Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎՇՏԱՀԱՐ ԲԱՐՏԻՆ

Ամառ մը քեզ սիրեցի,

Աշուն մ՚ամբողջ հագայ սուգ,

Տերեւներու դըրացի՝

Լացի պղտոր արտասուք

 

Երբում տուի ես գարնան

Ըլլալ անխօս, գաղտնապահ.

Չըլլայ պլպուլք իմանան,

Անտաին սուգ գայ ապա։

 

Աշնան ծախիծն հագայ սեւ,

Բնութեան հառաչն եղայ ես,

Անիծեցի քեզ մինչեւ

Գերեզմանըդ իմ սրտէս։

 

Բարտի մ՚ըլլաս հերարձակ

Գետի մ՚ափը մշտահոս,

Մազերդ՝ ճիւղեր ընդարձակ

Տերեւներդ՝ վշտախօս,

 

Հեծես, դողաս դուն քեզէն,

Ցաւըդ մարդիկ չիմանան,

Աշնան հոգերն երբ վազեն՝

Անէծք ըզգաս դու միայն։

 

Ըլլայ ստուերդ առուին մէջ,

Տըխուր դէմքըդ սըգահար,

Ու հոն փընտռես սիրտ մ՚անշէջ,

Սիրտ մը սիրող սիրահար,

 

Այլ չըգտնես դուն երբեք

Հոն յիշատակ անապակ,

Հովը երգէ իր բեկբեկ

Երգը միայն շարունակ։

 

Ափը գետին, շուքիդ տակ

Երեկոներն աշնայնի

Գամ այցելու մերթ մինակ

Երբ գագաթըդ տատանի.

 

Ճիւղերդ լան, դուն սըգաս,

Ու արցունքներդ ալ զղջան

Թափես վըրաս ու ըզգաս

Տառապանքը ինձ նման։

 

Դիտեմ դալուկ ճիւղերէդ

Կապոյտն երկնի բըռընկած,

Մահն արեւին արիւնհետ,

Երկինքը լուռ, լըռակեաց։

 

Տեսնեմ սուգըդ թախծալից

Վերջալոյսի դողերով,

Ու քեզ հողմոց անիծից

Ձեռքը ինկած անվրդով։

 

Ո՛չ ոք խղճայ, ո՛չ ոք լայ

Վշտիդ, թախծիդ, հոգերուդ

Արցունքներուդ իսկ վըրայ,

Թերեւս հովիւ մը անսուտ,

 

Ցաւած սրտով վիրաւոր

Յուզուի ինքնին ու ըսէ՝

Թէ այս բարտին մենաւոր

Արտեօք ինչո՛ւ կ՚արտասուէ։