ԳԼ.
ԺԲ.
Ա.
ՎԵՐԻՆ
ՊՈՒԼԱՆԸԽ
Սոյն
գաւառակն
կը
պարունակէ
15
Հայ
գիւղեր,
որոնց
բնակութեանց
միջին
թիւն
կրնամք
100-ական
տուն
համարիլ
եւ
մենք
զայնս
նշանակեմք
կարգաւ:
ԿՈՓ .
-
Սոյն
գիւղն,
որ
կը
գտնուի
Վերին
Պուլանըխի
կեդրոնավայրը,
կրնայ
գաւառակիս
գիւղաքաղաք
կամ
Մայր-գիւղ
սեպուիլ,
ուր
կը
նստի
գայմագամն
ընդ
գերիշխանութեամբ
Մշոյ
Միւթէսարըֆութեան.
ունի
բանուկ
երթեւեկութիւն
մը
Մանազկերտէն
‘ի
Մուշ
եւ
Մուշէն
‘ի
Մանազկերտ
եւլն:
Տեղւոյս
ժողովրդային
կացութիւնն
փոքր
ինչ
գոհացուցիչ
կողմեր
ունի:
Կոփայ
բնակութեանց
թիւն
է
300
տուն
Հայ,
5
տուն
եւս
եկովի
քուրդեր,
ծառայութեան
մտած
Հայոց
քով:
Հայք
ունին
երեք
եկեղեցի,
որք
են
Ա.
Ս.
Աստուածածին,
30
տարուան
շէնք.
Բ.
Ս.
Թուխ
մանուկ,
65
տարուան.
Գ.
Ս.
Գէորգ,
որ
չունի
իւր
շինութեան
թուական
եւ
ոչ
իսկ
գործածելի
է:
Ամեն
եօթնեկի
իրիկունները
վերջի
մատրան
ներս
եւ
դուրս
կը
ժողովին
եւ
կարգաւ
կը
վառեն
մոմ,
եւ
‘ի
ճրագի
կը
լեցնեն
նուիրական
տլուզէն
(շատ
փոքր
բարչ
կամ
1/2-1
օխա
պարունակութիւն
ունեցող
սափոր)
նուիրեալ
ձէթ,
յետոյ
կը
ծխեն
խունկ,
որոյ
բուրումն
պառաւ
կանայք
երեսնին
առնելով
կը
խաչակնքեն
եւ
փառք
կը
տան
Աստուծոյ,
որ
այդ
մատուռիկ
պահպանած
է
մինչեւ
ց’արդ:
Ունին
հինգ
վեց
հատ
քահանայ,
ողորմելի
մտօք,
այլ
բարեպաշտ
զգացումներով:
Նախակրթարան
մը,
որ
Վերին
Պուլանըխի
մէջ
առաջին
լինելոյ
յաւակնութիւնն
ունի,
եւ
ուր
կուսանին
50-60
աշակերտներ,
կայտառ
եւ
ժիր:
Նախակրթարանիս
դասատուն
է
Վահան
Մարտիրոսեան
անուամբ
Լիզցի
երիտասարդն,
որ
մի
եւ
նոյն
ատեն
կառավարչի
պաշտօնն
ալ
կը
վարէ:
Դասատուն
թէեւ
կարող,
այլ
դրութիւնն
ապարդիւն
կընէ
իւր
ջանքերն,
զորս
անձամբ
տեսի
եւ
գովեցի
զինքն,
որ
օժտեալ
էր
ազնիւ
յատկութիւններով:
Աստ
անհրաժեշտ
է
կանոնաւոր
նախակրթարանի
մը
բացումն:
Գիւղս
ազգային
տեսակիտով
մեծ
արժէք
եւ
կարեւորութիւն
ունի.
սակայն
զայնս
իւրեան
տալու
է
կրթական
ուղղութեամբ:
Ներկայ
դասատուն,
որպէս
վերեւ
յիշեցի
թէեւ
լինի
բաւական
զարգացեալ
եւ
ազնիւ
բնաւորութեամբ,
այլ
անբաւական
է,
ըստ
որում
դպրոցական
ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ
պէտք
ունի.
իմ
սիրտն
շատ
կը
յուզուէ
ամեն
անգամ,
երբ
կը
տեսնէի
տեղւոյս
առոյգ
մանուկներն
եւ
անձնանուէր
դասատուն:
Կոփայ
Հարաւային
Արեւելակողմն
1/4
ժամ
հեռու
է
Ս.
ԴԱՆԻԷԼ
կոչուած
սիրուն
մենաստանն,
ո՛ւր
Միացեալ
Ընկերութիւն
բարձրագոյն
նախակրթարան
մ’ունէր,
երկու
տարի
յառաջ
եւ
այժմ
գոցուած.
թէ
ինչո՞ւ,
պատասխանն
Տեղագրութեանս
նպատակէն
թէեւ
քիչ
հեռու,
բայց
շատ
ընդարձակ
լինելով՝
աստ
անյիշատակ
թող
տալոյ
պարտաւորեալ
եմ,
թէպէտ
ներշնչուած
լինիմ
այս
պահուս
խղճիս
յանձնարարուած
խնդիրներէն:
***
Կոփայ
Ս.
Դանիէլ
վանքն
ունի
երկու
երեք
վարդապետ
եւ
մի
քանի
խոտաղ,
մշակ,
կով,
եզ,
ոչխար,
ընդարձակ
եւ
ընտիր
արտօրայք:
Սոյն
վանքն
գաւառիս
լուսաւորութեան
միջնորդ
կրնայ
հանդիսանալ,
եթէ
պէտք
եղած
խնամք
տարուի
կրթութեան
եւ
դաստիարակութեան
գործին:
Վանուցս
ջուրն
նուազ
է,
որպէս
եւ
բարոյական
լոյսն,
ասոնց
երկուքն
ալ
ձեռք
բերելոյ
համար
բնաւ
դժուարութիւն
չկայ՝
երբ
ԿԱՄՔ
լինի:
Ս.
Դանիէլ
զուրկ
է
նաեւ
գրական
կեանքէ:
ՇԵԽ-ԵԱՂՈՒՊ.
-
Սոյն
գիւղն
կը
գտնուի
նախորդի
յԱրեւելահարաւ
շինուած
զառիվայրներու
վրայ.
ունի
բաւական
լաւ
տեսարան
եւ
փոքր
ինչ
անպտուղ
ծառաստան:
Բնակութեանց
թիւն
է
150.
ունին
եկեղեցի
եւ
մի
ծաղկոց
անյարմար
շէնքով,
որ
ամառուան
համար
է
միայն,
իսկ
ձմեռը
կը
մակաղուին
ախոռի
մի
անկիւնը,
կը
տաքնան
անասնոց
շունչերով
եւ
կ’ուսանին
պարզ
դասատուի
մը
մտքով.
մանկանց
թիւն
40-էն
աւելի
է,
որոնց
Հայրերն
դժբաղդաբար
նախանձելի
բնաւորութիւն
ունենալէ
հեռու
կը
գտնուին:
Աստ
կայ
մի
քանի
տուն
բողոքական՝
Հոգւոյն
Սրբոյ
առաքեալ,
որք
զայլս
որսալոյ
արհեստին
մէջ
քաջ
հմտութիւն
ունին:
Տեղւոյս
ուսուցիչն
ազնիւ
եւ
առաքինի
է,
այլ
կարօտ
դպրոցական
ՀՐԱՀԱՆԳԻ,
զոր
կրցայ
իմովսանն
իւրեան
տալ.
վերջապէս
գիւղիս
նոր
սերնդեան
կրթական
վիճակն
զիս
իրաւամբ
օրն
‘ի
բուն
բանտարկեց
տեղւոյ
մի
խոնաւ
անկիւնը,
որմէ
երկօրեայ
գլխի
ցաւ
մը
ժառանգեցի
եւ
որում
համբերեցի
առանց
տրտունջի,
վասն
զի
սիրով
բնակեցայ
հոն
եւ
ոչ
բռնութեամբ,
մանաւանդ
որ
հաւատացի
թէ
կրթական
տեսութեամբ
օգուտ
մ’ընծայեցի
40-էն
աւելի
Հայ
մանկանց
ապագայի
զարգացման
համար:
ԽԱՉԼՈՒ.
-
Հայ
գիւղ,
որոյ
20
տարի
առաջ
եղած
50
տուն
բնակիչներէն
այժմ
հազիւ
7-8
տուն
մնացած
են.
իւրեանց
դրացի
են
այժմ
35
տուն
Քուրդ
եկաւորք,
որք
լաւ
կ’ապրին
ապրած
բնիկներուն
հետ:
Գիւղիս
գերեզմանատանց
քարերն
աստ
եւ
անդ
թաւալած
են
եւ
ոմանք
եւս
կը
գործածեն
շէնքերու
համար
առ
‘ի
չ’գոյէ
այլ
քարանց:
Աստ
ուղեւորի
աչքին
առջեւ
կայ
ընդարձակ
դաշտ
մը,
որոյ
մի
կողման
վերայ
դարձեալ
կը
տեսնուի
մի
Հայ
գիւղ
աւերեալ,
որ
“խաչան”
կ’անուանի,
ո՛ւր
չ’կան
մարդ
եւ
անասուն,
խաշն
ու
արջառ:
Գիւղիս
առընթեր
կը
գտնուի
Խաչլուանայ
սիրուն
լճակը,
ոյր
շրջապատն
11/2
ժամ
կը
տեւէ:
Սոյն
լճակն
երբեմն
վերոյիշեալ
աւերակ
գիւղի
անուամբ
կը
կոչուի
“խաչան”,
որ
անուշ
ջուր
ունենալով
հանդերձ,
իւր
մէջէն
անուշ
ջրոյ
յորդումներ
ալ
կան,
երկրի
արգանդէն
դուրս
տուող:
Խաչանն
կ’ոռոգանէ
Շէխ-եաղուպայ
լայնատարած
դաշտերու
մեծագոյն
մասն:
Մի
երկայն
օրուան
կէս-օրին
էր,
որ
հասայ
Խաչանի
ափանց
քով,
ինձ
հետ
ունէի,
բաց
‘ի
կարապետէս,
մի
կարճահասակ
քահանայ,
դա
շատ
քիչ
գրել
ու
կարդալ
գիտէր.
բայց
տեղւոյ
բնութիւնն
չէր
զլացած
իւրեան
ներշնչելոյ
բանաստեղծական
հանճար
մը,
զոր
յանգէտս
ցոյց
կը
տայր
ինձ
իւր
խօսից
մէջ.
այս
պահուն
Խաչանի
եզերաց
ալիքներն,
Հարաւային
կողմերէն
շարժեալ,
կ’աղմկէին
մեր
ճանապարհի
տեսակցութիւնն
այդ
պլուզ
քահանային
հետ.
խորհուրդներով
միտքս
յանկարծ
պաշարուեցաւ
թէ
արդեօք
ի՛նչ
կամէին
ասել
ալիքներն,
որոց
լեզուն
բնութիւնն
չէր
կապած,
միայն
թէ
ես
չէի
կրնար
հասկնալ,
իսկ
քահանայն
անուս
եւ
անգէտ
հմուտ
էր
նորա
լեզուին
եւ
մտքին,
այլ
չեղաւ
թարգման
ինձ
համար,
զի
յոյս
չունէր
թէ
լսելի
պիտի
լինէին
այդ
լճակի…
ձայներն
Ուղեւորիս
կողմանէ:
ԽԱՐԱՊԱ
ՇԷՀԻՐ.
-
Ունի
շէն
անցեալ
մը.
այժմ
20
տուն
Հայ
եւ
կը
գտնուի
Պլեճան
լերան
ստորոտը.
սոքա
շատ
պարագայից
մէջ
կը
մխիթարուին
ոչ
թէ
յիշեալ
Խաչանովն
ալ
‘ի
խաչ
հանեալովն,
յանուն
որոյ
օծեալ
ունին
շատ
քարեր
այդ
հին
քաղաքին
մէջ:
ԲԼՈՒՐ.
-
Յար
եւ
նման
նախորդ
գիւղին:
ԲԻՐԱՆ.
-
Սորա
բնակութեանց
թիւն
է
50.
ունին
հին
եկեղեցի
մը
եւ
նոր
քահանայ
մը,
որոյ
հետ
բաւական
երկար
տեսնուելոյ
առիթ
ունեցայ.
դա
հոգեւոր
պաշտօնեայ
լինելով՝
բնաւ
խօսիլ
չէր
ուզեր
հոգւոյ
աշխարհի
բաներուն
վերայ,
այլ
միշտ
զիւրեանց
մարմնաւոր
կեանքէն
առատաբար
կը
պատմէր
եւ
իւր
պատմութիւնքն
լի
էին
քաղցր
եւ
աւելի
թթու
դէպքերով
եւ
կսկիծներով,
որոյ
դարման
մը
տանիլն
ուղեւորիս
համար
չէր:
Այս
պահուս
միտքս
չունէր
հաճութիւն
քահանայի
բոլոր
ըսածներուն
ուշի
ուշով
ունկն
դնել,
զի
մեկնելոյ
ժամս
կը
մօտենայր
եւ
ապա`
հարցուցի
թէ
ի՛նչ
է
ձեր
եկեղեցւոյ
անունն,
տուած
պատասխանն
աստ
նոյնութեամբ
կը
նշանակեմ,
զոր
միտքս
լաւ
կը
յիշէ
“օրհնած
աղա,
ես
ի՛նչ
գիտեմ,
որ
կը
հարցնես
մեր
ժամու
անուն,
իմ
գիւղի
ժողովուրդ
էլ
չ’գիտեր
էտա
բան,
վարժապետ
ալ
չ’կայ
որ
սորվեցնէ
ամենեցուն”
այս
խօսքն
ըսաւ
թէ
չէ
յարեց
“մենք
մեր
տարտերէն
մէկ
օր
Քրիստոսի
անունն
էլ
պիտի
մոռնանք,
դու
եկած
ես
ինոր
ժամն
կը
հարցանես”:
Ինչ
որ
է,
Բիրան
գիւղի
եկեղեցւոյ
անունն
ինձ
անծանօթ
եւ
այլակրօն
կարապետիս
անհաւատալի,
ես
մեկնեցայ
հետեւեալ
գիւղը,
որ
Կոփայ
յԱրեւելակողմն
կը
գտնուի
եւ
գրեթէ
Ապահունեաց
եւ
Մանազկերտի
միջասահմանն
կազմող
գծին
կը
պատկանի: