Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԾԱ. ԹԻՄԱՐԱՅ Բ. ԳԻԾ ԿԱՄ ՄԻՋՆԱԳԻԾ
       Տոսպ գաւառի սոյն մասի Արեւելեան եւ իւր հարեւան ուղղութիւնը նկարագրութեամբ ՏԵՂԱԳՐԱԾ եւ մեր ընտրած Բ. գծի սկզբնակէտին վերադարձ ըրած լինելով` այժմ շարունակեմք վեսրտին մեր ՆԿԱՐԱԳՐԱԿԱՆ եւ ՏԵՂԱԳՐԱԿԱՆ ըսելիքներն իւր միջնագծի եւ նորա հարեւան ուղղութեանց վերայ` սկսեալ Հարաւային սկզբնակէտէն եւ այս անգամին հետեւեալէն:
       ԱՒԵՐԱԿԻ (աւերակն). - Սոյն գիւղն շինուած է ցած լերան մը ստորոտը, օդն եւ ջուր գովելի հանգամանքէ զուրկ են, նոյնպէս եւ տեսարանն Թեղնոցէ մը զատ ուրիշ ծառաստան չունի: Բնակիչք 140 տուն Հայ, որք ունին Ս. Ստեփաննոս անուանեալ եկեղեցի մը հանդերձ երեք քահանայիւք, մէկ ծաղկոց կամ որ նոյն է ըսել կատարեալ խամրոց մը: Ժողովուրդն վերջին աստիճան աղքատ է. 80 հոգւոյ մօտ պանդուխտ ունին ‘ի Պօլիս. Աստուած միայն գիտէ թէ գիւղիս Հայքն ի՛նչ կը քաշեն ծանր վաշխառուաց անկարեկիր ձեռքէն, որոց սիրտերն քար են կապած մարմնեղէն կուրծքի տակ: Աւերակի յատուկ խնամօք կը պահպանէ մի ձեռագիր Աւետարան թագաւոր մականուանեալ, որում ամեն կողմերէ գիւղացի ուխտաւորք կը դիմեն, նոյնպէս եւ Վան քաղաքէն: Կը պատմուի թէ “շատ հիւանդներ եւ դիւահարներ առողջութիւն գտած են շնորհիւ այդ Աւետարանին”: Գիւղս հարուստ է գերեզմանատան տապանաքարներով եւ որոյ Հիւսիսային Արեւելակողման մերձակայ բլրոյ վերայ հին մատուռ մի կայ Սարի Ս. Գէորգ անուամբ, որոյ մէջ շաբաթ իրիկունները, կիրակմտի ժամուն, կը վառեն զճրագ եւ կը ծխեն զխունկ ընդ որս կուղղեն նաեւ իրենց սրտագին աղօթքներն առ Աստուած, որով կը մխիթարուին ‘ի սիրտ եւ ‘ի հոգի. ահա իրենց ՅՈՅՍ.
       Տեղւոյս մեր Հայ բնակիչներն տգիտութեան մէկ մէկ զոհեր են. քանի՜ բարիք պիտի լինէր գիւղիս գոնէ նոր սերնդեան համար, եթէ բարեկարգ նախակրթարանի մ’երես տեսնելոյ բաղդն ունենան: Աւերակցւոց հողերն ամենամեծ մասամբ անջրդի են` այնպէս որ երբեմն կաթիլ մի ջուր Երկնից ամպերէն վար բերելոյ համար չորս կաթիլ արտասուք կը թափեն ԹԱԳԱՒՈՐ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻ առջեւ: Այսչափ բաւ է, մեկնիմ տեղէս, ո՛ւր աւելի դեգերելով ես ալ կրնամ ծարաւակէզ լինիլ իւրեանց արտերու գլխակոր հասկերու նման:
       ՊՈՂԱՆՑ. - Նախորդէն գրեթէ 11/2 ժամ հեռաւոր, ունի 25 տուն Արմենական բնակիչ, մի եկեղեցի, մի քահանայ, իսկ դպրոց “Աստուած հոգին լուսաւորէ”: Գիւղիս բոկոտն մանուկներ օրն ողջոյն կը թափառին Արեգական տակն յումպէտս վատնելով թանկագին ժամերնին` ‘ի ցաւ ԳՐԱՍԷՐ Հայ Ուղեւորաց: Ասկէ զտ կան Շէխ-քարա եւ Շէխ-եէնի 15 տնական Քուրդ գիւղեր, յորս տակաւին կը բնակին 3-4 տուն ԱՒԱՆԴԱՊԱՀ Հայեր:
       ՊԱՅՐԱԿ. - Ունի 15 տուն Հայ եւ 2-3 տուն Մահմետական: Հայք իւրեանց համաձայն ունին եկեղեցի մը եւ քահանայ մը:
       ՏՌԼԱՇԷՆ. - Նախորդի Հիւսիսային Արեւմուտ 1 ժամէն աւելի հեռու, շինուած երկայն բլրոյ մը ստորոտը. ունի 50 տուն Արամական ժողովուրդ, պարզ եկեղեցի մը եւ պարզագոյն քահանայ մը, իսկ դպրոց դարձեալ “Աստուած տայ”: Խեղճերն արդէն ժամանակէն ներշնչութիւն մը չեն ընդունած. ի՛նչ պէտք է ԳՐԻ լուսաւորութիւն, բաւական է որ ցորեկուան համար ունենան Արեւն եւ գիշերուան համար Լուսին, որոց ներքեւ վարեն իւրեանց կեանք յայս անցաւոր աշխարհիս: Տեղւոյս գիւղացիքն 1500 ոսկիէն աւելի պարտուց տակը կը հեծեն, եթէ ամբողջ հողերնին վաճառեն թերեւս դժուարաւ կարենան ազատուիլ այդ բեռան տակէն. 25 հոգւոյ չափ պանդուխտ ունին ‘ի Պօլիս:
       ՔԱՐԱ ՔԷՕՓՐԻՒ. - Ունի 12-13 տուն բնակիչ եւ 2-3 տուն Հայ տակաւին կապրին քրդաց հետ, որոնցմէ այնչափ դժգոհութիւնք չունին, միայն թէ աղքատ են եւ անճարակ:
       ԿԷՕԼԼԻՒ. - Մէկ ժամ նախորդէն հեռու, ունի 35-40 տուն բնակիչ, որոյ կէսն բնիկ են եւ կէսն անբնիկ: Բնիկ Հայերն ունին եկեղեցի եւ քահանայ, իսկ դպրոցին գալով շինուելոյ վրայ կը գտնուի, տա՜յր երկինք` որ կիսաշէն չ’մնայր:
       ՔԷՕՉ-ԱՆԻ. - Գիւղս ունի 60 տուն բնակիչ, եկեղեցի եւ քահանայ. տեղւոյս Հայք, բարեբաղդ եմ ասել, որ չեն մոռացած նաեւ դպրոց, որով կրցածնուն չափ կը կրթեն զաւակնին, որք պարտին չ’մոռնալ Գեր. Պօղոս եպիսկոպոս Մելիքեանի տարած ջանքերն:
       Գիւղիս անուան վերաբերութեամբ եղած աւանդութիւնն, զոր ‘ի տարեւորաց լսեցի, աստ կը նշանակեմ, “մեր գիւղի Հայանական Ազգ մեծ քաղաքէ մը (…) եկած են եւ ժիւկ մը (ժամանակ մը) անտուն եւ անտեղ կը բնակուին դաշտի մէջ վրաններու ներքեւ, որով Քէօչ-Անի անունն առած է”, որ քրդական լեզուի առմամբ գաղթական կը նշանակէ:
       ՇԱՀ-ԿԷԼՏԻ. -Նախորդէն գրեթէ մէկ ժամ հեռաւոր, կը բաղկանայ 23-25 տուն Հայ բնակիչներէ, որք ունին եկեղեցի մը, քահանայ մը եւ մի ծաղկոց համաձայն իւրեանց գեղջկական վիճակին: Գիւղիս անուան մասին աւանդութիւնն կըսէ “երբ Պարսից Շահ (անուն չեն յիշեր) Վանայ վերայ կը գայ պատերազմիլ եւ երբ կը մօտենայ գիւղացիք ‘ի հեռուստ զինքն կը տեսնեն եւ բարձրաձայն կը պօռան իրարու “Շահ կէլտի Շահ կէլտի”, այս առիթով ց’արդ նոյնպէս անուանեցաւ:
       ՆՈՐՈՎԱՆՑ. - Բնակիչ 40 տուն, Ս. Ստեփաննոս անուն եկեղեցի եւ քահանայ. իսկ դպրոց “պիտի ունենան”: Ժողովուրդն մեծագոյն մասամբ աղքատ է, այսու ամենայնիւ գովելի է իւրեանց ընտանեսիրութիւն, տնասիրութիւն, եւ հողասիրութիւն, որոց հետ սերտ սիրով կապուած են: Գեր. Պօղոս եպիսկոպոսի ծննդավայրն է այս գիւղն:
       ԱՏԵՌ. - Գիւղիս ընդհանուր նկարագիրն գրեթէ յար եւ նման է առաջնոյն, միայն թէ անկէ կը տարբերի ծագումն իւր անուան, զոր առած է “ա՜խ տեղ” էն, ոյր վերայ կը լռե՜մ:
       ՃԱՆԻԿ. - Հայ գիւղ 80 տուն բնակչօք, ունի եկեղեցի, քահանայ եւ գիւղական ճաշակաւ ծաղկոցի շէնք մը: Բնութեան տեսարանն շատ զուարճալի է տեղւոյս, ո՛ւր աղի պատուական հանք մի կայ, որ կը տայ կարմրագոյն աղ մը, զոր կը տանին Վասպուրականի ամեն կողմը: Թիմարայ գիւղերէն շատերն աղնոցիս աղբիւրներէն ջուր կը տանին եւ ամաններու մէջ լեցուցած` կը պահեն ‘ի գործածութիւն:
       Սոյն աղնոցն, որոյ աղն գիւղիս անուամբ կը կոչուի, կառավարութեան կը պատկանի: Տեղւոյս բնակիչներն շատ հիւրասէր, տնասէր եւ ընտանեկան միաբանասէր են: Գերդաստանի մը մէջ եղբարց իրարմէ բաժանուիլն իւրեանց համար մահ է. կը գտնուին այնպիսի տուներ, յորս մի եւ նոյն յարկի տակ 10էն աւելի մանկիկներ կորորուին ‘ի քուն: Որպէս տեսի ‘ի Փակատուկ եւ ‘ի Չուխ. Խօշապայ գաւառին պատկանող գիւղերուն մէջ: Ճանիկի յԱրեւելահիւսիս կէս ժամ հեռաւոր բլրոյ մը ստորոտը շինուած է Կուսաթան ըսուած գիւղ մը, գրեթէ ծովեզերեայ, ո՛ւր 6-7 տուն Մարական որդիք կը բնակին: Աստ կայ աւերակ մը անուանեալ Խլայ վանք, որոյ բեկորներն այժմ կը ծառայեն ուխտատեղւոյ մերձակայ գիւղօրէից համար, որոց խուլերն եւ ականջի ցաւ ունեցողներն ջերմեռանդօրէն կը բերուին յայս տեղ եւ յանուն անորոշ սրբոյ մը լսողութիւն կը խնդրեն տեսանելի օծեալ քարերէն, եւ անշուշտ այս առթիւ “Խլայ վանք” կոչուած պէտք է լինի եւ ունեցած` ԱՆՑԵԱԼ ՄԸ:
       Ճանիկ գիւղի յԱրեւելակողմն ուղինիս յառաջ վարելով 3/4 ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ նշանաւոր տեղին: