Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Խ. ՏԱՆՈՒՏԻՐԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ
       Մեր Հայ գիւղացւոց այժմեան տանուտիրական իշխանութիւնն քիչ կը տարբերի նախնեաց ժամանակի վիճակէն եւ այս իսկ է նշան հարազատ ԱՒԱՆԴԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ այդ հին… ժողովրդեան, որ քաջ գիտէ ամեն ինչ վրայ տալ թող չ’տալոյ համար իւր պապկնական Բնակավայրն, ուր երբեմն Սահակ եւ Մեսրոպ թարգմանեցին, Եզնիկ փիլիսոփայից, եւ Եղիշէն մրմունջ կարդաց…:
       Տան մէջ ամենէն մեծն (տարեւոր) յարգելի եւ պատկառելի է ամենուն համար, եթէ ծերութենէն մտաւոր կարողութիւնն կամ մարմնական կազմութիւնը չեն խանգարուած, նա արդէն իւր գերդաստանի բացարձակ հրամայողն է, ոչ ոք նորա հրաման ոտնակոխել կը համարձակի, զի տան ՏԷՐ եւ ՆԱՀԱՊԵՏՆ է, եթէ գտնուի երբեմն ստահակ երիտասարդ մը՝ որ ինչ ինչ պարագայից մէջ անհնազանդ լինի, առ ժամանակ մի է այդ եւ ապա, այլոց միջնորդութեամբ, ձեռք համբուրիւ, սիրելի կը դառնայ տանուտեառն, որ զնորա գլուխն գրկելով սրտագին համբոյր կըտայ նման, որպէս անառակ որդւոյ: Ինչպէս է Պապն տան արական սեռի վերայ, նոյն է եւ մամիկն իգական սեռի նկատմամբ: Ամառ եղանակին երբ ամենքն կերթան ‘ի սար եւ ‘ի ձոր, տանուտէրն ընդհանրապէս կը մնայ ‘ի տան (‘ի գեղջ) եւ ամեն երեկոյ հարց ու փորձ կընէ զիւր զաւակաց ողջութենէն, զաւուր ապահովութենէն եւ վերջապէս զօրն երեկոյ ընելէն: Տան բոլոր առն եւ տուրը յիւրում ձեռին է եւ առանց իրեն մէկը չունի իրաւունք բան մը գնելոյ կամ վաճառելոյ:
       ***
       Հօր եւ մօր ողջութեանը զաւակներն շատ եւ շատ քիչ անգամ իրարմէ կը բաժնուին, որ “Տան հիմն քակել կամ օճախը մարել է”: Երկրագործական վիճակնին իսկ զիրենք պարտաւոր կը կացուցանէ, որպէս զի իրարմէ չ’բաժնուին, զի այդ արհեստն բազմամարդութիւն կը պահանջէ, որպէս յայտնի է:
       Երբ տանուտէրն ծերութենէն այլեւս անկարող լինի գործելոյ, տանուտիրական իշխանութիւնն կը յանձնէ իւր երէց որդւոյն եւ կամ ամենէն աւելի խելահաս ճարտարին, ինքն գործէ եւ գործելէ կըքաշուի. այսու ամենայնիւ տակաւին իւր վերին իրաւասութիւնն գրեթէ կը պահէ եւ կը միջամտէ մանաւանդ այն գործառնութեանց, որոց մէջ փորձառու է:
       Յետ այսորիկ տանուտէրն կը լինի տան պապիկն, եւ որպէս ասացի, յաճախ կը տեսնուի եկեղեցւոյ պարսպի ՇՈՒՔԻ ներքեւ նստած, ո՛ւր հանգիստ կ’առնու, գրեթէ միշտ մտազբաղ հանդերձեալ աշխարհին վերայ. զի ինքն երկրաւոր լինելոյ վիճակէն դադրելոյ շատ ժամանակ չունի. այդ ողորմելի մարդն հաստ գաւազան մի ունի ‘ի ձեռին, սակայն բազում անգամ պատահած եմ, որ ոտքի ելած ատենը կրնակն տուած է եկեղեցւոյ հիմնաքարին, առանց որոյ, մի օր աչօքս տեսի, որ ընկաւ երեսի վերայ, թռաւ ձեռքի գաւազան՝ իւր ծերութեան միակ նեցուկն եւ եթէ դէպքով մը ջերմեռանդ կարապետս կայծակի արագութեամբ չ’հասնէր եւ զինքն չ’վերցնէր գետնէն, նորա բանն բուսած էր ու հարկ կը լինէր զքահանայն կոչել եւ թաղման հանդէս կատարել:
       Այսպէս ալ տանտիկինն կը լինի տան մամիկն, երբ չափազանց պառաւած է եւ գործերն կը յանձնէ տան մեծ հարսին, եթէ ամենէն աշխատասէրն եւ տնտեսագէտն է:
       Տան մը մէջէն երբ մի կարեւոր անհատ ‘ի պանդխտութեան գտնուի, այդ տունն միշտ սգաւոր է. այս հաշուով, ուշիմ վերծանող, կրնաս գիտնալ թէ ո՛րչափ սգաւոր տուն կայ Հայաբնակ գաւառաց մէջ, մանաւանդ երբ ‘ի նկատ առնուս նոցա պանդուխտներու թիւն, զոր շատ տեղեր նշանակած եմ որչափ որ կարելի եղած է:
       ԳԻՒՂԱՊԵՏ (քեահեա) ԸՆՏՐԵԼՈՅ ԿԵՐՊՆ
       Գիւղին պետ մ’ընտրելոյ համար մեծէն մինչեւ փոքր ‘ի մի կը հաւաքուին նիւթական կամ բարոյական կարողութեան տէր մէկի մը տան առընթեր կամ մի այլ հրապարակային տեղ, ո՛ւր խորհուրդ ընելով՝ ձայնից մեծամասնութեամբ յարմարագոյն մի անձ կ’ընտրեն, զոր մի քանի գլխաւորք հետերնին առած՝ կը տանին Առաջնորդին եւ արդէն գնած են մի նախշուն շալ (գօտի) եւ կը յանձնեն զայն Սրբազանին, որում կը յայտնեն գիւղի որոշ կամքն ‘ի մասին գիւղապետի ընտրութեան: Առաջնորդն, գօտին ‘ի ձեռին ոտք ելած՝ պահպանիչ մը կ’ըսէ եւ զգօտին կը կապէ նորընտիր գիւղապետին գլուխը: Այսպէս մեր գիւղապետն գլուխն մեծցուցած քթին հետ եւ շրջապատեալ իրեններէն՝ առօք եւ փառօք կը վերադառնայ ‘ի գիւղն, ուր խնճոյք մը կազմելով կը կոնծեն զգինին եւ զօղին. յաջորդ օրը խնճոյքին համար եղած ծախքերն, զոր օրինակ գիւղապետի շալն, մորթուած գառնուկն եւ այլն, ամենքն հաշիւ ընելով՝ գիւղի տրոց համեմատութեամբ մէջերնին կը բաժնեն եւ իւրաքանչիւրն իրեն բաժին ընկած կը վճարէ, թէեւ ոմանք ո՛չ առանց տարօրինակ հայհոյանաց:
       Գիւղականաց աստիճանքն
       Գիւղի ժողովուրդն կը բաժնուի չորս գլխաւոր աստիճանի: Ա. Խամբայ կամ պճեղ կ’անուանի, որ 1 տուրք ունի: Բ. կիսախամբայ կամ կիսապճեղ, որ 1/2 տուրք ունի: Գ. Թուարեկ, որ 1/4 տուրք ունի: Դ. կէս թուարեկ, որոյ տուրքն նախորդի կէսն է, այսինքն 1/8: Այս համեմատութիւնն ‘ի նկատ կ’առնուի կառավարական հարկերու եւ այլ տրոց մէջ: Ո՛վ որ բնաւ տուրք մը չ’կրնար վճարել, իրեն պարտականութիւնն է գիւղի հիւրերուն ծառայութիւն ընել եւ անոնց ձիերը դարմանել: Երբեմն գիւղի ժողովներու մէջ կագ եւ կռիւ տեղի կ’ունենան, երբ տիրող կառավարութեան պաշտօնեայն կեցած՝ կը պահանջէ սայլ կամ ձի, եթէ գտնուի, եւ այլն, այս իրարանցման մէջ ծերունիք կը յաջողին զստահակն հայրաբար խրատելով՝ հնազանդութեան բերել, որով խնդիրն կը վերջանայ. կը պատահի նաեւ որ ուժեղ գիւղապետի մէկ ապտակն բաւական կը լինի զստահակն կարգի բերել:
       Գիւղացւոց անհնազանդներն ‘ի հնազանդութիւն ածելոյ այս հայրական եղանակն զիրենք արդարեւ գովութեան արժանի կը հանդիսացնէ, զի տեղական կառավարութիւնն գլխացաւէ կ’ազատի: Գիւղապետներն “մելիք” ալ կ’անուանեն շատ տեղերը: