Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԶ. ԳԱԼԻԼԵԱՆ
       Վարագայ լերան Արեւելեան շերտի ամենաբարձր կատարի նեղ գագաթան կիսակարմիր տեղւոյն մէջ ամփոփուած եւ ապա յայտնուած է Հռիփսիմէի պարանոցէն կախեալ ԿԵՆԱՑ փայտն: Լերան յիշեալ կատարն ուխտատեղի է. բայց հոն ելնելոյ համար կենաց ամեն վտանգներն պատաստ են ուխտաւորին համար, այս պատճառաւ ոչ ոք կը համարձակի այդ վտանգաւոր ել եւ էջ ունեցող տեղին ելնել կամ ելնողքն հազուագիւտ են: Աւանդոթիւնն կըսէ թէ “ո՛վ որ մի օրուան մէջ ծոմ (առանց բան մը ուտելոյ) 40 անգամ վարէն ելնէ Գալիլիային գլուխը եւ անկէ իջնայ անվտանգ, նորա գործն միշտ յաջող կը գնայ ի՛նչ բանի որ ձեռնարկէ”:
       Ասկէ 15-16 տարի յառաջ Մ. Մալխաս անուն վանցին այդ համոզմամբ ձեռնարկեց մի օր ելն եւ էջն, սակայն դժբաղդ մարդն, որ 38 անգամ ելանել եւ իջանել կը յաջողի եւ երբ կը մնայ 2 անգամ միայն, որով իւր մուրատն պիտի առնոյր, վերէն յանկարծ կիյնայ՝ այդ գրեթէ պատի նման ահագին ժայռերէն եւ կլորուելով կիյնայ ու մարմնոյ ոսկորներն կաշիին մէջ խուրտ խաշ…
       իսկ ինձ գալով ամբոխին հետ ներկայ լինելոյ դժբաղդութեան արդէն հանդիպած էի եւ այժմ այս տողերը գրած պահուս իսկ արդարեւ մտքիս առջեւ կը պատկերանայ այդ ցաւալի դէպքի տխուր երեւոյթն: Յիշեալ ելուէջական ուխտաւորն թաղուեցաւ Ներքին Վարագայ գերեզմանատան մէջ. նոյն օրը համայն Վանեցւոց սիրտերն լեցուեցան տրտմութեամբ, վասն զի մեռնող նշանաւոր եւ բարեսիրտ մի անձ էր, որ զոհ գնաց իւր մտաւոր անհաշիւ կարողութեան. ինչ որ թո՛ղ նա ‘ի հոգեկան աշխարհ անդառալի ճանապարհորդէ եւ ես կը շարունակեմ զիմ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ‘ի մարմնական աշխարհս դառնալի:
       ***
       Մի եւ նոյն տարին 2 գերմանացի նշանաւոր ուղեւորներ ‘ի Վան եկած էին, որոց առաջնորդ եղած՝ վախվխելով կամ դողդղալով հասուցի զիրենք ‘ի գլուխն Գալիլիայի, ո՛ւր ուխտերնին կատարելէն ետք տեղւոյն կարմրագոյն քարէն մէկ մէկ կտոր փրցնելով պահեցին հետերնին տանելոյ ‘ի Գերմանիա: Սոքա էին ջերմեռանդ գիտնականներ եւ ըստ իւրեանց բանի պաշտօնով բժիշկ, որք Վանէն ‘ի Վարագ եկած էին այցելութիւն տալ Ամեն. Խրիմեան Հայրիկին եւ այս պաշտելի Գալիլային, յորմէ անվրդով……
       մանաւանդ որ երկու պատկառելի մարդոց եւս իմ նոյն ժամանակի տղայական յանդգնութեամբս առաջնորդ եղած էի, Գալիլիային գլուխը 5 հոգւոյ նստելոյ հազիւ տեղի կայ եւ մենք էին երեք հոգի. երկու անծանօթներն երրորդ Ուղեւորիս նման լերան գագաթը կղզիացած՝ եւ երկիւղի տագնապներէն երեսի գոյներնին նետած՝ ինձ կընայէին սառնօրէն եւ ես ամօթէն ‘ի գետին. վերջապէս աստ ամփոփեալ Քրիստոսի խաչի ԹԵՒԷՆ կախուելով՝ անվտանգ երեքս մէկէն ‘ի վար իջանք, որպէս ‘ի վեր ելանք անվնաս: Այս յաջողութեամբ յիմ պատանեկութեան ես տեսի խաչի զօրութիւնն վտանգաւոր եւ նեղ վայրկեաններուն համար եւ այսօր՝ երիտասարդութեանս մէջ, նուիրական պարտք մը կամ լաւ եւս է ըսել պէտք մը զգացի այդ քառաթեւին կարողութիւնն վարդապետել, թէեւ ես չ’լինիմ կրօնաւոր կամ վեղարաւոր:
       Մեր անցողակի սոյն պատմութիւնն եւ վարդապետութիւնը առ այժմ վերջացուցած՝ շարունակեմք մեր ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ:
       Գալիլիայէն վար իջած՝ վերին Վարագայ…
       կողմերը անծանօթ սրբոց անուամբ աղբիւրներ պակաս չեն, որոնցմով պահ մը զօվացայ:
       ***
       Վարագայ սոյն լերան Հիւսիսային մասի յԱրեւելակողմն կը գտնուի ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ կոչուած վանքն, որոյ տաճարն եւս լուսաւորչաշէն է, սակայն այժմ լուսաւորութիւնն վանքէն փախ տուած՝ խաւար կը տիրէ ամեն կողմն եւ մութն ‘ի ԼՈՅՍ տաճարն:
       Սոյն մենաստան շինուած է կոփածոյ քարերէ ընդարձակ լեռնահովտի մը մէջ, ունի զուարճալի վայրեր եւ ծառաստանաց հովանիք, ջուրն լաւ եւ օդն առողջ, այլ ափսո՜ս որ զայնս վայելող մենաստանցիք կը պակսին:
       Վանուցս յԱրեւմտակողմն զառիվայր անտառակին մէջ կայ աղօթատեղի մը, զոր Երուսաղեմայ ձոր կանուանեն տեղացիք:
       Սուրբ Գրիգորի վանքն շատ անշքացեալ է, թէպէտեւ վայելած լինի փառաւոր անցեալ մը. ներկայիս մէջ ամայի չը մնալոյ չափ միայն բնակիչ ունի, խեղճ եւ ողորմելի կացութեան մ’ենթարկեալ եւ չունի իւրեան կարեկից մը:
       Ս. ԳՐԻԳՈՐՆ խիստ քիչ ունի տափարակ ա8տօրայք, ո՛ւր կարենայ ամառ ատեն ցորեան ցանելով ձմեռուան պաշարն պատրաստել, սակայն եւ այնպէս ունի ընդարձակ լեռներ, որք հարիւրաւոր ոչխարներ կարող են սնուցանել: Այժմ ո'չ ոչխար կայ եւ ո՛չ սնուցանելոյ հետամուտ, ահա դարձեալ գործ, զոր գործող կը պակսի եւ ականջ խօսի մեր ազգասիրաց:
       Մտաց խաւարն եւ անոր արդիւնք եղող անտարբերութիւնն այս գեղեցիկ մենաստան հասուցած են սոյն օրինակ ողբալի դրութեան, որուն Երեմիաս լինիլ չեմ ուզեր:
       ***
       Վերին Վարագէն կրկին մեր նախորդ ճանապարհաւն ‘ի Ներքին Վարագ վերադարձ ըրած՝ տամք մեր վերջի համբոյր կամ շրթամբ սրտի դրոշմն տաճարի մի սուրբ կողին եւ ելնեմք յուղի դէպ կարկուտ խաչ կոչուած բլուրն: Վանուցս Արեւմտեան Հիւսիսային գիծն բռնելով՝ պէտք է հետզհետէ շեղիլ ‘ի Հիւսիս: Վանքէն 5 վայրկենի չափ հեռու է յիշեալ բլուրն, ոյր նկատմամբ կաւանդեն թէ “հոն խաչի կոյտ մը պահուած է” նոյն բառն ստուգաբանելով “կայ անդ կոյտ խաչ”: Սոյն տեղին երբեմն հետաքրքրութեամբ նայուած եւ բաւական փորուած է, սակայն ոչ ինչ գտնուած: Ինչ որ է, տեղէս յոյսերնիս կտրած՝ մեր ճանապարհ յառաջ վարելով 1 ժամու տեւողութեամբ կը կտրեմք բազմաթիւ բլուրներ, կանցնիմք ձորերէ, եւ աննշան լեռնակներէ կը ժամանիմք հետեւեալ տեղին, որ քիչ հետագրքիր չէ: