Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԶ. ՀԵՏԱՔՐՔԻՐ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԻՆ ԽԱՉԱՔԱՐ ՄԸ
       Աղի վաճառատեղւոյն Արեւմտեան Հարաւակողմն, որ բլրային եւ ձորային է, 5 վայրկենի հեռաւորութեամբ երկու ընդարձակ բլրոց միջավայրը՝ ցամքաց աղբիւրի մը քով հին բնակութեանց նշմարանքներ կային, ինձ թուեցաւ լինիլ վանքի մը տեղի, որոյ վերաբերութեամբ փորձառու Հայ կարապետս հետեւեալ պատմութիւնն ինձ ըրաւ, “8 տարի յառաջ երբ մէկ որ այս ճանապարհէն ‘ի Պուլանըխ կ’երթայի, ճանապարհի այս ինչ աղբիւրի քով (յիշեալ ցամքած աղբիւրն է, զոր ինձ յետոյ ցոյց տուաւ) հանգիստ մ’առնուլ նստայ, հոգնութենէս ընկայ ‘ի քուն եւ տեսայ երազիս մէջ մի սուրբ մարդ, որ իւր անունն ինձ չ’ասաց. մարդն ձիւնի պէս ճերմակ մազ մորուքով էր, աչքիս շատ ալեւոր երեւցաւ, որ քշեց եկաւ վրաս եւ զիս կը ծեծէր ասելով թէ “ամեն ատեն իմ այս վանքի ճանապարհէն կ’երթաս ու կուգաս, է՞ր դու չ’ես գար զիմ գերեզման մի անգամ տեսնել, որ այս ինչ բլրոյ գլուխն է “ես արթննալուս պէս ձեռքս դողալ սկսաւ վախնալով գնացի անոր ըսած տեղը եւ գտայ կիւզալըմ խաչաքար մը, զոր համբուրեցի եւ տակի հողերէն քիչ մը իմ երկու աչքին վրայ քսելով ճանբայ ընկայ”: Այս ջերմեռանդ Հայու խօսքերն զիս հետաքրքրութեամբ լցուցին եւ ուզեցի գիտնալ թէ արդեօք ո՞ւր է այդ քարն, ոյր վերայ իմ կարապետն զմայլմամբ կը խօսէր եւ որոյ ոտքի տակի հողն իւր երկու աչաց վերայ քսած էր:
       Մարդուն հետ մեր ճանապարհէն շեղեցանք երթալ տեսնելոյ համար այդ կիւզալըմ քարը եւ ցոյց տուած տեղը շատ փնտռեցի. սակայն չ’կրնալով զքարն գտնել, յոյսերնիս կտրեցինք եւ մարդուն խօսքը պահ մ’ինձ թուեցաւ շինծու: Քիչ մ’ետքը իմ ջերմեռանդ կարապետն ամօթահար՝ գնաց մերձակայ ձորակը, ուրկէ ձիս պիտի բերէր ‘ի մեկնիլ. յանկարծ, նման Քոլոմպոսի Ամերիկան գտնելուն, սաստիկ ուրախութենէ մը բռնուած՝ զիս կոչեց բարձրաձայն թէ “արի՛ գտայ, արի՛ գտայ, ԻՄ սրբոյ քարն կլորեր են այս ձորակի մէջ. շուտ արի՛, տես ճիշդ համբուրածս քարն է, զոր աղէկ կը ճանաչեմ, որ առաջ իւր բուն տեղն եղած ատեն ոտքի վերայ ԿԱՆԳՈՒՆ կեցած էր եւ հիմա որ հին տեղին փոխած է, թաւալագլոր եկած ու ընկած է այս տեղ երեսի վերայ”:
       Ճշմարտախօս կարապետիս այս կոչին վերայ դիմեցի յայն ձորակն՝ գիւղացւոյն անանուն սրբոյ տապանաքարն տեսնել եւ արդարեւ գտանք, եւ կարապետիս հետ բազում ճգամբ փորի վրայէն զայն դարձուցինք յիւր կռնկին. ես տեսայ դորա կերպարանքն, զոր զմայլմամբ ինձ կը նկարագրէր երբեմն երազատես գիւղացին:
       Յիշեալ քարն ունի 11/2 մեթր երկայնութիւն եւ 1/2 մեթր լայնութիւն, 1/4 մեթր խորութեամբ. խաչաքարն կը խօսի ամենահին լեզուաւ մը, հակառակ Տեղագիր-Ուղեւորիս թախանձանաց, չուզեց բնաւ զիւր տարիքն յայտնել, թէպէտեւ եզերաց վերայ ունէր թուական եւ գիր, զորս ժամանակն անընթեռնելի ըրած էր. երկու ժամէն աւելի վատնեցի զմելիով քերելով եւ քերթելով զայս տապանաքարի շրջապատի տառերն. սակայն ինձ համար լոյս մը առնուլն անկարելի եղաւ. նկարագրեմ այժմ գէթ իւր դէմքն:
       Սոյն ոչ մարմարիոնէ, այլ ամուր քարին վերայ գեղեցկօրէն քանդակեալ է մի պատկառելի եպիսկոպոսի կերպարանք, խաչն ‘ի ձեռին պատարագի զգեստներով՝ չաթալ թագն գլուխը դրած, գլխուն վերայ երկու կողմանէ ջահեր կախուած են. եպիսկոպոսի աջակողմն վայրի սիրուն ոչխար մը կայ, որոյ գառնուկն կաթ կը ծծէ եւ մայրն յօժարակամ յոտին կեցած՝ կը լիզէ զանի (զգառնուկն):
       Տապանաքարի բոլորտիքը գրերու շրջանակէն ներս մի քանի աղաւնիներ փորուած են քարն անշուշտ մի ամենաճարտար Հայ արհեստաւորի ձեռագործն է, եւ ո՛վ գիտէ ո՛ր դարուն պատկանող. բուռն փափաք մի ունէի զայս քարն փոխադրել, եթէ մօտակայ մի Հայ գիւղ գտնուէր. բայց դժբաղդաբար Հայ բնակութիւններէ շատ հեռու լինելով՝ քարն եւս ծանր ու ճանապարհներն լեռնոտ. այս պատճառաւ քարն կեցաւ հոն, ուր որ էր:
       Աստ կը տեսնուի մի այլ քար մէկ խորանարդ մեթր մեծութեամբ, յատուկ տաշուած, ոյր համար կ’աւանդեն թէ “իտոր տակէն 60-70 տարի յառաջ գանձ հանուած է”: Սոյն վերջի քարին վերայ փորուած է երկրագործի խոփն եւ կը գտնուի մերձ այն վայրին, զոր ես վանուց տեղի կարծելով չէի սխալած:
       Տեղւոյս նկատմամբ՝ խնուսցի մի Հայ ինձ պատմեց թէ՝ ինքն 14 տարի յառաջ ոսկի մը գտած էր աստ՝ անհաւասար եզերք ունեցող, ոյր երկու երեսներուն վերայ պատկերներ կոխուած եւ մեծութեամբ ճերմակ մէճիտէն քիչ փոքր, առանց դորա արժէքն գիտնալոյ կը տանի զայն ‘ի Խնուս եւ 4 Օսմ. ոսկւոյ կը վաճառէ:
       Թուղլայի ձորէն մեկնելով շարունակեմք մեր ՄԵԹՈՏԸ կամ ՈՃԸ դէպ ‘ի Հիւսիս եւ 11/2 ժամուան ճանապարհ ընդարձակ զառիվերեր կտրելով՝ կիջնեմք զառիվայրէ մը եւ կը ժամանեմք Խնուս գաւառի Արեւելեան ծայրը: