Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԾԳ. ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՎԱՆՈՒՑ ՀՆՈՒԹԻՒՆՔ
       Համանուն գիւղիս կեդրոնավայրը կան Ս. Յովհաննէս եւ Ս. Սիմոն անուամբ երկու աւերակներ, յորոց առաջնոյն մէջ ասկէ 5-6 տարի յառաջ տեղւոյ քահանայներէն մին վիմաքար մը դարձուցած ատեն կը տեսնէ փառահեղ ծերունւոյ մը մարմին, որոյ կապերն անքակ եւ անայլայլ կեցած, յորմէ կը բուրէ անուշահոտութիւն մը յերեսս քահանային, որ կը զարհուրի, իբրեւ սրբոյ մարմինէ, ոյր վերայ երկիւղիւ վիմաքարն վերստին դարձնելոյ կ’ստիպուի:
       Վանուց հարաւային կողմն 4 քարընկէց հեռու կը տեսնուին 2 տաղաւարիկներ, յորոց մին ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉ եւ միւսն ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉ կ’անուանին ու բոլոր ուխտաւորք ջերմեռանդութեամբ ‘ի սոյն նուիրական տեղիս կը դիմեն յուխտ:
       Վանուց Հիւսիսակողմն կայ մի այլ ուխտատեղի, զոր կը կոչեն անճարակաց գերեզման, որում կը դիմեն յուսահատ անձինք իբրեւ վերջնական յուսոյ:
       ***
       Տիրամօր մենաստանիս յանմիջական Արեւելակողմն բլրաձեւ երկայն լեռնակին վերայ եղած լինել կ’աւանդուի քրմապետ եղբարց բնակութիւնն, որոյ տեղին այժմ “Բերդ” կ’անուանեն, վասն զի այդ բնակած քարաժայռին վերայ շինած են երբեմն արհեստական բերդակ մը, յորմէ, իբրեւ ամենաբարձր տեղէ, կ’որոնէին զճանապարհորդս ‘ի կողոպտել. այդ գրութիւնն կը շարունակի մինչեւ ց’դարձ ‘ի Քրիստոնէական հաւատս, որով կեանքերնին կ’ազնուանայ եւ կը թողուն գէշ սովորութիւննին:
       Յիշեալ բերդի Արեւմտեան ստորոտի ձորակին մէջ կան 3 հատ ուրիշ տաղաւարիկներ:
       ***
       Տիրամայր գիւղիս սահմանն չորս կողմանէ շրջապատեալ է Հաշիրէթ կոչուած Քուրդ ցեղապետներէ, որոնց բնակութիւնք 40-էն վեր չեն անցնիր, սակայն ամենամեծ ազդեցութիւն ունին:
       ***
       Տիրամայր վանուց յԱրեւելեան Հիւսիսակողմն, իբրեւ փոքրիկ թերակղզի, մտած է դէպ ‘ի Բզնունեաց ծովն ԲԱԶ անուն մի գիւղ, որ ունի պատուական օդ, ընտիր ջուր եւ զուարճալի դիրք: “Բազն երբեմն նշանաւոր քաղաք եղած է, շինուած մեր Հայկ նահապետի թոռնիկ Մանաւազի որդի Բազ Նահապետ-իշխանէն, որոյ անուամբ ց’արդ կը կոչուի եւ քանի մը տասնեակ դարերու աղճամուղճները ճեղքելով կը գայ եւ հարազատութեամբ առ մեզ կը հասնի այդ ԱՆՈՒՆՆ: Բազ գիւղի մէջ այժմ 10-12 տուն բնակութիւնք կան, յորոց 3-4 տուն միայն Հայ են ‘ի հնուց մնացած:
       Թիմարայ միջնագծին եւ իւր հարեւան կողմերու Տեղագրութեանց վերջ տուած լինելով` այժմ վերադառնամք յիւր Արեւմտակողմն, որոյ Հարաւային ծայրէն շարունակեմք մեր ՈՃՆ կամ ՈՒՂԻՆ հետեւեալ գլխովն: