Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ ԼԲ.
       Վանայ մեր դրացի Մահմէտականաց կրօնական, կրթական, արհեստական կողմերն եւ կացութիւնն:
       Վանայ մեր դրացի տարակրօն Հայրենակիցք քաղաքի մէջ ունին 4 հատ գլխաւոր մզկիթներ, յորս նշանաւորն է Ղուրշուն ճամըսը կոչուածն, իւրաքանչիւրն ունի իւր նախակրթարանն. կայ եւ մի Րիւշտիէ (ուսումնարան), որոյ պաշտօնէից ծախքերն տեղական կառավարութեան կողմանէ կը հոգացուին:
       Այգեստանի մէջ տաճիկներն ունին բազմաթիւ աղօթատեղիներ, սակայն շինութեանց եւ դրից կողմանէ ոչ նշանաւոր, մեծագոյն մասամբ ունին իրենց առընթեր կամ կից կարդալոյ յատկացեալ բնակավայրեր, ուր լաւ կը դասախօսեն կարդացւորներն ուսանողաց:
       ***
       Քաղաքիս Մահմէտականքն առ հասարակ կալուածատէր են հողային եւ տնային. ունին մեծամեծ եւ ջրարբի պատուական արտօրայք: Իրենք շատ քիչ արհեստով կզբաղին, ոմանք պաշտօն ունին կառավարութեան դուռը: Միջին եւ ստորին դասերէն փոքրիկ մաս մը կզբաղի նպարավաճառութեամբ եւ կենդանեաց առ եւ տրով, արհեստաւորքն շատ հազուագիւտ են, միայն պարտիզպանութիւնն եւ պախեզպանութինը (սեխ եւ ձմերուկ հասցնելն) գրեթէ իւրեանց յատուկ են: Կը պահեն էգ (մանտայ) եւ կով, որոց կաթովն ու մածունովն երջանիկ կապրին, որպէս եւ այգեաց պտուղներովն, զորս առ հասարակ Հայերն ծախու կառնուն: Վանայ մեր դրացի այլակրօն Հայրենակիցքն, ընդհանրապէս մտածելով, պալատներ եւ տներ շինելոյ բնաւ հետամուտ չեն երբ դրամնին վխտայ իսկ, այլ ընդհակառակն կուզեն ամեն ինչ ծախել եւ հողային (արտ մանաւանդ) կալուածներ ձեռք բերել: Իւրեանց ընտանեկան շրջանակին մէջ դարձեալ գովութեան արժանի պարզութիւն եւ չափաւորութիւն կը տիրէ թէ արանց եւ թէ կանանց վերաբերութեամբ: Ազգասիրական զգացումնին շատերու նախանձն կրնայ շարժիլ իրենց ունեցած այս ազնիւ յատկութիւնն վրաս պարտք դրաւ, որ աստ անյիշատակ չ’թողում զիրենք, որոց մեր Հայոց հետ ունեցած յարաբերութիւնն ուրախառիթ երեւոյթներէ չ’կարծուիր որ զերծ լինի. այո՛ կենսական ԽՆԴԻՐ մի է այս երկու տարասեռ Հայրենակցաց յարաբերական վիճակի քաղցրութիւնն, զոր կը փափաքիմ տեսնել ամենու սրտին մէջ անխտրապէս:
       Տեղւոյս Թրքաց մի լաւ սովորութիւն
       Քաղաքիս Թուրքերն մի գեղեցիկ սովորութիւն ունին, որ իւրեանց նախնիքներէն ժառանգած են եւ զոր ցա՛րդ կը շարունակեն անփոփոխ, անարատ եւ անխափան:
       Սոքա սովոր են, ձմեռ ատենը, 6 ամիսէ աւելի իւրաքանչիւր թաղեցին գիշերներն ընթրիքէն անմիջապէս յետոյ երկայն չուպուխնին լեցուցած եւ կրակի բռնած՝ ‘ի խորհուրդ կը գումարին՝ թաղի գլխաւորին փակախ (ախըռ), որոյ կեդրոնը յատուկ տեղի կայ որոշեալ, ո՛ւր գիշերային նիստերնին կընեն, որ 5-6 ժամ կը տեւէ, դուն ուրեք կը վիճեն: Սոյն ժողովոյ նիստն օթուրմազ կանուանեն, որոյ մէջ իւրաքանչիւր անհատ, տանուտէրէն սկսեալ առաջնութեան կարգաւ, կը խօսին, նախ նոյն օրուան մէջ իւրեանց գլուխէն անցածներ, առած փորձառութիւնք, եւ դէպքեր կը պատմեն եւ երբ մեկնելոյ ժամն չհասած՝ օրական կենաց անցքերու պատմութիւնն վերջանայ, յայնժամ կ’սկսին զանցեալէն, զներկայէն եւ զապագայէն խօսիլ, խորհրդակցիլ, հեռատեսիլ… եւ անձնական կարծիքներն իրարու յայտնել իւրեանց կրօնական, ազգային եւ քաղաքական տեսակէտներով: Այս գումարման մէջ չ’կան ընտրեալ Ատենապետ եւ ատենադպիր, եւ ոչ նիստերն արձանագրելոյ սովորութիւն, այլ ամեն ինչ բերանացի եւ մտացի է:
       Սոյն ժողովոյ մէջ կը տեսնուին զարմանալի լռութիւն, կարգապահութիւն եւ զիրեար յարգեցողութեան այլ եւ այլ ձեւեր. մի քանի անգամ, որ ականատես լինելով՝ մարմնոյ եւ միանգամայն հոգւոյ աչօք դիտած եմ ժողովոյս դիրքն եւ վիճակը իսկոյն Հռովմէական ծերակոյտներու պատկառանքն մտացս մէջ անդրադարձ են: Մեր Օսմանցի Հայրենակցած այս ԳԵՂԵՑԻԿ սովորութիւնն աստ յիշեցի իւր ունեցած օրինակելի բնութեան համար:
       ***
       Վանայ Հայերէն քիչեր հողային կալուածներ ունին. նոքա եւս աւելի ‘ի գիւղօրայս՝ որոց հետ յատուկ շահեկանութիւն ունին:
       Պատուաբեր բացառութիւնք ընդունելով վանեցիներէն շատերն անհաշիւ կեանք կը վարեն եւ մեծ պէտք ունին իւրեանց դրացի տաճիկներէն օրինակ առնուլ իրենց ապագայն պատրաստելոյ համար, զի ընդհանրապէս նախանձելի հեռատեսութիւն եւ ապահով նիւթական վիճակ մը չունին (‘ի բաց առեալ բացառութիւնք). շատերն հակամիտ են ‘ի Պօլիս պանդխտելոյ, ո՛ւր շատ անգամ, փոխանակ յոյսերնին պսակելոյ, ափսո՜ս կեանքերնին կը վերջանայ, այսու ամենայնիւ Վանեցին ունի ընտանեկան հարազատ կեանք մը եւ լաւ ձիրքեր (մասնաւոր բացառութեամբ) փայլելի մանաւանդ յապագային, ո՛ւր հասած ատեննիս նոր սերունդն առած պէտք է լինի ԸՆՏԻՐ դաստիարակութիւն մը: