Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԹ. Գիւղի ձմեռուան լուսաւորիչ
       Ձմեռ եղանակին գիւղի մէջ եթէ կայ մի տիրացու կամ փոքր ինչ ընդերձանութիւն վարժ քահանայ, կը լինի մանկանց վեցամսեայ վարժապետ, որոյ վարձքն արդէն ցորենով կը փոխարինուի: Տիրացու-վարժապետն զուսանողս լաւ կրթելոյ բարեմտութենէն շարժեալ՝ իւր կշտին դրած է մի հաստ գաւազան, որ կը ծառաէ “’ի վախ եւ ոչ թէ ‘ի ծեծ”, եւ որոյ շատ տեսակներն ինքն արդէն քաջ գիտէ. դասերն կաւանդէ 20-25 տղայ իւր գլխին ժողոված ոտքի վերայ, չեմ խօսիր դասագրեանց տեսակներու եւ վիճակի մասին. ջանասէր դասատուն յօնքեր լինելոյ արդար փափաքովն սրատես ուսանողաց աչքերն կը հանէ յանգէտս եւ ձմեռն ողջոյն այսպէս կանցունեն ախոռի մի անկիւնը:
       Ձմեռուան ժամասացութիւն
       Գիւղի ողորմելի քահանայն զգիւղացիս կոչել կը տայ յԵկեղեցին, ձեռամբ ծերունի ժամկոչի մը, որ տանեաց վերայ ման գալով կը պօռայ բոլոր ձայնովն “օրհնեալ է Աստուած ‘ի ժամ հրամայեցէ՛ք, ողորմի Աստուած ռէս Տաւօ (Դաւիթ) կամ այս ինչ անուն (տան մեծի անունն տալով), որ ներսէն աչքերն ճմրթկելով կը պատասխանէ “Աստուած ողորմի”:
       Եկեղեցւոյ մէջ քահանայն ամեն ինչ է (բացառութիւն շատ քիչ տեղեր), այսինքն եկեցեղւոյ բոլոր ասմունքներն միայնակ ասելոյ դատապարտուած է. ժամակոչն երբեմն կ’օգնէ իրեն, եթէ յիրաւի, աչքն կարենայ որոշել հնութենէն շարականի կամ ժամագրքի գիրերն, զորս տէր պապան եղած տեղին կապէլով կ’ընթեռնու առանց ‘ի միտ առնլոյ: Շատերու լեզուն սահած է եւ ոչ ոք կրնայ կանոնաւոր պարբերութիւն մը լսել ու այս բանն յառաջ եկած է շուտով լմնցնելոյ փութաջանութենէն: Տարուան մէջ 3-4 անգամ պատարագ կը լինի եւ գիւղացիք կը յաճախէն յեկեղեցի. իսկ միւս օրերն ժողովուրդն կամ բնաւ չ’ըլլար եւ կամ կը բաղկանայ, 2 պառաւէ եւ մէկ ծերուկէ:
       Հարկ չ’կայ այլեւս եկեղեցւոյ շէնքի խեղճութիւնն նկարագրել, քանի որ ազնիւ ընթերցողիս ց’արդ անծանօթ չէ մնացած. նոյնպէս չեմ ուզեր ծանրանալ եկեղեցւոյ քայքայեալ դրան եւ փայտէ բանալիին վերայ, որոնց կրնայ բնաւ պէտք չունենալ: