Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԵ. ՎԱՐԱԳԱՅ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ՎԱՆՔ
       Սոյն վանքն շինուած է համանուն լերան Արեւմտեան Հիւսիսակողմն, Վանայ Արեւելակողմն ու անկէ 2 ժամ հեռու, ‘ի հնումն եօթ հատ հոյակապ տաճարներ ունէր, յորոց երկուքն միայն մնացած են հաստատուն, միւսներէն ոմանք կարեւորութիւննին կորսնցուցած են եւ ոմանք եւս ‘ի հնուց անտի աւերեալ կը կենան: Սոյն վանքը Լուսաւորչաշէն է, բայց վերանորոգութիւնք շատ տեսած է դարերու եւ փոփոխութեանց ձեռամբ:
       ԱՒԱԳ ՍՈՒՐԲ ՆՇԱՆ
       Այս եկեղեցին՝ այժմ փառաւոր եւ շէն, կառուցեալ է կոփածոյ քարերէ եւ կանգնած 4 քառակուսի սեանց վերայ, ո՛ւր Տրդատայ, Լուսաւորչի եւ այլ մեծ մարդոց պատկերներ նկարուած են հնէն: Եկեղեցւոյս աջակողմեան դասի մէջ կը գտնուին Սենեքերիմ Արքայի եւ Պետրոս Գետադարձի պատկառելի շիրիմներն, որոնք կը պահպանուին յատուկ խնամօք: Տաճարն նոյնպէս հսկայ եւ գմբեթաւոր է: Վանուց……
       երկու սիւներն ըստ աւանդութեան, “Տրդատ իւր երկու թեւերու տակն առած՝ Վերին Վարագէն բերած է”: Վանքն ունի ընդարձակ նստուածք եւ 50-60 հատ սենեակներ, որք երկայարկ են եւ կը շրջապատեն գեղեցիկ բակ մը, (ուր կայ լաւ աղբիւր մը) ու կը բոլորուին դարձեալ մեծամեծ այլ բակերէ եւ ապա բարձր պարիսպներէ: Վարագայ սոյն նշանաւոր մենաստանն ունի սքանչելի տեսարան, ընտիր կլիմայ եւ պատուական ջուր:
       Վանքն իր մերձակայ բոլորտիքովն շրջապատեալ է պտղատու եւ անպտղատու ծառերէ, որոց հովանեաց ներքեւ Վանայ Հայ ժողովուրդն, ամառուան եղանակին, եւ մանաւանդ մայիսի ծաղկապսակ ամսոյ մէջ, ուրախութեան խնջոյքներ կը կատարեն շաբաթ երեկոյներ ‘ի Վարագ ուխտի կամ զուարճութեան գալով:
       Վանուց ծառաստանաց մէջ նշանաւոր տարիքով կան մի քանի ընկուզենիներ, որոց լեզուն բնութիւն կապած էր եւ բան մը չ’խօսեցան Ուղեւորիս, որ կը կարօտէր արդարեւ ՇԱՏ ԲԱՆԻ… Վանուց յանմիջական Արեւելն է “Դրախտ”, որպէս կ’անուանեն զայդ սիրուն պարտէզ:
       Վանքիս հնոցէն (հին վիճակէն) այսչափ միայն գրելոյ խոհեմութեամբ՝ դառնամք խօսիլ նորոցէն (նոր վիճակէն):
       ***
       Վարագայ վանքն 1858 թուականին Ամեն. Խրիմեան Սրբազան Հայրիկն իւր վանահայրութեան տակն առնլով ընտրեց զայն Հայաբնակի գաւառաց համար ուսումնապէս գործելոյ ասպարիզատեղի. յետ այնու վանքն այլ եւս դադրեցաւ Վանայ նոյն ժամանակի կարգ մ’իշխանաց թեքքէ լինելէ եւ եղաւ որբ եւ անտէր մանկանց ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԻ եւ յայնժամ մեծահոգի Խրիմեան Հայրիկն վանուց երեք ահագին դրունք բանալով՝ Հայաբնակ աշխարհի ամեն կողմերու որբ եւ անտէրունջ մանուկներուն համար հրաւէր կարդաց թէ “թոյլ տուք մանկտւոյդ գալ առ իս”:
       Արծւոյ հզօր թեւոց տակ եկան եւ պատսպարան գտան անտէր ու անտիրական մանուկներն, պատանիներ, փորձանաւոր երիտասարդներ, ծերեր եւ երբեմն իսկ անարդար աստուորիս դժբաղդութեանց ձեռքը խաղալիք եղող թշուառ Հայ արարածներ, որոց ամենուն տուաւ անխտրապէս ԼՈՅՍ, որով եւ ԿԵԱՆՔ, հաստատելով նոր եւ կանոնաւոր միաբանական ուխտ, շինել տալով ժառանգաւորաց վարժարան մը՝ ժառանգել տուաւ զայն բազմաթիւ կարօտ ուսանողաց, պատրաստեց ճոխ թանգարան մը եւ………
       Վանուցս բարոյական լուսոյ ճառագայթներն հասան մինչեւ ‘ի Պարսկաստան եւ ‘ի Ռուսաստան Վասպուրական արծւոյն արագաշարժ թեւերովն, որ շուքն էր նաեւ արեւակիզելոց:
       ***
       1880 թուականին Խրիմեան Հայրիկն երկրագործական դասեր մտցնել տուաւ վարժարանին մէջ եւ 30էն աւելի ժրաբազուկ ուսանողներ սկսան Երկրի ՀՈՂԻՆ հետ գործ ունենալ, շինուեցաւ մի նոր վարժարան գերմանական դրութեամբ եւ ըստ այնմ ամեն ինչ բարեկարգեց եւ այժմ 25-30 ուսանողներ ձրի կաշակերտին համաձայն նախորդ տարիներուն:
       Վարագայ վանքն Ամեն. Խրիմեան Հայրիկի վանահայրութեան օրովն բազմաթիւ գործիչներ ընծայեց Ազգին եւ որք այսօր պատիւ կը բերեն նոյն իսկ տիրող Կառավարութեան. վանքն իւր ծոցէն դուրս տուաւ Եպիսկոպոս, վարդապետ, քահանայ եւ վարժապետ, որոնք ցորեանի նման Ազգին մէջ ցանուեցան եւ տուին ու կը տան պտուղներ, ոմն տասնաւոր, ոմն երեսնաւոր եւ ոմն հարիւրաւոր: Ահա այս անվիճելի իրաւամբ Խրիմեան եղաւ Ազգի ՄԵԾ ՄԱՐԴՆ եւ ես աստ սոյն գեղեցիկ առիթովս զՎարագ՝ “Վասպուրական…
       կելնեմ ի ճանապարհ ուղեւորիլ դէպ ի յԱրեւելակողմն վանուցս եւ այսպէս կէս ժամ ընտիր տեսարաններէ ու ընդարձակ բլուրներէ անցանելով կիջնեմք ‘ի մի երկայն լեռնահովիտ, որ Վարագայ ծաղկազարդ լերինք երկու գլխաւոր շերտերու կը բաժնէ, մին յԱրեւելակոյս եւ միւսն յԱրեւմտակոյս, որպէս յիշած եմ վերեւ:
       Մեր ուղին շարունակելով դէպ ‘ի Հիւսիս, այս բնական ծաղկոցաձորին մէջ կը կոխեմք գարնան ժամանակին անթիւ ծաղկունք, զորս բնութիւն ուղեւորաց ոտից տակ կը ձգէ եւ միանգամայն իւր ուզածին համաձայն զայնս տեսակած, գունաւորած եւ հոտաւէտած է: Ծաղկանց ՆԱԶԵԼԻՆ՝ մեր գեղեցկատեսիլն գինարբուն աստ եւս իւր ճղաւոր գլուխն մասնաւոր մարգերու մէջ բարձրացուցած՝ կը շօրօրայ եւ կը մօրօրայ յինքն գրաւելով զուշն եւ ղուրուշն մտադրոշմ Տեղագրողիս:
       Այս ուղղութեամբ խոնջեալ ուղեւորք չեն կրնար սոյն տեղերը պարբերաբար հանգիստ չ’առնուլ բնութեան տեսարանաւ զուարճանալոյ համար: Կը բոլորուին մի աղբիւրի քով եւ այդ աղբիւրն թո՛ղ լինի “Ապարանջան” (ոյր վերայ ունիմ խօսելիք իւր յարմար տեղին), որ մեր գրեթէ կիսաճանապարհի վերայ կը գտնուի եւ յԱրեւելէն յԱրեւմուտ հանդարտօրեն………
       որչափ կամիս, ընդ միշտ կը ծարաւիս եւ մանաւանդ երբ քովդ լինի լօշ (անօսր) հաց եւ կիւրադաշտայ (Շատախ գաւառի գիւղերէն մին) անոյշ պանիրն, դու յայնժամ կե՛ր ու կե՛ր որչափ կուզես, այլ միշտ կանօթենաս: Սոյն պահուս ճաշել, կոնծել (գործածողաց համար), պօռալ, կանչել, երգել, բանաստեղծել, եւ վերջապէս երգեցիկ թռչնոց ձայներու հետ մրցիլն շատ բնական են սիրտ ունեցող մահկանացուներու համար, մանաւանդ եթէ չունենան մտաց տանջ մը կամ հոգեկան ալեկոծ մը:
       ***
       Ճաշէն ետքը մեր ուղին շարունակելով կը հասնիմք ‘ի վերին Վարագ, յայն հին երբեմն հռչակաւոր մենաստանն, որ աչք բացած պահուն կը տեսնայ զԼուսաւորիչն եւ զՏրդատ, որոց միջոցաւ կը կառուցուի արդէն եւ ասկէ 120 -130 տարի յառաջ տակաւին ՇԷՆ էր: Սոյն վանքն այժմ գետնատարած կը կենայ լայնապարիսպ հիմքերով եւ տակաւին ներքին մի քանի կամարներովն. ամեն կողմանէ զուարճալի վայրերէ եւ տեսարաններէ շրջապատեալ է, դրացի են իւրեան բարձրէն…