Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՀԱՆՋԸ
(ՔՐԴԱԿԱՆ ՎԻՊԱԿ)
Բ


Ահա ցեղապետը, Զոզոն, ոտքէն մինչեւ գլուխը սպառազէն, որ դուրս կու գայ իր տունէն եւ կ՚առնէ ձիուն սանձը իր զինակրին ձեռքէն։

Թիկնեղ, առիւծի բաշով ու վէս գլխով հսկայ մըն է, որուն արհաւարալից ու դաժան դէմքէն բարկութեան արիւնը կը կաթի։ Տարիքն առած ու մազերը շատոնց ճերմկեր են, բայց յայտնի է, որ կորովն ու թեթեւաշարժութիւնը տեղը մնացեր են, որովհետեւ ձախ ոտքը ասպանդակին վրայ կը դնէ եւ աշխուժով, ակնթարթի մը մէջ կը ցատքէ նժոյգին քամակը։ Հետեւորդ սպաները, ամէնքն ալ պատրաստ, կը հեծնեն իրենց ձիերը ու կը սպասեն։

Կը սպասեն որ գայ կտրիճներուն կտրիճը այդ ցեղին, այսօրուայ պարծանքն ու վաղուան փառքը աշիրէթին, Իպրահիմը, մէկ հատիկ զաւակը Զոզոյին։

Ու կ՚երեւնայ Իպրահիմը, քսան տարեկան դեռ թարմ տարիքի ու ճահիլ արեւի հրաշալի փթթումին մէջ, որուն չինար հասակը, զմայլելի կուրծքն ու ջղապինդ բազուկները՝ վայրի ուղէշներու սանձարձակ ազատութեամբն ու հիւթովն ուռճացեր են։ Հազիւ թէ լեռներու ու բարձունքներու հզօր սէրերը մէկտեղած՝ կարող ըլլային այդքան անդիմադրելի կազմով զաւակ մը ծնիլ, հազիւ թէ մատակ առիւծ մը եօթը հատի կաթ տալով իր ծիծէն՝ կարող ըլլար այդքան հարազատ կորիւն մը մեծցնել։

Անոր համար, սքանչացման ու գորովալից ակնարկներ կը շրջապատեն զինք, երբ յաղթական քայլերով կը մօտենայ հօրը ասպետանիին կարգերուն. ամէնքն ալ հպարտ են իրմով, որովհետեւ բովանդակ թշնամի շարքերուն մէջ դժուար թէ մէկը գտնուէր իր ոտքի փոշիին հաւասարող, որովհետեւ իրենց ցեղին քաջութիւնն ու պարծանքը կը տանին ահա հակառակորդին ցոյց տալու։

Վերջին անգամ դուրս կու գայ հօրենական տան դռնէն կտրիճին մայրը, Խաճէն, ողջագուրելու իր զաւակը եւ համբուրելու անոր աչքերը։

Քեզ տեսնեմ, զաւա՛կս, անաղարտ պահես քու ցեղիդ նամուսը. քաջութիւնը մեր հօրենական պատիւն է, մեր օճախին հիմն է…

Կը չխչխկան ասպանդակները եւ ձիաւորները կը շտկուին լեռն ի վեր շողացող շաւիղները։ Դեռ երկար կը հնչէ հեռացող նժոյգներուն դոփիւնը եւ անոնց սմբակներէն դէպի ձորերը գլորող քարերուն աղմուկը։ Աննման արօտավայրերու այդ աննման երիվարները փրփրերախ են ու կը ծամեն իրենց սանձերը, անհամբեր զայրոյթով ու գինովութեամբ անձկալից՝ իրենց տէրերուն պէս կը փռնչեն, կը հեւան, լայն փնչածակերը արագ—արագ բանալով ու գոցելով։ Խիզախ խրխնջիւնները կը խռովեն սարալանջերու ննջող արձագանգները, երբ արօտավայրերու բարձրահասակ խոտերուն մէջ կորսուած՝ ճարակող մտրուկը, յանկարծ վեր ցցելով իր բաշը եւ ականջները կպցնելով քունքերուն՝ կը վրնջէ աշխուժով եւ իր հայրերուն, եղբայրներուն խանդավառութիւնը հոտուըտալով հեռուէն կ՚արբենայ ինք ալ. եւ այսպէս միշտ, հեռուէն ու մօտէն պատասխան կու տան իրարու՝ ուրիշ խրխինջներ, ուրիշ վրնջիւններ։

Արբած՝ ձին ալ ձիաւորն ալ, արբած մօտաւոր կռիւին գինիովը, արբած թշնամիին վրէժխնդրութեամբը։