Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԱ. Հայ գիւղացւոց տարեկան կենաց չորս եղանակի համառօտ նկարագիր
       ԳԱՐՈՒՆ
       ՄԱՐՏ, ԱՊՐԻԼ, ՄԱՅԻՍ
       Գարուն երբ իւր առաջի նշաններն ցոյց կը տայ, Հայաբնակ գաւառաց Հայ գիւղացիներու աշխատութեանց ժամն հնջելոյ վերայ կը լինի: Մարդիկ դուրս կ’ելնեն իւրեանց խոնարհ բնակարաններէն եւ ոմանք եւս գետնափոր տուներէն, յորոց շատ տեղերը համաձայն են Պլինիոսի պատմածին: Ամենքն միահամուռ աշխատութեան կը պատրաստուին, արք եւ կանայք, ծերք եւ տղայք, երիտասարդք եւ կուսանք իրար անցման մէջ են. խոփն եւ արօրը, գութանն եւ վիծկին կը շինուին հետզհետէ:
       Խոտաղի (անասուն դարմանող մշակ) այս ատենուան գործեր. - Մինչեւ ց’արդ աշխատաւոր եզներ եւ գոմէշներ ախոռներու մէջ հանգիստ կ’առնէին նախորդ տարուան չարաչար աշխատութենէն, մի քանի օր եւս տակաւին բանտարկուած են այդ անասունքն, որոնք գարնան մերձենալն զգալով՝ բնազդօրէն ուրախութեան ցոյցեր կ’ընեն եւ ոտքերնին գետին զարնելով որոտումներ կը հանեն: Անասնապահներն կը կերցնեն անասնոց, սովորականէն աւելի, կուսպ (կտաւատի մէջէն ձէթ հանելէն յետոյ մնացեալն), գոմէշներն կրկին եւ կրկին ձէթով կ’օծեն, որպէս զի շուտով պարարտանան, զի աշխատութեան ժամերն կը մերձին:
       ***
       Խոտաղներն, որք իւրեանց հոգւոյն պէս կամ աչաց լուսոյ նման, ամբողջ ձմեռը, զանասունս դարմանեցին, առանց ախոռէն դուրս հանելոյ, կ’սկսին պարբերաբար դուրս հանել զանոնք եւ ոչ թէ աշխատեցնելոյ, այլ միայն տանիլ յաղբիւրն ‘ի ջուր, ըստ որում ց’արդ ախոռի մէջ ջուր կը խմցնէին անասնոց եւ երբ այդ հեզ եւ անլեզու կենդանիներն դուրս կելնեն իրենց 6 ամսեայ արգելանոցէն օր եւ Արեւ կը տեսնեն, այն ատեն հետաքրքիր եւ սիրուն եղանակաւ մը ցատկելով եւ խայտալով կը յայտնեն դարձեալ ուրախութիւննին, անասնոց այս ցատկելն կամ խայտալն “տրճիկ” կանուանեն եւ բայն “տրճկել”: Անասնոց կարգին մէջ գոմէշներն աւելի զգուշութեամբ դուրս կը հանեն, որք այլ անասնոց նման, արձակ ու համարձակ չեն թողուր. վասն զի կրնան մարդուս վնասել կոխկռտելով կամ գլխոյ կատաղութեամբ. առ այս մեր գիւղացի կտրիճ մշակներն ի՞նչ կընեն. - հպարտ զգացմամբ մը թեւերնին սօթտած՝ գոմէշի վզէն կը կախեն մի կարճիկ գերան, զոր “կոճ” կ’անուանեն, մի եւ նոյն ատեն երկու մշակներ կամ խոտաղներ չուան նետելով գոմէշի գլուխը, եւ երկու կողմանէ կը բռնեն ամուր ու այսպէս ծանր ծանր կը տանին ‘ի ջուր. սոյն օրինակ գոմէշներն “մոսլի” անուն կը կրեն, որոնց ճակատ եւ ոմանց եւս պոչի ծայր ու չորս ոտքերն բնականէն ճերմակ կը լինին, այդ ճերմակ տեղին կանուանեն “պաշ”:
       Խամախանէս (խամահանէս)
       Գարնան սկիզբը անասուններն մի քանի անգամ ել եւ մուտ ընելէն յետոյ, եւ որովհետ ամբողջ ձմեռ մը կերան ու խմեցին անաշխատ, մէկէն ‘ի մէկ լծան տակ մտնելոյ չեն խոնարհիր եւ կապստամբին. գիւղացիք ունին մի յարարագոյն սովորութիւն. այդ անասուններն աշխատութեան ընտելացնելոյ համար. շատ փուխր (կակուղ, դիւրափշրելի) հողեր կը վարեն գրեթէ անկանոն եղանակաւ մը, մեր գիւղացիք այդ աշխատութիւնն “խամախանէս” կանուանեն:
       Գիւղացւոց ջանքերն այս ատենուան
       Գիւղացիք յաճախ կ’երթեւեկեն ‘ի քաղաք (որում կը պատկանին կամ գիւղին աւելի մօտ է) ընկեր մը գտնել, որմէ իրենց գարնան համար պէտք եղած դրամն առնուլ. շատերն դժբաղդաբար այնպիսի անսիրտ մարդոց ճիրաններու մէջ կիյնան, որոնցմէ առած փոքրիկ գումարին փոխարէն յետոյ շարունակ տալով տալով չեն կարող պարտքէ ազատիլ: Հայ գիւղացւոյ մահու եւ կենաց օրերու սկիզբն է. նա բնաւ չ’նայիր առած դրամի վերադրի (տոկոս) շատին կամ քչին. այլ անհաշիւ սակարկութիւն մը կընէ, ինչպէս որ յարմարի եւ երբեմն իսկ գրաւ տալով արտ կամ այգի, եթէ ունին: Այսուհետեւ առած ստակն պէտք չեղած տեղը բազում անգամ կը ծախսէ միամտաբար կամ աւելի ուղիղ կը լինի ասել տգիտաբար. խիստ շատերու համար արդէն ԽՆԱՅՈՒԹԻՒՆ ըսուած բանն երբէք նշանակութիւն չունի, նորա աչք ԱՌԱՏ է սիրտն ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ եւ ձեռք ԲԱՑ: Գիւղացին այդ դրամովն իւր երկրագործական վիճակի պէտքերն կը հոգայ, զի նա չունի ընտանեկան ֆանթէզիներ, որոց մասին բան մը գրելն աւելորդ է, բաւական համարելով Մէճիտլուի գեղջկուհւոյն եւ իւր պառաւ մեծ մօր նկարագիրն, որ իւր համառօտութեամբն ընդարձակօրէն կը պարունակէ Արմենական գիւղացւոյն տնական կենաց պատկերն (տես էջ 227 եւ ԳԼ. ԺԳ. ):