Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Ժ. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏ ԳԱՒԱՌԱԿԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԳԻՒՂԵՐ
       Մանազկերտ իւր անունն տարածելով այժմ կը կազմէ գաւառակ մը, որոյ սահմանէն տակաւին դուրս չելած՝ խօսիմք հետեւեալ Հայ գիւղերու վերայ, ի բաց թող տալով մի քանի մանր մունր Քուրդ գիւղօրայք եւ խառնաբնակ գիւղակներ:
       ՏԷՐԻԿ. - Կը գտնուի Մանազկերտի յԱրեւմտակողմն գրեթէ սահմանակից Ապահունեաց գաւառին: Գիւղս շինուած է ցած եւ ընդարձակ բլրոյ մը կողերուն վերայ. ունի 55 տուն բնակիչ մի եկեղեցի Աստուածածին անուամբ, անբաւական, անճաշակ եւ մութ, 2 քահանայ, որք կը սիրեն զխաւարն առաւել քան զլոյս, սոցա մտքերն կը թուին ներգործուած լինել եկեղեցւոյ մթութէնէն. ոչ դպրոց ունին եւ ոչ եւս ունենալոյ միտք:
       Տեղւոյս եկեղեցւոյ վերաբերմամբ տարեւորներն կաւանդեն թէ “մեր Աստուածածին շատ զօրաւոր է, այնպէս որ հին ժամանակ վայրի ոչխարներն կուգային իւրեանց յօժար կամօք եկեղեցւոյս դրան առջեւ կը պառկէին վիզերնին երկնցուցած, յետոյ քահանայն գալով 1 ժամ կ’սպասէր եւ երբ ոչխարն առաջուան պէս պառկած կենայր, յայնժամ կը կոչէր զժամակոչն եւ ոչխարին օրհնեալ աղ կերցնելէն եւ երեք անգամ զայն օրհնելէն յետոյ կը հրամայէր անոր որ զոչխարն մորթէ, որոյ միսն կը բաժնէին աղքատաց եւ կարօտելոց”:
       ՌԸՍՏԱՄԿԷՏՈՒԿ. - Ունի 0-90 տուն. Թուխ մանուկ անուամբ եկեղեցի մը, 2 քահանայ, որոնց ջանքն գովելի է Եկեղեցւոյ շինութեան համար. սակայն դատապարտելի անտարբերութիւն մ’ունին առ ուսումն եւ դաստիարակութիւն, թէեւ իւրեանց անտարբերութիւնն արդարացնելոյ բանաւոր կողմերն ունենան, դպրոց արդէն գոյութիւն իսկ չունի. բայց ունենալոյ մեծ դժուարութիւն մը չկայ, եթէ բացողն Երկրի կեանքն դասի պէս սերտած է. ահա գործ դարձեալ գործող կը պակսի: Գիւղիս տեսարանն լաւ է, օդով եւ ջրով՝ կենսատու տարերքներով:
       ՄԷՃԻՏԼՈՒ Հայ բնակութեանց թիւն է 80 յորում կը տեսնուի 5 տուն Քուրդ: Հայք ունին մի աննշան եկեղեցի, 2 խեղճ քահանայ, որք ժողովրդեան կառաջնորդեն ‘ի բարին, որոյ վերայ չ’կարծեմ որ գաղափար իսկ ունենան երբ ‘ի նկատ առնուի դպրոցի անունէն զզուանք զգալնին:
       Գիւղիս Արեւմտակողմն իրեն մերձ կայ “Ս. Յովհաննէս” անուն փոքրիկ սրբավայր մը, որ ապաւէնն է տեղւոյս նեղելոց:
       ԽՕԹԱՆԼՈՒ. - Ունի 45 տուն բնակիչ յորմէ 25 տուն Հայ եւ մնացեալն կարդացւոր (շեխ) են, որք շատ ընթերցասէր են:
       Հայք ունին հնաշէն ամենապարզ եկեղեցի մը, որոյ սեղանի քարերէն ոմանց վերայ կը տեսնուի բեւեռագրեանք. ունին մի ազնիւ, ճշմարիտ եւ ուսեալ քահանայ, որ իբրեւ գոհար, ընկած է այս երկաթէ ժողովրդեան մէջ, տեղւոյս տրտում եկեղեցւոյն եւ ժողովրդեան միակ մխիթարութիւնն սոյն կրօնական պաշտօնեայն է որ փափաք յայտնեց Տեղագիր-Ուղեւորիս «Կրօնասէր ընկերութեան մը շնորհիւ ունենալ նախակրթարան մը, ուր 25-30 ուսանողներ կրնան յաճախիլ»:
       ԹՈՆՏՐԱԿ ԿԱՄ ԹՈՆՏՐԱԿՍ. - Բնակութեանց թիւն է 70, յորմէ 50 Հայկական եւ 20 Քրդական են. սոյն պատմական գիւղն ունի եկեղեցի եւ քահանայ, իսկ դպրոց “Աստուած տայ”:
       ԹԱԼԱՐԻՍ (այժմ Լաթար). - Նախնական որով եւ նախորդի նման պատմական գիւղ մի է եւ պարագայիւքն գրեթէ առաջնոյն պէս:
       ՄՐԻՊԱՐ. - Սոյն գիւղն շինած է Միհրդատ իշխան: 25 տուն խառն բնակիչք ունի այժմ եւ պահած են ց’արդ իւրեանց գոյութիւնն…:
       ՔԱՔԱՐԼՈՒ. - Ունի 80-90 տուն Արամական բնակիչք, եկեղեցի եւ դպրոցի շէնք. ժողովրդեան նիւթական վիճակն շատ լաւ է: Գիւղիս մէջ 3-4 տուն հացալից տուներ կան, որոնց մէջ տարին 12 ամիս բնաւ արտաքին հիւրեր պակաս չեն:
       ՊՈՒՏՆՈՒԿ. - 40 տուն, որոյ մէջ 10 տուն Քուրդ կը գտնուի, որ ունին խոհեմութիւն եւ բաւական մեղմութիւն: Հայք եկեղեցի ունին, այլ ոչ դպրոց, որոյ պատճառաւ մանուկնին ողբալի կացութիւն մի ունին:
       ԽԱՐԱՂԸԼ. - Ունի 90 տուն բնակիչ, մեծագոյն մասամբ Քուրդ. գիւղիս եկեղեցի եւ դպրոց “Աստուած տայ”:
       ***
       Մանազկերտ գաւառի մի քանի աննշան գիւղերու վերայ խօսիլն զանց ընելով ոճերնիս դէպ ‘ի յԱրեւմուտ յառաջ վարիմք եւ 2 ժամու չափ քարոտ, այլ բարեբեր դաշտեր կըտրելէն զկնի կը հասնիմք յԱպահունեաց Արեւելեան սահմանը, ուր են վերոյիշեալ տէրիկ եւ Ռըստամ կէտուկ գիւղերն: Այժմ կը գտնուիմք Մուրատ գետոյ եզերքը մի խոտաւէտ տեղւոյ մէջ եւ տակաւին չ’մտած յԱպահունիս պէտք է նկարագրեմ տեղւոյս Արեւմտեան Հիւսիսային գիծն:
       Աստ Մուրատայ հիւրընկալ ափանց վերայ մի գիշեր իջեւանեցանք, ընկերներէս ոմանք կուլային եւ ոմանք կը խնդային, առաջինքն ‘ի պանդխտութեան դիմելոյ պատճառաւ. իսկ վերջինքն պանդխտութենէն վերադարձ ընելոյ բաղդին հանդիպած լինելուն համար, իսկ իմ սիրտ թէեւ այս պահուս այդ երկու հակապատկեր զգացմանց միջնատեղին կը գրաւէր, սակայն դարձեալ դարտ ունէի եւ դարտս մեծ էր ու պէս պէս, զորս չէին տեսնէր ընկերներուս աչքեր կարճատես: Աստ մի գիշեր ողջոյն անքուն ակամբ հսկեցինք առաւօտ ընելոյ համար, որպէս զի լոյս տեսնեմք, որով կարաւանի բարձրահասակ ձիերու կռնակը փակչելով՝ կարող լինիմք անցանել գետէն, որ բաւական յորդ է եւ զայրացկոտ գարնան եղանակին մէջ:
       Մուրատայ այս եզերքը ամառ ատեն գիշերուան ժամ 12-էն ետքը մարդոց արիւնն կը ծծեն տեսակ մ’օտային կենդանիք, որոց տուած վրէժխնդրութեան նշաններն ուղեւորաց խոնջեալ մարմնոյն ամեն կողմեր ուռոցքներով կը պատեն եւ առ այս մի քանի օր անհրաժեշտ հարկ է հանգիստ առնուլ, որպէս զի անհետ լինին առնուած ծածուկ վէրքերն բնութեան սոյն փոքրիկ կենդանիներն մեր այս կողմերու Հայ գիւղացիք մարդամժղուկ կանուանին, իսկ կենդանաբաններն չ’գիտեմ թէ ի՛նչ անուն կրնան տալ այս անասնոց, որ յարմարի իւրեանց վիճակին, որք նման անսիրտ անասուններու, կը յարձակին պարարտ կամ արիւնոտ ճանապարհորդաց վերայ, յորոց ոմանք իւրեանց բոլորտիքը, շրջանակի նման, սեւ ծուխ ընելով մէջ տեղ կը նստին ապահով, զի այդ կենդանիք ծուխէն կամ մանաւանդ կրակի բոցէն կը փախչին, որ իրենց բացարձակ խեղդիչն է:
       ***
       Առաւօտ է մեր յուսոյ արշալոյսն բացուած` անցնիմք խիստ երկիւղալից Մուրատայ ջրէն, ոյր երեսը շատ նայիլ չ’գար, քանզի կրնայ նայողին գլուխն դառնալով ընկնիլ ‘ի գետն: Այսպէս աhա բաւական տեղ ճանապարհորդելով կը հասնիմք “հազար հազար բլուրներ” (պին պին թէփէլէր) անուանեալ ընդարձակ եւ խոտաւէտ դաշտերն ու բլուրները. այս կողմերը ջուրն շատ նուազ է եւ երկու ու կէս ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ գիւղը:
       ՆՈՐԱՏԻՆ. - Սոյն գիւղն ունի 60 տուն բնակիչ զուտ Հայ, մի եկեղեցի եւ երկու քահանայ եւ մի խամրոց, ո՛ւր ցաւօք սրտի տեսի 30-էն աւելի ժիր մանուկներ, որք առաւօտները՝ իւրեանց դաշտերու զուարթ ծաղկանց նման՝ ցողերով բացուած՝ կը գան եւ երեկոյ տերեւաթափ ու թօշնեալ կը վերադառնան ‘ի տուն…: Գիւղիս նիւթական վիճակն բարւոք է. սակայն դարձեալ մարդոյ պակսութենէն՝ տեղւոյս նոր սերունդն դժբաղդութեան ենթարկուած է:
       Նորատին կարեւոր գիւղ մի է ամենայն կողմանէ, եւ կը գտնուի Խնուսայ գայմագամութեան ներքեւ. ունի խոտաւէտ, ծաղկաւէտ, որով եւ հոտաւէտ ընդարձակ դաշտեր, որք են մեծագոյն մասամբ հորիզոնական դրիւք, այլ անջրդի (քիչ բացառութեամբ):
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Տեղէս ելնելով իյնամք յուղի, 3 ժամէն կը հասնիմք Եօթնագոյն (հաֆթ րէնկ) ըսուած Քուրդ գիւղը, որ 15 տուն հազիւ բնակիչ ունի. բայց գրաւած կամ նոյն է ըսել իւր ձեռաց տակն ունի 100 տուն գոհացնելոյ չափ ընտիր հողեր: Խնուսայ գետն “Կօպալ” (փոքր ինչ ծուռ գաւազան) անուանեալ, որ Բիւրակեանէն կը բղխի, գալով կ’անցնի գիւղիս առջեւէն եւ Ապահունեաց վերին մասի սահմանագլխէն, ու անդ կը միանայ Մուրատայ հետ: Գիւղիս դաշտաց մէջ սովորական տեղերէն շատ աւելի ծաղկանց տեսակներ գտնուելով յիշեալ անունն առած լինիլ կը թուի, որ աւելի ստոյգ կը լինի անուանել զայն “բազմածաղկանց գիւղ”:
       Գիւղէս մինչեւ Խնուսայ Արեւելեան բուն սահմանն երկու ժամու ճանապարհ է…: Ես կը վերադառնամ Մուրատայ՝ իմ հիւրընկալ գետոյ ափերու քով եւ յաջորդ գլխով կը շարունակեմ զիմ ՈՒՂԻՆ տարբեր գիծ մը բռնելով:
       ***
       Մեր ուղեւորութիւնն ուղղակի յԱրեւմուտ 2 ժամ շարունակելով՝ կը մտնեմք հետեւեալ գաւառն: