Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԱՆԽԱԲԱՆ
       Հուսկ ուրեմն կը հրատարակեմ իմ Տեղագրական Ուղեւորութեան այս մնացորդն, որում սպասող ազնիւ ընթերցողաց ներողամտութիւնն կը խնդրեմ, մամլոյ տակէն ուշ ելնելուն համար…:
       Երբ պարզօրէն մի արդար հաշիւ բռնեմք, ամեն ոք զարգացմամբ պիտի տեսնէ թէ Ուղեւորն ի՛նչ աստիճանի նիւթական զոհողութիւն եւ անձնանուիրութիւն ունի իւր երկասիրութեան մէջ. որ այժմ կաւարտի սոյն Գ. Մասովն:
       Ստուգիւ կը հաւատամ թէ ամեն աշխատութիւն վաղ կամ անագան, վարձատրելի է համաձայն իւր կարեւորութեան եւ ծանրութեան, եւ թէ այս օրինակ պարագայից մէջ յուսահատութիւնն տկար մարդոց գործ լինելով` բնաւ չ’կարեմ յանձն առնուլ զայն. գոհ եմ արդարեւ որ կարողութեանս չափով ծառայութիւն մը կը մատուցանեմ ոչ թէ միայն Ազգին, այլ նաեւ Բարեխնամ Կառավարութեան, որոյ Պետութեան Արեւելեան մասի դրոշմն կը կրէ գործոյս ամբողջութիւնն, զոր այժմ կը յանձնեմ մեր ընթերցասէր ազգայնոց ‘ի նուրբ նկատառութիւն:
       ***
       Ներկայիւս կը փութամ զիմ խորին շնորհակալութիւն յայտնել առ Վսեմափայլ Յակոբ էֆէնտի Ֆրէնկեան, իւր այն բարձր դրից համար, զոր բարեհաճեցաւ ‘ի գործ դնել ‘ի դիւրութիւն իմ տաժանելի ԵՐԿՈՑ ‘ի լոյս ընծայման: Նոյնպէս բանաւոր պատճառներ ունիմք մի եւ նոյն երախտագիտական ջերմ զգացմամբ աստ յիշել նաեւ Մեծապատիւ Լեւոն պէյ Փափազեանն: Յիշեալ երկու ազնուամիտ անձնաւորութիւններու դրուատանաց արժանի անուանքն աստ նշանակելուս առթիւն կը յուսամ թէ իւրեանց ծանուցեալ համեստութիւնն ինձ պիտի ներէ:
       ***
       Գործոյս այս մասի մէջ եւս երբէք չեմք ըրած եւրոպական դահլիճներու, արքայական պալատներու եւ կամ այլ շքեղ ապարանաց նկարագիրն, բնաւ մտած չեմք Փարիզի, Պերլինի եւ Լօնտրայի նման աշխարհահռչակ մայրաքաղաքները, այլ միայն շրջագայած եւ նկարագրած եմք ալեւոր Երկրի մը ֆիզիքական եւ ուրիշ զանազան կողմերն, ինչպէս նաեւ բնակչաց խրճիթներն, գետնափոր բնակարաններն, ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՃԱՐՆԵՐՆ, ‘ի մի բան, այն բոլոր վայրերը, ուր կը բնակին մեր Հայ գիւղացիք, որոց ըրած եմք նմանապէս, տարեկան կենաց չորս եղանակի համառօտ նկարագիրն:
       ***
       Գոհութեամբ սրտի տեսնելով որ Կեդրոնի Պատ. Ուսումնական խորհուրդն մեր երկասիրութիւնն (երեք Մասերն ‘ի միասին) ‘ի քնին առած` արժանի համարած է Ազգ. վարժարանաց յանձնարարել ‘ի գործածութիւն, որպէս կերեւի իւր Ծ. րորդ նստի եւ յուլիս 13-ի հրատարակած պաշտօնական գրութիւններէն. ուստի պէտք զգացի աստ դնել հետեւեալ փոքրիկ հրահանգն ‘ի դիւրութիւն մասամբ մ’ուսուցչաց եւ առ հասարակ ուսանողաց: