Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԳ. Ս. ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍԷՆ ԻՄ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
       Աղբակ գաւառի սոյն հռչակաւոր եւ եզական վանուց Ս. ՏԱՃԱՐԻՆ, Առաքելոյն խնկելի ՏԱՊԱՆԻՆ եւ եկեղեցւոյ ՀԻՄՆԱՔԱՐԻՆ իմ վերջի հրաժեշտի քաղցր եւ սրտաբուխ համբոյրս դրոշմելով ճամբայ ելնեմք եւ վերոյիշեալ ուղղութեամբ 11/2 ժամէն ընդարձակ դաշտօրայք եւ արտօրայք կտրելով կը հասնիմք հետեւեալ գիւղ:
       ԷՐԸՆԿԱՆԻ. - Ունի 60 տուն բնակիչ, որոյ 1/4 Քուրդ: Հայք ունին կոփածոյ սեւ, այլ ընտիր քարերէ շինուած խաւար եկեղեցի մը, որոյ մթութիւնն յառաջ եկած է նախ պատուհանաց տարօրինակ փոքրութենէն, երկրորդ` պարսպաց քարերու գոյնէն: Եկեղեցին կառուցեալ է յանուն Ս. Ստեփաննոսի, եւ կը կրէ ՌՃԹ Հայոց թուականն: Ունին 2 քահանայ, մի ծաղկոց 25 աշակերտով եւ մի ուսուցիչ, դպրոցի զարգացման վիճակն շատ խեղճ է եւ այս խեղճութիւնն դասատուն վերագրելն՝ անարդար:
       Տեղւոյս մանուկներն թէեւ լինին գեղջուկ, մերկ եւ բոկան, այլ ժեր են եւ կայտառ:
       Էրընկանի մէջ Ս. Սարգիս եւ Ս. Ծիրանաւաոր անուններով երկու հին եկեղեցեաց տեղիք կը տեսնուին, յորոց իւրաքանչիւրն իւր գերեզմանատան ընդարձակ տապանաքարներէն շրջապատեալ է, որոց գլուխներն մարմնոյ զանգուածի ծանրութենէն ստիպեալ՝ ծռուած են յԱրեւմուտըս: Տապանաքարանց վերայ 6-650 տարուան անյիշատակագիր թուականք կը նշմարուին, այս առթիւ տարեւոր անձինք կ’աւանդեն թէ “200 -250 տարի յառաջ գիւղիս բնակչաց թիւն էր 500 տուն, սոյն կարճիկ, այլ բաւական որոշ աւանդութիւնն ըստուգութեան կը մերձի երբ ի նկատ առնուի գիւղիս ընդարձակ շրջապատն իւր հինաւուրց տներու փլատակներովն:
       ***
       Էրընկան ունի հողային ընդարձակ կալուածներ եւ խիստ արգասաւոր, պատուական վայրեր ոչխար սնուցանելոյ համար, միայն թէ ջրոյ փոքր ինչ նուազութիւն կայ: Տեսարանն լաւ ու երեք կողմանէ հեռաւոր եւ մերձաւոր լեռներէ շրջապատեալ է: Ձմեռն սաստիկ ցուրտ կը փչէ լերանց միջավայրերէն, այնպէս որ գիւղէս 10 վայրկեան հեռու երբեմն մարդ կը սառի կամ ձեան փուքի բռնուելով կը խեղդուի, որպէս ինձ պատմեցին մի քանի ցաւալի օրինակներ գիւղիս ականատեսքն:
       ՄԱՅԱՅ ԵՒ ՄԱՅՏԱՆՈԿԱՅ ՍԱՐԵՐ (ԼԵԱՌՆ)
       Էրընկան գիւղի յԱրեւմտակողմն 1/2 ժամ հեռու կան երկու լայնայատակ լերինք, յորոց մին Մայայրսա կը կոչուի, որոյ գլուխը կը գտնուի անծանօթ սրբոյ մը կամ ճգնաւորի մը գերեզման եւ Մայտանոկայ սար: Սոյն երկու լերանց Արեւելեան ստորոտը շինուած է ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ անուամբ մի փոքրիկ, այլ կոկիկ եւ գեղեցիկ կաթուղիկէով վանք, որ այժմ դեռ հաստատուն եւ կանգուն կը կենայ անվնաս ապրելով երկդարեան ամայութեան եւ խորին լռութեան մէջ: Առ այս մեր ալեւորաց աւանդութիւնն կըսէ “260 տարի յառաջ այս սիրուն մենաստանիկ ունեցած է կանոնաւոր միաբանական ուխտ եւ ՀԱՑԻ համար մեծամեծ ամբարներ”, որպէս իւր ձեռագիրներն ցոյց կըտան պահուած ‘ի Վանս Վարագայ:
       Յիշեալ անմարդաբնակ վանքն ուխտատեղի է այս կողմերու Հայ գիւղացւոց, որոնք Ս. Աստուածածնայ տօնին խուռն բազմութեամբ հոն կը դիմեն եւ միահամուռ ուրախութեամբ կը յիշատակեն դորա Ս. անունն իւր սգաւոր մենաստանի տխուր փառաց մէջ:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Էրընկանէն մեկնելով փոքր ինչ ուղինիս յառաջ տանելէ ետքը՝ կը հանդիպիմք “Կարապուլի” կոչուած գիւղը, որ մեր ճանապարհէն 3 քարընկէց հեռու կը գտնուի. բնակիչք 20 տուն, կիսով չափ Հայ եւ մնացեալն Քուրդ:
       Տեղւոյս Հայք ունին կիսակործան եկեղեցի մը, որ այժմ անգործածելի է, ուրիշ գիւղերու դիմելոյ ստիպեալ են, երբ անհրաժեշտ հարկ լինի կրօնական մատակարարութեանց համար. զի ո՛չ քահանայ եւ ո՛չ դպրոց ունին: Էրընկանի քահանայն կայցելէ աստ, հոգին բերան եկած:
       Կարապուլի գիւղիս Հայ բնակիչներէն միոյն պատահեցայ, ում երբ ԴՊՐՈՑ կամ ՎԱՐԺԱՐԱՆ կը հարցունէի, այդ աշխարհի ողորմելին եւ դժբաղդ արարածն չ’կրցաւ գիտնալ յիշեալ երկու բառերու ամենապարզ նշանակութիւն, զոր հասկանալի լեզուաւ, մ’իւրեան տալէս յետոյ խեղճ մարդն Ա՜Խ ՄԸ քաշեց, որ յանկարծական ցնցում պատճառեց իմ ճիղերուն, որոնք գիտես թէ էլեքտրական շանթէ մը զարնուեցան վայրկենապէս. այս պահուս իմ աչքերն թէեւ լեցուած էին, այսու ամենայնիւ անկշտօրէն կը դիտէին զՀԱՅՆ, որ ունէր ազնիւ բնաւորութիւն, դարով հաւատարիմ հոգի եւ սիրտ մը խոնարհ անվեհեր, սակայն մեր կարճամիտ ՀԱՅՆ Արեգական լուսէն զատ ուրիշ լոյս մը չէր տեսած եւ ոչ իսկ անոր վերաբերութեամբ բան մը լսած, որով կարենար ճանաչել զաշխարհս:
       Այս միջոցին ես կը ջանայի դպրոցի, թղթի, գրչի եւ մանաւանդ ԳՐԻ վերայ խօսիլ եւ ինձ մտիկ ընել տալ, իսկ նա (գիւղացի ՀԱՅՆ) կամէր խօսիլ Պտանկօլիին վերայ, որ Էրընկանին եւ Կարապուլիին միջավայրը կը գտնուի եւ լեռնային տեղի մի է, ո՛ւր ճանապարհորդաց համար երբեմն վտանգներ անպակաս են:
       Մեր սոյն Պղտօն (Պաղտասար) ինձ պատմութիւն ըրաւ նաեւ Կարապուլիէն մի քանի քարընկէց հեռու ի Հիւսիսակողմն Միրաւա կոչուած ձորին վերայ, որոյ մէջ դարձեալ շատ անգամ մարդոց սիրտ կուտայ եւ չ’առներ: Մեր վերջի բարեւն բարեմիտ Պղտօյին տալով շարունակեմք մեր ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ: