Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՈՒԼՈՒՇԿԷՐՆ ՈՒ ԻՐ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆՈՑԸ


Տեսայ որ գիւղը հեռուէն՝ ցրուած ու հեղ մըն ալ իրարու քով հաւաքուած խոշոր բոյներու կը նմանէր, տանիքներուն վրայ տեղ—տեղ վեր ցցուած պատերուն ցախէ քիւերովը, ու անհաւասար բարձրութեամբ համախռնուած այդ աղքատիկ տուներուն համադրութեամբը, ուր հոս հոն միամիտ կերպով բարձրացած ծխաններն ալ շիտակ՝ մէկ ոտքին վրայ հանդարտիկ մտմտացող արագիլներու երկար վիզերը կը թուէին։ Ու երբ աւելի մօտեցայ՝ իրաւ խոշոր բոյնի մը նմանցուցի գիւղն ամբողջ, որ Արածանիի եզերքը մեր տեսած ու ճանչցած թռչուններէն շատ տարբեր թռչուն մը, անյիշատակ դարաշրջանի՜ մը կարապը՝ շինած ու ինք թռել երթալէ ետք, լքաւեր տեղը օտարին թողած ըլլար։ Բայց ի՜նչպէս բանտարկել հոս բոլոր այն բանաստեղծութիւնը որ գրկեր պառկեր էր այդ մենաւորիկ գիւղը՝ իր կէս խոպան գետնին վրայ, նայելով դաշտին լայն հեռուներուն, որոնցմէ հորիզոնը հինաւուրց բերդերու աշտարակներուն պէս խրամատուած լեռներէն՝ դեռ նոր հորիզոնի մը վրայ միգապատ կատարներու երազը կը քնացնէ, նայելով երկնքին կուշտ կապոյտն ի վեր, ուրկէ հուրիի անհամար, թովիչ աչքեր իրենց նայուածքին մանիշակի անուշութիւնը կը ծորեն։ Իր քօղքին մէջ, իր հարսանեկան հրապոյրին բոլոր գինովցնող ափսոնովը յաւիտենապէս կոյս մնալու երդումն ըրած աղջիկ մը ըլլար այդ գիւղը՝ ամառ գիշերներու թերաստուերումով՝ որ ծնրադրած քողածածուկ՝ օգոստոսի մթնշաղ, ճերմկոտիկ բեհեզներովը փաթթուած՝ մտիկ ընէր գետին զգաւոր հեկեկանքին, տխրաբոյր ու մելամաղձոտ քնարերգութեան, որ անցած ափունքներէն ջուրը ժողված ու հետը բերած էր։

Սխալ ըսի. գիւղին ողջ ապրողներուն բան մը չէր ըսեր կամ անոնք չէին հասկնար իրենց շինականի հոգիով ինչ որ կ՚ըսէր գետը իր մառախլապատ լեզուին խարշափովն ու մրմունջովը. գերեզմաննոցը որ կը կախուէր անոր կապոյտ անկողինին քովիկ, մեռելներու վերջին հանգստարանը միայն կ՚իմանար թագուն գաղտնիքը, անհաստատ ջուրերուն բերած կոծկոծանքը, որովհետեւ իր ցամաք ու ամուլ արգանդը գետին քով քովի, անոր գգուանքին տուած էր։

Երբեք չեմ կրնար երեւակայել այնքան երջանիկ մեռելներ, որքան այդ մոռցուած, խեղճուկ գիւղին մարդիկը որ կ՚երթան թուփերով ու վայրի խոտերով շրջապատուած, հազար անանուն ծաղիկներու, հազար անծանօթ բուրումներու մէջ քնանալ՝ երբ Արածանի իր թափառայած ընթացքով չեմ գիտեր ի՜նչ ափունքներ, ի՜նչ ծործորներ ու աշխարհներ համբուրելէ ետք, դեռ պակաս մնացած ջրային թռչուններու գեղգեղանքն ու փետուրը, մենաւոր ուռիներու խարշափն ու նուագը, հեռաւոր հովիւներու սրինգին նուաղկոտ արձագանգը կամ նորածին գառնուկներու առաջին աղու աղաղակը կը բերէ իր հետ՝ աշխարհի ամէնէն քնքուշ ու ամէնէն երանաւէտ բաներուն ներդաշնակութեամբը մոռցնել տալու համար այն ահաւոր անէծքը որ զիրենք կեանքէն ու ապրողներէն կը բաժնէ։

Մարտին ու մայիսին, փայփայանքը աւելի եղբայրական ու աղապատանքը աւելի սրտագին է՝ գետին ու գերեզմաննոցին։ Ու երբ արեւին սէրը աւելի արհաւրալից ու ապրելու բաղձանքը աւելի դառնակսկիծ է մեռելներուն համար՝ արտասուալից լեռներուն տրտում ջուրերը կը շատնան, կը բազմապատկուին, գարնան մեղեդին բերել տաղերգելու գիւղի հանգստարանին, ուր տապանագրեր հազուագիւտ են ու թերեւս եկող սերունդները աւանդութեամբ կը ճանչնան իրենց սիրելիները, յաճախ անճե՜տ անժառանգներ, մոռնալով իսկ անոնց տեղը՝ եթէ ծերունի մը չգտնուի իր գաւազանով ցոյց տալու հողակոյտ մը, կոտրած, փշրած մէկ քանի քարեր՝ որոնց վրայ ժամանակը նոյնպէս կորուստի խաւարը կը բերէ ու քարաքոսներով կը ծածկէ։

Եւ ի՜նչ երջանկութիւն. խորհիլ թէ գերեզմանիդ մօտէն միշտ կենդանի, անցամաք գետ մը ամէն օր, ամէն տարի պիտի գայ ու անցնի՝ դժոխային լռութիւնը անուշ հծծիւնով մը զուարթացնելու, մտածել թէ դարեր ու դարեր ետքն ալ՝ երբ ամէնքը, ամէնքը քեզ ճանչցողներուն՝ պիտի անցնին, մանուկները ծեր պիտի ըլլան, թոռներ տալով պիտի մեռնին իրենք ալ իրենց կարգին, գիւղին քահանան ալ, ճերմակ գտակով դպիրներն ալ, ու նոր եկողները յաւիտենապէս անծանօթ պիտի ըլլան քեզի՝ չգիտնալով թէ դուն ապրա՞ծ ես օր մը, այս անմահ, այս մշտնջենապէս երիտասարդ գետը միայն պիտի մնայ ծանօթ քեզի… ու իր սիրուն համար գուցէ մանուկ հօտաղ մը գայ նստի գարնան առաւօտներուն կամ աշնան վերջալոյսներուն՝ գիւղի երգերէն եղանակ մը հնչեցնելու, ու իր գաղտնապահ ալիքներուն նորէն գայ օտարացած հայրենի տանդ կամ անոր դրացի աղջիկներէն մէկը իր առաջին սիրոյ արցունքը ցօղելու եւ քեզի իմացնելու համար թէ մարդիկ կ՚ապրին տակաւին, կը սիրեն տակաւին, արեւը գիւղիդ վրայ կը ցաթի ու մանգղուորները իրենց արշալոյսի տաղերը կ՚երգեն, թէ կեանքը անուշ է ապրողներուն համար…

Ո՜վ հեռաւոր գիւղ, չեմ մոռնար զքեզ, երբ կենդանիներուդ մխիթարութիւնն ու մեռելներուդ երազը այնչափ հանգիստ է ու խաղաղ։