գիւղացին ծանօթ եղաւ կարապետիս. բնութեան զաւակն այդ գիւղացին յափշտակուած տեղւոյ գեղեցիկ տեսարանէն` ինքնաբերաբար այս խօսքերն արտասանեց. “աղա՛ տահա աղէկ չէ՞ր, որ էսա մեծ գեղ ՇԷՆ մնար չուր մկայ (մինչեւ հիմա), որ դու փոխանակ հացի հետ պանիր ուտելու, ուտէիր անուշ անուշ ոչխարի սեր եւ կարագ”: