Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՇՏԱՅԻՆ ՎԵՐՋԱԼՈՅՍ


Ահա դաշտին վրայ իրիկուան խաղաղարար անդորրութիւնը։

Բայց այդ խաղաղութենէն առաջ՝ թռչող երգերու վերջին խմբանուագն է որ կ՚եղանակէ, պզտիկ թռչուններու մանկական մեղեդին՝ դեղին հունձքերու ծոցէն, որիներու պառաւ կռկռոցը՝ կորդ ակօսներու մէջէն, զուարթաթեւ ծիծառներու մետաղային ճիչերը՝ լոյսի ճերմակ փոշիներով ծանրաբեռնուած օդին ամէն կողմերէն. փութկոտ արտորանք մը, անհանգիստ աճապարանք մը դաշտին վրայ ու երկինքին մէջ. քիչ մը հեռուէն լայնաթեւ արագիլ մը կը բարձրանայ յանկարծ դէպի վեր՝ թեւերու դանդաղ ու ծոյլ թափահարումով մը, որուն կը հետեւին ասկէ անկէ նման թեւեր դարվար կախած երկար վիզերով ու պոչին քովէն պարտկուելու անկարող մերկ սրունքով, դժուարաշարժ, յոգնած լողուորի տատանքովը՝ կը թափահարեն օդը ու կը շտկուին դէպի գեղը. պոչի, գլխու, փետուրներու մանրերանգ տարբերութեամբ ճնճղազգիներ կ՚ելեւէջեն անդադար գետնէն դէպի վեր ու վերէն դէպի ցորեններուն, գարիներուն հասկերը. հազիւ մարդահասակ բարձրութիւն մը կը թռին ու նորէն կը սուրան վար. կնգուղաւոր ճնճղուկներ, վրան ծիլ սեւ, իսկ տակի կողմը կաթի ճերմակութեամբ թեւեր ունեցող ճնճղուկներ, անհանդարտ տտուներով թռչնիկներ՝ կը ճռուողեն, երբեմն սուր, հատու ճիչերով, երբեմն քնքուշ հագագի մը մեղրոտ գլգլանքովը, կը ծիծաղին, սիրոյ խօսքեր կը թոթովեն, կը խնդան ու գինով զուարթութեան մը փրփուրները կը ցանեն ամէն կողմ. յետոյ չես գիտեր ինչ կ՚ըլլան, ո՛ւր կը պահուըտին. կամաց—կամաց կը պակսի իրենց թիւը, կամաց—կամաց ձայները, վանկերը կը մեռնին եւ ի զո՜ւր կը փնտռես հասկնալու համար անոնց բոյնը, անոնց թառած տեղը։

Անիւներու հետքերովն ակօսուած փոշելից արահետը լեցուն է մարդերով ու անասուններով. կովերը, լծուոր եզներն ու գոմէշները դանդաղաքայլ՝ նոյնպէս դէպի գեղը, դէպի գոմը շտկուած են, յոգնած ու փոշեթաթաւ. աջ ու ձախ կողերուն վրայէն գլխու նեղսիրտ հարուածներով կը փախցնեն նեղիչ ճանճերը, իրենց պոչերը կը շաչեն ու երերալէն, օրօրուելէն կը մօտենան, ռնգելով, քրթմնջելով՝ երբ գոմին հոտը կ՚առնեն կամ մատղաշ հորթին ձայնը կ՚իյնայ իրենց ականջին։ Ու վերէն, երկինքին անհուն բարձրութիւններէն ստուերները կը թռին, վար կը կախուին մանաւանդ հորիզոնին վրայ, եւ որոնց ետեւէն, արեւմուտքի ատրաշէկ լոյսը կը խորունկնայ, կարծես ցնորական աննիւթ աշխարհի մը մէջ կ՚երթայ կը խորասուզուի։

Զուարթարար զովութիւն մը կը յաջորդէ արդէն տիրող ծանրութեան, խնկաւէտ՝ հասած հունձքերուն, շամամներու, դաշտային բոյսերու եւ ծաղիկներու վայրի հոտերովը, թեթեւ զեփիւռ մը որ ապրշումի կծիկի մը պէս կը քակուի, կը թրթռայ օդին մէջ ու կ՚անցնի, բերելով աւելի աշխոյժ, աւելի կենդանութիւն. եւ ահա այդ զովութենէն ոգեւորուած՝ կը սկսին հնձողները բարձրաձայն երգել ու քաղել. բազուկները թեթեւ ու արագ—արագ կը նետեն մանգաղը, գեղջուկ մանուկներ կը կամնեն կալերը եւ հեռուն դէզերն ու խուրձերը աւելի որոշ կը գծագրուին։

Գեղերուն թոնիրները կը վառին, բուխերիկներէն ծուխը միապաղաղ սիւներու պէս կը ծառանայ, մանաւանդ երբ օդը արդէն հանդարտ է եւ թիթեռնիկի մը թեւովն իսկ հովը չի վրդովեր զայն. եւ գեղէն խժլտուք մը կու գայ, նախիրները որ կը վերադառնան, գառները որ կը մայեն, սայլերը որ կը ճռնչեն եւ գեղացիները որ բարձրաձայն իրար կը կանչեն, կը պոռան կամ պատուէրներ կու տան։ Փողոցներէն կ՚անցնին անընդհատ՝ բոպիկ ոտքով, քիթերնին մինչեւ գետին դպնալու չափ ծանրապէս բեռնաւորուած կնիկներ, քրտինքի, փոշիի մէջ թաթխուած, խանձած սրունքներով ու երեսներով. ճպռոտ գզգզուած մազերով, նոյնպէս բոպիկ, փոշելից զգեստներով մանուկներ կը վազեն, կը շտապեն դէպի տուն, ամէնուն ալ ձեռքը, ուսը կամ կռնակը դաշտային բեռ մը միշտ։ Ու գեղը որ ցերեկն ամբողջ լուռ, անմարդաձայն ու պարապ էր՝ կը լեցուի աղմուկով, աղաղակներով, կեանքով։

Կուշտ գոհունակութիւն մը կը խլրտի ամէն կողմ եւ վերջալոյսը որ վերէն կու գայ գրկելու այդ ամէնը, արտ, հունձք, հնձող ու լծուոր՝ անհուն հեշտութիւն մըն է, երկնային ողջագուրում մը, անբացատրելի երանութիւն մը։

Աղբիւրներուն ու առուներուն ձայնը լսելի կ՚ըլլայ. կարծես նոր լեզու ելած ըլլան. մտերմական մրմունջ մը կը փսփսայ հեռուէն ու մօտէն, յետին միջատի մը ճիկ—ճիկն անգամ խօսուն բարբառի մը փոխուելով։

Ու երբ մութը երթալով զգալի կը դառնայ, երբ կը լռեն կենդանիի բառաչներն ու թռչունի ձայները՝ աշխատութիւնը, շարժումը, կենդանութիւնը կը կորսնցնեն կարծես իրենց հմայքը, կը դառնան անհրապոյր, որովհետեւ վեհաշուք հանդիսաւորութիւն մը կը բռնէ կը կայնի երկինքէն գետին, որովհետեւ տիրական լռութիւն մը կը տարածուի անարգել՝ ինչպէս հիասքանչ տպաւորութիւն մը դաշտին բոլոր լայնութեանը վրայ, ամփոփուած ինք իր մէջ, կախուած եդեմական երազի մը եզերքէն դարվար։ Ու դաշտը, կարծես, դժկամակութեամբ, նեղսրտութեամբ վռնտել կ՚ուզէ իրմէ մարդն որ տակաւին ոտքի վրայ կը կայնի, բազուկն որ տակաւին իրեն կը դառնայ եւ ամէն գլուխ որ տակաւին կը յամառի իրեն վրայ ծռիլ։ Այդ հանգիստը եւ ոչ մէկ բանով վրդովուիլ կ՚ուզէ. ասիկա գիտեն ամէնքը, բնութեան բոլոր զաւակները ու տակաւին եթէ հեռաւոր աւաչ մը, շատախօս կտուցի մը վերջին յամառութիւնը կը տեւեն, ատոնք աւելի՝ դաշտին, իր քունին մէջ արտաբերած զառանցանքները կը թուին ըլլալ։

Կալատեղիին մօտիկ, դէզերուն տակ կամ անոնց գագաթին վրայ փռուած կը պառկի աշխատութեան զաւակը, մշակ երիտասարդը, գլուխը խոտէ բարձի մը վրայ՝ խորունկ քուն կը քաշէ, կը խորդայ։ Սղոխը կը խշրտացնէ չոր ցօղունները կամ կարմիր քիստերը, փոսուռաները փայլուն, լուսաւոր թեւիկներով կը թռուըտին ու կը կենան հոս ու հոն։ Երբեմն—երբեմն արտին պահպանութիւնն ստանձնողներուն զուարթ խօսակցութիւնը կու գայ, որոնք ամէնքն ալ կը հսկեն դէզերուն, ընկողմանած կակուղ հողին վրայ մէկմէկու քով ու կը կատակեն կամ սիրոյ պատմութիւն մը կը խօսին։

Լուսաւորները կը ծագին կապոյտին մէջ հատիկ—հատիկ, հանդարտօրէն ու պայծառաբիբ. իրենց հոգիին խորունկէն բարութեամբ կը նային դաշտին ու դաշտին երեսը հանգչող կեանքին. ու բարդերը, խուրձերը, ցրուած քիստերը դէպի վեր, երկինքն ի վեր նայելու երեւոյթ մը կ՚առնեն, մտածում մը, խորհուրդ մը փոխանակել կը թուին եւ տիեզերքին անբաւ միջոցը իբր թէ լեցուած ըլլար, իբր թէ գետնէն մինչեւ այդ պակուցիչ անհունութիւնները նայուածքդ մէկ ոստումով հասնելու կարող ըլլար եւ վարէն արտաբերուած խօսք մը, ո՛ եւ է ձայն մը արդէն կարելի ըլլար լսելի ընել տալ մինչեւ հեռաւոր, անմատչելի աստղերուն։ Անհամար աչքեր երկինքէն վար, ծաղիկներու անհամար նայուածքներ երկրէն դէպի վեր, զմայլուն պշուցումի մը մէջ կը դիտեն զիրար, մինչեւ որ լուսաւոր բիբերը երթան հեռանան անծանօթ գիշերի մը մէջ քնանալու եւ վարինները մնան սպասող իրենց, յառած միշտ դէպի վեր, դէպի անհասկնալի բարձունքն ու անոր դաշտերը։

Եւ ահա թեթեւ, մանկական քուն մը, թեթեւ՝ ինչպէս լուսնկային լոյսը, կը քնացնէ դաշտը որ շո՛ւնչ իսկ չ’առներ եւ անձայն, անշշուկ կը թմրի՜ կը հանգստանայ։ Միայն մժեղներու անտեսանելի թեւերը կը սուրան, կը վժվժան ու երազային նուագներու խօլական դաշնակութիւն մը կը մրմնջեն։ Կարծես խոտերը կեանք չունին, թիթեռները, թռչունները հեռացեր գաղթեր են ամէնքն ալ, կարծես այս խաղաղ թմրութիւնը, այս հանգստութիւնը պիտի տեւէ շատ ատեն ու կը փափաքիս որ այնպէս ըլլայ, որովհետեւ դաշտին վրայ հսկող գիշերը՝ գիշերներուն հրաշալին է, անբաղդատելի հովուերգութիւն մըն է, օծուա՜ծ կիսաթափանց, անրջային լոյսով, օծուա՜ծ աշխարհի ամէնէն հեշտ, ամէնէն անդորրական շունչովը։