Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԴ. Հովուական ճաշ
       Հովիւն երբոր զոչխարս որոշեալ տեղին կը հասցնէ զանոնք կը յանձնէ իւր հաւատարիմ պահպանողացն եւ ինքն աղբիւրի մը քով կամ մի այլ յարմար տեղը կը նստի հանգիստ առնուլ եւ ապա տօպրակէն դուրս կը հանէ իւր հովուական կօտ (փայտէ քեասա), մի քանի հատ ոչխարներ կթելով կը լեցնէ ու կը դնէ զայն բացօդեայ տեղ մը, քարերու տակ պաղեցնելոյ համար: Երբոր ցորեկուան իւր որոշած ճաշի ատենը կուգայ, հովիւն ունի բազում նշաններ զոչխարս առ ինքն հրաւիրել, շներն արդէն մղում կըտան այդ հաւաքման, ոչխարներն խուռներամ գալով կը շրջապատեն զհովիւն, որ սոյն պահուն իւր աղալից պարկէն ափով աղ կը հանէ եւ ոչխարաց կը կերցնէ, շատերն իսկ կըգան ու կը լիզեն հովուոյն աղոտ ձեռքը ամենայն ախորժանօք, որ յետոյ ոչխարաց մաղալ կըտայ (հանգիստ կըտայ), շներն կը կերակրէ եւ ‘ի վերջոյ ինքն կը բերէ քարի տակէն կաթնալից կօտն, որոյ երեսը սեր եւ միանգամայն ՍԷՐ կապած է, հովիւն կ’սկսի իւր անսեթեւեթ, այլ պատուական ճաշիկն ընել. այս պահուս ոչխարքն, իրենց սովորութեան համաձայն, տեղերէն չեն շարժիր: Կը պատահի որ ճաշի միջոցին ոչխար մը ծնանի հովիւն անմիջապէս պէտք եղած խնամքն կը տանի իւր ճաշն ձգած: Մէկ երկու ժամու չափ ժամանակ անցունելէն ետքը զոչխարս կը հանէ կրկին յարօտ եւ այսպէս գեղեցիկ եւ բնական կենօք զօրն երեկոյ ընելով՝ ծնելոց մէջէն ժիր գառնուկներն կը թողու մարց հետ եւ տկարներն յիւր տօպրակ կամ խուռճիին մէջ (հայպայ) դրած՝ կը ձգէ “նէրի” (նոխազ) կոչուած մեծ եւ արու այծերուն վերայ ու կը վերադառնայ ‘ի գիւղ:
       Դարձեալ կը պատահի երբեմն որ մի բարեկամ, ցորեկ ատեն յարօտատեղին կամ ճաշին վերայ հովուոյն այցելութեան գալ ուզէ, շներն կարգելուն զինքն, որ կը պարտաւորի բարձրաձայն պօռալ եւ յայնժամ հովիւն մի ընտանի ձայնով կը կոչէ առ ինքն արգելիչ գամփռերն, եւ զանոնք ‘ի հանդարտութիւն կը հրաւիրէ. այդ երախտագէտ անասունքն, գիտես թէ անմիջապէս կզգան եկող մարդոյ ներքին տրամադրութիւնքն ու ըստ այնմ կը հանդարտին կամ կը կատղին (սաստիկ բարկանալ) եւ զհովիւն շրջապատած՝ լրջօրէն կը դիտեն զայցելուն:
       Հովուական պարգեւ
       Ոչխարաց արածելոյ արօտատեղէն երբեմն պատուաւոր ճանապարհորդ մ’անցնի, մեր հովիւն կառնու մի սիրուն գառնուկ յիւր գիրկ կամ մի գեղեցիկ խոյ կը տանի ճանապարհի եզերաց վերայ կը կենայ, յորմէ ‘ի հեռուստ երեւցող ճանապարհորդն պիտի անցնի եւ երբ մօտենայ հովիւն քաղաքավարութեամբ մը, անոր առջեւ կը բռնէ զգառնուկն եւ կը կենայ ակնածօրէն լուռ, ճանապարհորդն նրան կը տայ մի քանի դահեկան պարգեւ եւ կը մեկնի, եթէ ժամանակ ներէ, կ’առնու զգառնուկն հովուոյն գրկէն, բաւական զանի սիրելէն յետոյ, կրկին տիրոջ կը յանձնէ ու կը հեռանայ:
       Հայաբնակ գաւառաց հովիւներու եւ գառնարածներու այս սովորութիւնն երբեմն գիւղացի մշակներն եւս ‘ի գործ կը դնեն եւ փոխանակ ոչխար կամ գառնուկ բերելոյ ահագին եզ մը կը հանեն անցորդաց առջեւ:
       ***
       Մայիսի ծաղկապսակ ամսոց մէջ մտած եմք արդէն. Երկրի դաշտերն եւ բլուրներն, լեռներն եւ ձորերն առ հասարակ պճնած են գոյնզգոյն ծաղկամբք, երգեցիկ թռչուններն իւրեանց գեղեցիկ եւ մոգական դայլայլիկներովն զհայրն կենաց կը փառաւորեն: Այս ամսոյ մէջ ամեն առաւօտ գիւղացի կանայք եւ օրիորդք, Արուսեակի ծագմանը, իրարու հետ կ’ընկերանան, կռնակնին կը կապեն հաց եւ բանջարահան գործիք ու կը գնան ‘ի դաշտս, առ ‘ի քաղել զբանջարս եւ զծաղկունս եւ երբ կը հասնին իւրեանց կանխաւընտրած տեղին, յայնժամ ոչխարաց նման կը սփռուին դաշտաց երեսը եւ իւրաքանչիւրն կ’սկսի իւր հաշւոյն քաղել զընտիրս ‘ի ծաղկանց եւ ‘ի բանջարեղինաց. այսպէս անխոնջ կ’աշխատին մինչեւ ցերեկ եւ ապա իրարու ձայն տալով կը պատրաստուին ճաշելոյ, ամեն մէկ ընկեր իւր ունեցած հացն մէջ տեղը կը դնէ եւ ընկերութեամբ գեղջկական սեղան մը կազմելով՝ անուշ ջրոյ մը շուրջը կը բոլորուին, աստ է տեսանել մեր գեղջկուհեաց անմեղ խնճոյքն, զոր կ’ընեն շատ ուրախութեամբ: Ճաշէն յետոյ իւրեանց աշխատանաց պտուղներն կ’սկսին կարգադրել փունջ փունջ կապելով, իւրաքանչիւրին իւր ճաշակին համաձայն: Այսպէս փոքր ինչ հանգիստ առնելէն ետքը, ոմանք եւս փոքրիկ քուն մը կը քաշեն աղբիւրի մ’եզերքը. ‘ի վերջոյ իւրեանց մէջէն երիցագոյնն ձայն կը տայ միւսներուն ասելով “ելէ՛ք, քորք իմ, ելէ՛ք չարչարուիլ, օրն հիվար (երեկոյ) է”. ամենքն վեր ելած՝ վերստին դաշտաց երեսը կը բռնեն: Օրն տարաժամութենէն զով լինելով՝ աշխոյժնին նորոգութիւն մը կ’զգենու եւ դարձեալ կը քաղեն, կը փնջեն, ու մեզարնին (11/2 մեթր մեծութեամբ քառակուսի լաթ մը մազէ եւ կտաւի նման գործածուած) եւ տօպրակնին: Երեկոյեան վերադարձն կը մերձի, ոմանք գլխոյ պսակներ կը շինեն ծաղկեայ, սիրտերնին ուրախութեամբ լի է, ամենքն բնութեան տուած պարգեւներով կը ժպտին, ոչ ոք ‘ի նոցանէ տրտում երես ունի, այդ հայուհիներն գլուխնին ծաղկամբք պսակած՝ վերադարձ կընեն ‘ի գիւղ, ուր կեցող այլ օրիորդք եւ անչափահաս մանչերն կը դիմաւորեն զիրենք, իրարու բաժին կը հանեն ծաղիկներէն, եւ ուտելիքներէն, զորս գիւղի պառաւ կանայքն կսկսին գնահատել իրենց լօնճայի մէջ, զոր այս պահուս կընեն հաւաքուած գիւղի անկիւնական տեղերը:
       Բանջարեղէնքն կը ծառայեն Հայ գիւղացւոց ‘ի կերակուր պահք աւուրց համար, զոր աւրողն ամենէն կը քարկոծուի (կ’անարգուի):
       ***
       Գարնան երեք եւ ամառուան առաջի ամիսները ոչխարներն, առ հասարակ, ‘ի գիւղ կը բերուին կթելոյ համար եւ անոնց ամենէն աւելի կաթ տալոյ ժամանակն է մայիս 15-էն ց’վերջ յունիսի. այս ատենն ոչխարներն երկու անգամ կը կթեն: