Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԶ. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ
       Կարնոյ մէջ կը նստին Ռուսական, Անգլիական, Գաղղիական, եւ Պարսկսկան Դեսպանք: Քաղաքն ունի պատրաստ պէտք եղածին չափ զինուորական զօրութիւն եւ կը պահպանուի ամենայն աչալրջութեամբ: Շատ գոհ եմ աստանօր յիշատակել թէ մեր Հայոց եւ դրացի Մահմետականաց մէջ օր ըստ օրէ վերստին կը քաղցրանան այն ներդաշնակ յարաբերութիւնքն, որ տեղւոյ հանրածանօթ, այլ անստոյգ դէպքերէն պահ մը դառնացած էին եւ հետզհետէ անհետ լինելոյ վերայ կը գտնուին իւրեանց մէջէն այն տխուր տպաւորութիւնքն, որոց երեսէն բանտարկեալներն մեր Օգոստափառ Կայսեր ներման արժանացած՝ անցեալ տարի արձակուեցան ‘ի մխիթարութիւն իրենց թշուառ ընտանեաց եւ ‘ի գոհունակութիւն համայն Ազգին:
       ***
       Կարնոյ մեր Ազգային Վարչութիւն իւր բոլոր ճիւղերովն կանոնաւոր եղանակաւ (սահմանադրապէս) կազմաւորեալ է շնորհիւ Գեր Առաջնորդի անխոնջ ջանից, որ քաջ գիտէ պարագային համաձայն գործելով՝ մի լաւ յարաբերութիւն մշակել տեղական կառավարութեան եւ պաշտօնական այլ եւ այլ մարմնոց հետ, փափաքելի է սոյն օրինակ ձիրքեր տեսնել Հայաբնակի բոլոր վիճակաց հովիւներուն քով:
       ***
       Քաղաքիս համայն կրպակաց թիւն 3500-էն պակաս չէ եւ ‘ի նոցանէ երկու շուկայ միայն կայ ծածկուած, մնացեալքն բացօդեայ են եւ շինութեամբք պարզ: Պանդոկներու թիւն 150-ի կը հասնի, որպէս եւ հացագործքն (ֆրընճը) 180-200. վերջնոց առն եւ տուրն ամենէն աւելի ընթացիկ է. շուկայքն բաւական լայն են, ո՛ւր ամառ եղանակին, երբ հով մը կը լինի, անվարժ երթեւեկողք կը պարտաւորին աչքերնին գոցել ու այնպէս քայլել, որպէս զի փոշի չըլենայ:
       Բերքի արտածութիւն (եքսփօրթասիօն). - Կարին դուրս կը խրկէ մեծ քանակութեամբ ցորեան, եւ գարի, նոյնպէս անասնոց մէջ ոչխար, ձի, կով, եզ, եւ անոնց կաշին ու բուրդ:
       Ներածութիւն (էմբօրթասիօն). - Կը բերուին Եւրոպական ամեն տեսակ ապրանքներ ու կանոնաւոր շէնքերու համար մեծ քանակութեամբ ընտիր փայտեր, որք Կարնոյ Հիւսիսակղման Սօղանլը կոչուած անտառներէն, եւ Նարմանէն (Տայք նահանգի մի փոքր վիճակ) կը կտրուին: Պարսկաստանէն կը բերեն կուռկուռի ծխախոտ (թէմպէքի) բամպակ. եւ ընտիր գորգեր (խալը):
       Կարնոյ վաճառականութիւն եւ արհեստք առեւտրական ու արհեստական վիճակն, բաղդատաբար, բաւական շարժուն են եւ ոչ մեռեալ, արդէն Օսմ. Հայաբնակ գաւառաց բոլոր կեդրոնական քաղաքներէն առաջին լինելով՝ ուղղակի յարաբերութիւն ունին անոնց հետ, ինչպէս Երզնկայի, Մշոյ, Բաղիշոյ, Վանայ, եւ այլոց հետ. ամեն օր բազմաթիւ կարաւանաց երթեւեկութիւնք անպակաս են քաղաքիս մէջ:
       Տեղւոյս սովորական արհեստներն են պղնձագործութիւն, դարբնութիւն, պայտառութիւն, զինագործութիւն, ոսկերչութիւն, դերձակութիւն, կօշկակարութիւն, թամբագործութիւն, հիւսնութիւն, ոստայնանկութիւն, օճառաշինութիւն, խաղախորդութիւն, ներկարարութիւն, սեւ սաթի շինութիւն, մոմաշինութիւն. կան նոյնպէս ժամագործ, սիկարնիկ եւ սանտր շինող, որմնադիր եւ այլն եւ այլն: Յիշեալ արհեստներէն շատերն ունին իւրեանց տեսակներն եւ իրարմէ քիչ ու շատ կարեւոր տեղ բռնող. որոց մէջ պղնձագործութեան արհեստն զարգացեալ վիճակի մէջ է եւ կրնայ Պօլսոյ հետ մրցիլ: Արհեստաւորներն գիտեն հին եւ կոտորակեալ պղնձեղէններն հալեցնելով այլ եւ այլ մեծութեամբ կաղապարել եւ ապա բոլորակի ծեծելով տախտակներ բանալ, զոր իրենք գուլիչա կ’անուանեն: Երկրին ամեն կողմեր կը տարուին ի վաճառ տեղւոյ պատրաստած պղնձեղէններէն, սեւ սաթ, որմէ կը շինեն սիկարնիկ՝ Տայք նահանգէն (Բարձր Հայոց Արեւելահիւսիս) կուգայ:
       Հայք կ’զբաղին գլխաւորաբար վաճառականութեամբ եւ արհեստներով, նոյնպէս են Յոյնք եւ Պարսիկք: Մահեմտականքն կը պարապին նպարավաճառութեամբ եւ մասնաւոր առով ու տրով. կան իրենց մէջ բաւական թուով թամբագործ, մսավաճառ, խաղախորդ. սոքա կ’ապրին նմանապէս անշարժ կալուածոց եկամուտներով ու կառավարական զանազան պաշտօններով: Սոքա ձիավաճառութեան մէջ առաջին տեղին կը գրաւեն եւ ոմանք ձիու բնաւորութենէն եւ աղէկութենէն լաւ հասկնալուն մէջ համբաւ ունին:
       ***
       Քաղաքիս վերայ այսչափ գրել բաւ համարելով` անցնիմք իւր գիւղերուն, որոնց անուանքն նախ նշանակեմք, իւրեանց ունեցած Հայկական ձեւոց պատճառաւ, եւ ապա բնակութեանց թուոյն մեծութեան կարգաւ իրենց վերայ խօսիմք:
       ***
       Կարնոյ գաւառին վերաբերեալ գիւղերուն թիւն 45-50-ի կը հասնի եւ ամենամեծ մասամբ խառնաբնակ են, այսինքն Արմենական եւ Մահմետական տարրերէ կը բաղկանան. սոյն գիւղերն առ հասարակ դաշտային լինելով՝ ժողովուրդն, նման լեռնականաց, կոկորդական ձայն չ’ունի: Բնութիւնն, որպէս վերեւ յիշած եմ, իւր ցրտութեամբ կը զլանայ պտղոյ ծառ մը հասցնելոյ բնակչաց համար, որք Վասպուրական նահանգի մերայնոց նման միայն երկրագործութեամբ չեն զբաղիր, այլ գեղեցիկ հեռատեսութեամբ շատերն ալ արհեստաւոր են, ինչպէս պղնձագործ, պղնձաջինջ (գալայճը), դանակագործ, բեւեռագործ, որմնադիր, հիւսն, պայտառ, կտաւագործ եւ ջորեպան: