Այդ
դիւթիչ
առաւօտուն
մայրիներու
խնկաբոյր
շուքին
տակ
կը
սպասէր
իր
ուշացած
որսորդին,
բայց
անիկա
կ՚ուշանար,
կ՚ուշանա՜ր։
Արեւը
մէկ
քանի
նիզակ
բարձրացաւ,
ահա
միջօրէն
ալ
կ՚անցնի
ու
որսորդը
իր
որսը
չի
բերեր։
…
Արիւնոտ,
հրաբորբոք
գօտեմարտ
մը
սկսաւ,
վիրաւոր
վարազին
ու
յոխորտ
որսորդին
միջեւ՝
այն
տեղը
ուր
իրարու
հանդիպեցան,
խոր
անդունդի
մը
եզերքը։
Անասունը
իր
կրած
վէրքին
ցաւէն
զայրագնած,
գուցէ
կեանքի
կորուստն
ալ
ակներեւ՝
իր
դրդող
բնազդին
բոլոր
վայրի
ուժովը
ինքզինք
կը
պաշտպանէր
ու
յարձակում
կու
տար՝
որսորդին
արիւնաթաթախ
դաշոյնին
ու
ջլատող
բազուկին
գլուխ
տալով։
Վէրքերու
բերնէն
արեան
բարակ
առուներ
կ՚իջնեն
եւ
ստեւին
մէջէն
ակօսելով
դիւցազնական
երեւոյթ
մը
կու
տան
հէ՜ք
անասունին
որ
գերբնական
ճիգերով
կեանքը
կը
պաշտպանէ։
Բայց
Սիային
լեռնցիի
խիղճը
ցաւ
մը
կը
խայթէ,
կտրիճի
մը
մահը՝
թո՛ղ
ըլլայ
անասունի՝
թունաւոր
խայթոց
մըն
է
վերջապէս
լեռնականին
համար.
սակայն
սիրածին
առջեւ
ամօթահար
ըլլալու
վախը,
որ
անասունի
մը
յաղթել
չկրցաւ՝
արիւն
կը
բերէ
իր
հրացայտ
աչքերուն
մէջ
եւ
յիմարական
կատաղութեամբ
մը
կը
մղէ
այդ
մրցակից
վայրի
ուժը
քամելու։
Բայց
յանկարծ,
ո՜վ
սոսկում,
որսորդը՝
Սիան՝
վարազին
յետին,
վճռական
հարուածովը
գահավիժեցաւ
վա՜ր,
դէպի
խորունկ
անդունդը
որ
չէր
կրցած
նշմարել
իր
կուրացնող
կռիւին
մէջ,
եւ
ուր
հազարաւոր
վայրի
ծառեր,
սո՜ւր
եղեւնիներ
իրենց
փշալից
բազուկներով
վեր
կը
ցցուէին։
Վարազն
յաղթական
ոստում
տուաւ
ու
արագոտն
սրացաւ,
խիտ—խիտ
ծառերու
գրկին
մէջ՝
անտառի
կանաչ
խոտերուն
ու
մարգերուն
վրայ
արեան
կարմիր
գիծ
մը
քաշելով
ետեւէն,
մինչդեռ
անտառը
կը
կրկնէր
իր
ոտքերուն
տրոփիւնը
հնչո՜ւն
արձագանգներով։
Վարազն
իր
հեռաւոր
որջը
սլացաւ
ու
Սիան
չկրցաւ
իր
խրճիթը
դառնալ,
ուր
նոր
հարսը
իր
ճամբուն
կը
սպասէր
ակնդէտ։
Վիրաւո՛ր,
հոն,
ամայի
անդունդին
մէջ
մնաց։