Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԵՐԱՆ ԴԻՑՈՒՀԻՆ


Լեռներն են, ա՜խ, այս լեռները հըմայիչ

Որոնք ծուխի, մանուշակի գոյնով բաց

Աղջըկայ ու երազի մը չափ թովիչ,

Հոգուս վայրի այլ գիրգ քերթուածն են եղած։

 

Արշալոյսի վարդ մըշուշի մը մէջէն

Որ ետին կը թողու գիշե՛րը փախչող,

Անոնք հոգւոյս հըմայքն իրենց կը կանչեն,

Խորհրդաւոր բայց կենդանի ալ լեզուով։

 

Եւ ես ինչպէս արծիւը որ թեւաբաց

Կ՚երգէ ըմբոստ իր տարփանքը սըրտահալ՝

Նայելով վեհ այս լեռներուն մըթամած

Կը հիւսեմ իմ երգերս անզարդ ու մըռայլ։

 

Զանոնք գըրկող մութ ու տարտամ կապոյտն այդ

Ներշնչումի մը, բան մը ունի անիմաց

Ուր ինձ ծանօթ բայց միշտ թաքուն ու գաղտնի

Կը խըլրտի խորհուրդ մը լուռ ու կամաց։

 

Երկա՜ր, երկար կ՚երկարէ լեռն իր շղթան

Եւ կապոյտն ալ կը թանձրանայ անկայուն,

Անուշնալով նայուածքին պէս աղջըկան՝

Դառնալով խոր, հըրապուրիչ ու անհուն։

 

Անծանօթը, կը փընտռեմ թէ ի՛նչ է՝

Ծածկըւած այս լեռներուն մէջ ամայի,

Որոնց վըրայ եղնիկ մ՚երկչոտ կը ննջէ,

Կամ ծաղիկ մը անցնող ամպին կը նայի։

 

Անծանօ՜թը, ինծի այնպէս կու գայ թէ

Դիցուհի մ՚է, հին Աստուածն այդ լեռներուն,

Հիմա անտես, սառած բիւրե՜ղ մըշուշէ,

Այս կապոյտին մէջ մարմնացած իրերուն։

 

Դիցուհի մը, որ կապոյտի է փոխուեր,

Կապոյտի մը անջրային, թափանցիկ,

Եւ ա՛լ ինքզինք մարդոց աչքէն չի պահեր,

Միշտ խուսափող, այլ միշտ չքնաղ, գեղեցիկ։

 

27 Օգոստոս, 1898