Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵԾ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԸ


Թեւի մոլորուն քանի մը թափեր, գուցէ այն պահուն ուր առաւօտը կը բացուի արշալոյսի եթերային ափունքին վրայ, նետած էին զինք ցածուկ ծառի մը սաղարթներուն գոգը ու պահ մը ետք երբ առաջին հասուն ճառագայթները գետին դպած էին՝ գոցեր էր իր աչքերը, պինդ սեղմելով ճանկերը ոստէ թառին վրայ, կառչելով հոն ակամայ, ճնշուած ցորեկուան բռնաւոր ցանցին մէջ, կարծես մեռնելու պատրաստուելով լուսաւոր գերեզմանի մը ծոցը։

Այս պայմաններով կարելի էր բացատրել իր գերութիւնը, անճարա՜կ ու երկչոտ թռչունին, որ ահա զինքը շրջապատող աղմուկին ու իրարանցումին մէջ՝ տակաւին վզին ազնուական վէսութիւնը չի թեքեր ու ճակատագրին բռնութեանն առջեւ ասպետական զոհի մը բոլոր շնորհը կը պահէ։

Բո՜ւ մըն էր, վայրի թռչունի իր վեհաշուք ու պերճ գեղեցկութեամբը, որ լեռներու սառնագին ամբարտակներուն բարձրութենէն ստուերներ կը կրէր իր բիբերուն վրայ ու վիթխարի ապառաժներու՝ իր բնակութիւններուն՝ պատկառանքը կը բերէր հետը։ Զինքը ծածկող գորշ փետուրներուն ու յորդ աղուամազին միշտ անփայլ ու անգեղեայ ամբողջութիւնը կը յիշեցնէր, սկսող գիշերուան գոյներու պղտոր տարբաղադրութիւնը, մանկական օրերուն կպած իր թեւերուն, յամառութեամբ կառչած այդ կակուղ բաներուն որոնք նոյնպէս լոյսէն կը վախնան ու կարծես կը պահուըտին անկէ։

Կեցաւ հոն երեք—չորս օր, դասարանին՝ իրերու ամէնէն վաղանցուկ հետաքրքրութիւնն ու գոհացումն ունեցող մանուկներու այնքան դիւրափոփոխ զուարճութեան, ու յետոյ արհամարհանքին առարկան դառնալով։ Ապա մոռցուեցաւ, իբր թէ թռած գացած ըլլար, իբր թէ եկած չըլլար տակաւին իր անանուն աւերակներէն ու անմարդաձայն վայրերէն, անյիշատա՜կ ու անծանօթ՝ իր անտառներուն ստուերներուն նման, որոնք արշալոյսէն կուգան եւ իրիկուան հովերուն հետ կը թռին կ՚երթան նորէն։

Սակայն, անշարժ իր տեղը, ընտանի թերափի մը բարեպաշտ խորհրդաւորութեամբը, որուն առջեւ աղօթքը կը ծուլանայ անվստահ կասկածանքով՝ մտիկ կ՚ընէր այն անբացատրելի յուզումին, շշուկին ու իրարանցման՝ որոնց պարբերական կրկնութեան ու հանդարտութեան պատճառը չէր հասկնար, կամ կը փնտռէր իր անասունի իմաստութեան անորոշ սահմաններուն վրայ ու չէր գտներ. դասարանը կը լեցուէր ու կը պարպուէր, դասերը կը շարունակուէին ու կ՚ընդհատուէին, եւ թռչունը անողոք հարցումի մը պէս կը կենար պատուհանին մէջ՝ կեանքին դիմաց ու կը սպասէր յաւիտենական պատասխանին։

Մշտնջենապէս քնացողի մը երեւոյթն ունէր. վիզը կծկած աղուամազէ մանեակին մէջ, յափշտակուա՜ծ, տարուած գիշերային խաւար տեսարաններուն, երբ ծառերն ու տերեւները մեր տեսողական հասկացողութենէն տարբեր դաշնակութիւն մը, անրջային ուրիշ հրաշալիք մը կը հագնին, ու արտաքին աշխարհը կը փոխուի, այլապէս կը կերպարանաւորուի՝ հնչուն կենդանի լեզու մը ապառաժներուն, անհանգիստ բարձրութիւններուն հսկայական հոգի մը տալով. նոր բանաստեղծութիւն մը, նոր զգացողութիւն մը հաղորդելով անբարբառ, համր եւ անզգայ կարծուած իրերուն՝ որոնց դիւթանքը գիշակեր ու գիշերային թռչունը կարող ըլլայ հասկնալ։ Կ’երազէր բոլոր ասոնք, կը կրէր այն տարօրինակ զգայութիւնները՝ որոնք անծանօթ են մեր տպաւորութիւններուն, գուցէ անհունապէս խորհրդաւոր ու անիմանալի, եւ որոնք կը վրիպին միշտ մեզմէ՝ կազմելով թռչունին տպաւորական երջանկութիւնը, երազը, մտաւորական ծիածանը։

Օրերը անցան ու գիշերները եկան գացին այդ մենաւոր սենեակին մէջ, ուր սպասեց անիկա անընտանիք ու բունազուրկ՝ իր դժոխային պատերէն անդի՛ն դիտելով միայն սքանչելահրաշ խաւարին բիւրատեսիլ մոգութիւնները, որոնք ոգեկոչեց իր ողբակոծ աղաղակովը, որոնք արթնցնել ուզեց իր հեծեծագին վայիւնովը՝ երբ դուրսը գիշերը նորէն կը ստեղծագործէր խորհրդանշանական գեղեցկութիւնները ու կը ծաղկեցնէր վերի կապոյտին, վարի սեւ հողուն, ու միգամած ոլորտն ի վար գերագոյն ծաղիկներ, դիւթական ճաճանչումներն ու գոյները եւ թրթռումները՝ որոնցմէ հեշտապատկերներ չեն ցոլանար եւ որոնց զուտ իմացական յափշտակութիւնը տարփական բան չի ճառագայթեր։

***

Եւ հալածական թռչունը ջուր չխմեց, բան չկերաւ, անօթի ու ծարաւ, իր տեսողական երազանքին սեւեռած քնաշրջիկ աչքերը, առաւօտ մըն ալ երբ անիծեալ լոյսը կը վտարէր խաւարին վերջին յօրանջումները՝ ամէնէն տարօրինակ, եղեռնական ու մարդկային ցնցում մը կրեց։ Յանկարծ վեր ցակտեց հանգչած տեղէն՝ իբր թէ կրակէ ասեղներ ակնթարթի մը մէջ իր բոլոր մարմինը շուլլուած ըլլային, իբր թէ հզօր սարսուռ մը ակամայ թեւերը վեր վերցուցած ըլլար, խօլական բաղձանք մը եթերային ճամբաները բանար, սաւառնումի, ճախրանքի հրայրք մը տալով իրեն, նոր ուժ մը, թռչող զօրութիւն մը դէպի մաքուր պարապութիւնները, դէպի անծիր ուղիները։ Բայց այդ ցնցումներուն ետեւէն կը յաջորդէր դժոխային փշաքաղում մը ու ցաւը՝ թեւերուն, փետուրներուն աղուամազերուն վրայ կ՚երեւար կարծես, անթիւ ասեղներու պէս որոնք կը մտնէին մսին ու արիւնին մէջ։ Ապա, երկվայրկեանի հանգիստ մը։

Ու գերմարդկային ուժը իր ջլատիչ յորձանքներուն տակ կը դալարէր հէք մարմինը եւ թռչունը, ազատելու համար ի զուր անզօր թափեր կու տար թեւերուն, ի զուր ինքզինքը կը պաշտպանէր անտեսանելի սպառնալիքի վտանգէն ու վեր—վեր կը ցակտէր. բոցէ բարկ լեզուն յայտնի էր որ կը լիզէր իր սիրտը, երակները ու աչքերը. քամի մը կը ստիպէր զինք որ թռի, որ կ՚առնէր կը քշէր զինք եւ սակայն ուրիշ գերբնական կարողութիւն մը թեւերը կը սոսնձէր ու ճանկերը գետնին անցնել կու տար։

Փքացաւ, փետուրները իրարմէ զատուելով անտեսանելի սանտրին տակ սանտրուած՝ ցցուեցան, վիզը յիմար արտորանքով մը երկարեցաւ, պրկուեցաւ՝ վերջին անգամ երգելու պատրաստուելով կարծես, ու այդ վիճակին, թեւ առնելու այդ ինքնամփոփման մէջ՝ մնա՜ց անշարժացած։

Խաղաղութիւնը կը թառէր թռչունին վրայ, աչքերուն մէջի պատկերները, վայրի նայուածքին բոլոր հզօր առնականութիւնն ու ասպետականութիւնը, կը մեռնէին կը մեռնէին ամէնքն ալ ու այդ անմատոյց լեռնցիէն կը մնար հիմա փուտ կտրած արձան մը միայն։

Իր բնիկ բոյնի սէ՛րը սպաննեց զինքը, ու ի՜նչպէս չսպաննէր. երբ իրիկունն իր գիշեր—ցորեկուան արշալոյսը կը բերէր ու իր մռայլ հագներգութեան արձագանգ չէին տար անդնդախոր անձաւներն ու կապանները, երբ իր ձագուկները ձայն չէին ձգեր ու դէմ առներ իր հնչական ցայգերգին, ի՞նչպէս չլար անոնց ետեւէն եւ ի՞նչ սրտով ապրէր, փոխանակելով իր պաշտած վայրերուն սէրը չորս անիծապարտ պատերու անյուսութեանը հետ, որոնք անսահմանին հրէշային սահմաններն էին։

Մարդ չողբաց զինքը ու իր տառապանքը եւ կարեկցութեան անդրադարձում մը ետեւէն չափսոսաց այդ անտէր դիակը, այդ օտարական թռչունը որ կը մեռնէր նորէն լոյսին բռնաւոր ու տանջող վարմին մէջ. այդ տապալած խրոխտանքը, կործանած վէսութիւնը եւ ոչ մէկ արդարի խիղճ ցաւցուց, որովհետեւ այնքան անձնասէր են մարդիկ, եւ ուրիշին, թող ըլլայ անլեզու անասունի մը ճակատագրային դժբաղդութիւնն ալ բարբարոս գոհունակութիւն մը, մեղաւոր բաւարարութիւն մը կու տայ իրենց սրտին։

Չեմ գիտեր սակայն թէ ի՛նչ եղաւ իր բոյնը՝ ուր զինքը մեծցուցեր, թռցուցեր էին, իր հայրենական վայրերուն սուգը ո՛րքան մեծ եղաւ այն օրէն որ ինք բռնուեր էր ու իր հեծեծանքը դադրած էր թնդալէ, թաւալելէ ծործորէ ծործոր։ Բայց անկասկած, բնազդական հոգեխռովք մը մաղուած էր անոնց վրայ, թախիծը տիրած էր անոնց ալ հոգւոյն՝ օտար հողու վրայ հայրենազուրկ թռչունին մահուանը նախազգացումով։

Եւ ի՜նչ աղեխռով հակադրութիւն, իր ծննդավայրին կսկիծը ու իր ցեղակիցներու անտարբերութիւնը։ Կ’երեւակայեմ իր հոգեվարքին ներքին պայքարը ուր կը բաղձայ հեղ մըն ալ տեսնելու կորսուած. իրմէ յափշտակուած տամուկ քարերն ու մթութիւնները, ուր յետահայեաց երազանք մը կ՚երկարէ դէպի միշտ կենդանի, տեւող ու անքակտելի ապառաժները ու ցաւերու այն մրրիկը որ կը փրթի անոնցմէ զրկուած ըլլալու իր երկվայրկեանի գիտակցութենէն. չորս պատերը կը տնկուին առջեւը անգութ չարութեամբ մը, կ՚արգիլեն վերջին մխիթարութիւնն ալ, մինչդէռ ինք կեանքի գահավէժին վրայէն ծռած կը նայի դէպի ցանկալի հեռաստանները ու չի տեսներ զանոնք։

***

Պզտիկ տղաքը շուտ մոռցան զինքը, ամէնքն ալ, ու աղբակառքը տարաւ նետեց իր դիակը պղտոր առուն ի վար. ջուրը, տղմուտ ու աղբախառն ջուրը՝ թրջեց, աղտոտեց իր փետուրները եւ խորշ մը թխեց զինք։

Երբե՛ք, երբեք իր հարազատ գերեզմանը չունեցաւ եւ իր ցրուած, հովէն հալածական փետուրները չհանդիպեցան իր տոհմակիցներուն, անոնց որ դեռ նոր պիտի սորվէին թռչիլ եւ կամ անոնց՝ որ թռչիլ գիտէին արդէն. չհանդիպեցան պատմելու համար թէ օտարութեան մէջ ի՛նչպէս կը մեռնի օտար թռչուն մը եւ ո՛րքան քաղցր է հողաբաղձութենէ մեռնողին յիշատակը։

Ո՞վ ըսաւ թէ մարդի՛կ միայն ունին գիտակցութեան տառապանքը եւ սէրը մարդկային է ամէնէն աւելի։

Ո՞վ ըսաւ թէ այդ սիրոյ ու գիտակցութեան հիւանդութեամբը մեռնող թռչունին համար աղաւնաձեւ շիրիմ մը պէտք չէ նոյն իսկ դասարանի մը մէջ, խորհրդանշանելու համար ճշմարիտ զաւկին նուիրական զգացումը, պարտականութիւնը դէպի իր տունը, դէպի իր ընտանիքը եւ ծննդավայրը։ Գուցէ, այն ատեն, չունենայինք հեռու աշխարհներու մէջ կորսուած անուններու, ծնողքներու պատմութիւնը եւ սիրտը դառնար իր ցեղին ու բոյնին՝ ազատելով զանոնք ամենօրեայ սուգէն ու ցաւերէն։