Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.
ԱՂՕԹՔԸ


Ժամանակը ծանրութեամբ, դանդաղութեամբ եւ սուգով կ՚անցնի ղարիպին տանը վրայէն: Պզտիկները անհայր կը մեծնան, մայրերը կարօտով կը մեռնին ու հարսները՝ եթէ շուտով չեն ծերանար, կա՛մ այն է որ իրենց շնորհքէն ու գեղեցկութենէն բան չեն պահեր ետքի օրերուն, կամ թոյլ ու վատասիրտ գտնուելով օտարին կը ծախեն իրենց ճահիլութիւնն ու սիրտը:

Նունիկ անսիրտ չէր բոլորովին, բարոյական ամէն մաքրութիւն գունատած չէր իր մէջ տակաւին: Ատեն—ատեն՝ երբ մտքով իր անմեղութեան, իր անբիծ օրերուն յետադարձ նայուածք մը կը ձգէր՝ ճշմարիտ զղջման պէս ցաւ մը ծայր կու տար ներսէն: Կը զգար անցածին բոլոր անուշութիւնը, անբասիր օրերու անստուեր երանութիւնը՝ որ իր հիմակուան ցեխոտ, շարաւալից ու մեղատանջ սրտին վրայ մեղրի պէս կը կաթէր, պահ մը վերակենդանացնելով հոն ազնիւ յուզում մը: Եւ երբ պատրանքի այդ մառախուղին մէջէն յանկարծ ինքզինքը կը գտնէր նորէն՝ այնպէս ինչպէս որ է, միշտ մեղաւոր ու ծանօթ անպատիւ մը, դառնութեամբ, վշտով ու ատելութեամբ կը լեցուէր դէպի էրիկը՝ որ իր առջի պսակէն ասդին վրայէ վրայ հազիւ տարի մը երկուք քովը մնացեր էր, միշտ ղարիպ ղուրպէթ, միշտ հեռուն, միշտ անունով էրիկ: Կը մտածէր թէ ինք ալ երիտասարդ եղեր էր ու անցուցեր էր իր արեւը, ինք ալ ամէն կնկայ պէս սիրտ ունէր, սրտի տէր մը ունէր ու հետեւաբար կը բաղձար ծառի մը տակ շքաւորիլ. մինչդեռ գեղեցկութիւն, հրապոյր, թարմութիւն՝ ամէնքն ալ ճամբու հայելով հայելով անցեր գացեր էին: Հացը հա՛ց էր վերջապէս, մարդ սոխով մըն ալ կրնար կշտանալ, մատ մը պանիրով ալ. թող էրիկը քովն ըլլար, ամէն իրիկուն գօտին իր գլխուն վրայ քակէր, շատ գիշեր ալ անօթի պառկէին: Մանաւանդ որ այդքան տարիներու աշխատութիւնը, պանդխտութեան վաստակն ալ աղի պէս հալեր, տեղ մը չէր բռներ: Նորէն նոյն վրայ—գլուխը, նոյն ուտելիքն ու խմելիքը. ա՛լ ի՞նչ էր այս անհատնում, անվախճան ղարիպութեան նպատակը. ե՞րբ անոր ծայրը պիտի գար: Յետոյ, ո՞վ գիտէր թէ էրիկը օտար քաղքի մէջ՝ ուր գեղեցկութիւն շատ կայ, ուր կնիկները աչքով, բերնով, քալուածքով կը հրապուրեն ու մարդիկը իրենց կը կանչեն, կ՚ըսէին, հաւատարիմ կը մնար իրեն. ի՞նչ գիտնար թէ իր հաճոյքներուն ետեւէն չէր եւ ինքզինքը ուզածին պէս չէր զբօսցներ: Այս բոլորէն ետքը տակաւին կը մեղադրէր իր էրիկը, որ ձգեր գացեր էր զինք՝ առանց գլխուն վերեւ ըլլալու, առանց իր տկարութիւններուն հսկելու, քանի որ առանց թիկունքի էքսիւկ—էթէկ մըն էր ինք ու շուտ կրնար ծռիլ, երերալ ամէն հովէ: Էրկան մը պարտաւորութիւնը միայն իր կնիկը անօթի չթողո՞ւլն էր…

Կը մտածէր ասոնք Նունիկ, հիւանդի մը պէս, որ անհանգիստ կը զառանցէ՝ ակամայ, անգիտակցօրէն:

Բայց որքան ալ մեղադրելի գտնէր էրիկը, որքան ալ յանցաւոր ու թերացած, լռելեայն ըրած իր այս դատաստանին արդարութեան որքան ալ խորապէս համոզուած՝ սակայն հոգիէն ուրիշ ձայն մըն ալ կը պոռար իրեն թէ ինք անզգամ կնիկ մըն էր, բիւր անգամ անարժան անոր որ օտարին դռները գլուխը հազար քարի կը զարնէ ու վաստկածը տունը կը բերէ, թէ էրկան բոլոր թերութիւնները, անհոգութիւնը երբեք կամաւոր չէին, թէ ամէն պարագայի տակ պարտաւոր էր ինք իր առաքինութիւնը ձիւնի պէս մաքուր ու անբիծ պահել, անով ապրիլ ու անով մեռնիլ: Յապաղած խղճահարութիւն մըն էր ասիկա՝ թէեւ անաչառ ու ճշմարտաձայն, բայց այսքան համեցումէ ետք անհոգի տապանագրի մը ազդեցութենէն աւելի բան մը չէր արժեր:

Չէ՞ որ զրկուած մը, կեանքէն ու վայելումէն նոյնքան անբաղդ մըն ալ միւսը՝ պանդո՛ւխտն էր, որ իր կարգին բան չէր հասկցեր ո՛չ երիտասարդութենէ, ո՛չ գորովէ, ո՛չ շնորհքէ: Խաներու խոնաւ, ծանրահոտ, նեխած օդովը երկար սեւ տարիներ քրտինքով ու աշխատութեան արիւնովը թրջուած ղարիպի աղտոտ մթելն էր պառկեր, համ չառնելով աշխարհէն: Ի՞նչ մխիթարութիւն այդ քար օտարութեան մէջ. ուրիշներն ամէնքը իրենց համար ապրէին, իրենց սրտին ու հոգիին համար ծիծաղ ու խնդութիւն ունենային, տուն, զաւակ ու գորով իրիկուան հանգստութեան ժամերուն, մինչդեռ իրեն համար չորս անտէ՛ր պատեր՝ աղտոտ ու խաւար՝ որ քարացած ուղտերու պէս ամէն իրկուն իր դէմ կը չոքէին եւ դուրսի աշխարհէն կը բաժնէին զինքը:

Այս դժուարութեամբ, այս զրկանքով եւ այս չարչարանքով՝ մէկ, երկուք, երեք ու դեռ անվերջ տարիներ: Ա՜խ, միթէ սիրտ չունէ՞ր ինքը, միթէ ամէն անգամ տուն եւ հայրենիք միտքն ինկած ատեն հոգին չէ՞ր մորմոքար, կարօտի հնհնուքը չէ՞ր կանչեր զինքը: Գարուն կու գար՝ աչքն աշնան կը մնար, յուսալով թէ նոր տարին իր գեղին մէջ պիտի ընէր. սակայն աշունը նոր հոգ, նոր յուսաբեկութիւն, նոր սպասումներ կը բերէր: Տարուան մը վաստկածէն կարեւոր մաս մը տունը՝ եղբօրը պիտի ղրկէր անպատճառ, քանի որ իւրաքանչիւր նամակ իր բարեւ շատ բարեւին հետ դրամական խնդրանք մըն ալ կը հասկցնէր. չոճուխները սէֆիլ թող չմնան, կ՚ըսէր, ու տասնով, հինգով փոլիսան մէկմէկու ետեւէ չէր կտրեր, իր կերած ու խմածն ալ եթէ դուրս հանէր, ի՞նչ պէտք էր մնար անդին, որ մնացած պարտքը տար, կտոր մը հողի կամ ափ մը պարտէզի ալ տէր դառնալու խնայողութիւն ընէր, գոնէ այդքան չարչարանքի տարիներէ ետք: Ու ինք ալ ինքնազրկումով կ՚ապրէր, բերնէն կը կտրէր, վրայ—գլուխէն կ՚աւելցնէր, շատ գիշեր առանց տաք կերակուրի կը պառկէր՝ որպէս զի վաստակին շատը տունը տանէր իրեններուն ապագայ բարօրութեանը գործածէր: Գիտէր թէ եղբայրը անդին գիւղին մէջ շատ բան չէր աւելցներ, անոր վաստակէն ու շահածէն խէր չկար: Բայց կը խորհէր թէ՝ գոնէ հիմա խելքը գլուխը ժողվեր է եւ շուքը կը տարածէ իր զաւակներուն վրայ. մանաւանդ որ իր կրտսեր եղբօր հլութիւնը անպայման էր իր մէջ: Վստահ էր թէ իր բացակայութեանը միջոցին օտար մը պիտի չհամարձակէր իր տանը քովերը մօտենալ, երբ լաւ գիտէր թէ գեղն ու գեղացիին բրշակը միշտ վտանգով ու միշտ սարսափով պաշարուած են…

Եւ Նունիկ՝ իր անարժան կնկայ անհաւատարմութեամբը կը շարունակէր իր մեղսակցութիւնը տագրոջը հետ: Ժամանակին հետ ամէն յիշատակ տեղի տուած էր եւ հինէն մնացած ամէն աղապատանք, ամէն գորով կը մշշոտէր, կը մռայլէր իր հոգւոյն մէջ:

Հապա այդ դժնէտեսիլ, այդ վիրալից դէմքով ու փեռեկտած աչքերով մարդը՝ որ Նիկօ կը կոչուէր, որ օձի զաւակ, оձ եղբայր մըն էր. ինչպէ՞ս չէր մտածեր թէ նոյն մօրը կուրծքին վրայ ինն ամիս կեցած եւ միեւնոյն ծիծը ծծած էր եղբօր հետ, այսքան տարիներու անոր վաստակովը կ՚ապրէր ու կը պարարտանար, թէ դեւ մը անգամ այդչափ նենգաւոր ու անխիղճ պիտի չգտնուէր իր բացակայ հարազատին համար: Հոգի չունէ՞ր ինքը. եթէ մարդոցմէ ամօթ չէր զգար՝ երկնքի ահէն ու սարսափէն գոնէ փշրունք մը բա՞ն ալ չէր մնացեր մէջը:

Չէ՛, մութ, չոր ու կարծր քարայր մըն էր իր հոգին, ուր աշխարհի բոլոր հալածական մեղքերը, անզգամութիւնները եկեր հաւաքուեր էին, ուրկէ բարոյական բոլոր սրբութիւնները իրենց աչքն ու երեսները գոցած՝ փախեր էին վաղուց եւ ուր միայն կրքերը կ՚ապրէին՝ կո՜յր, մոլեգի՜ն, գիշակեր գազանի ախորժակով ու հոտառութեամբ: Եւ իր այս աններելի, անխոստովանելի մեղքին ցաւովը խենթեցած՝ ատեն—ատեն անօրինակ միջոցներու կը դիմէր, որպէս զի կարող ըլլար իր զղջումն հաւատացնել կամ խաբէութեան խաղ մը խաղալ գեղին: Ամառ իրիկուններուն, երբ ամէնքը դուրսը կամ տանիքները կ՚ըլլային անպատճառ, վայնասուն մըն է որ կը փրթէր Նիկոյենց տունէն:

Ի՞նչ է, ի՞նչ կայ, կը հարցնէին աս ու ան մէկմէկու, աս ի՞նչ լացի, կնկայ ճվոցի ձայն է:

Զահար Նիկօն է որ հարսը կը ծեծէ կինէ, ծօ՛, կ՚ըսէին ու կը լմննար: Իրաւ ալ այդպէս. տարուան մէջ հեղ մը երկուք կը պատահէր այդ աղաղակը, այդ ծեծը. անխնայ, չարաչար գանակոծութիւն մը, փայտի խորտակիչ հարուածներ Նունիկի կռնակին, գլխին, հասած տեղին: Բայց մարդ չէր մօտենար միջամտեր. ո՛չ դրացիի եւ ոչ ալ բարեկամի դուռ կը բացուէր գալու տեսնելու թէ ինչ էր եղածը ու հարսը իր տագրոջ ձեռքէն առնելու, ինչպէս սովորութիւն է գեղերուն մէջ: Խոճապաշին ասով թէ՛ իր կատղած մարդու ազդեցութիւնն էր որ կը տարտղնէր գեղին, թէ՛ իր անմեղութեան կեղծ ցուցումն էր որ ընել կ՚ուզէր: Սակայն հաւատացո՞ղը ով. որովհետեւ պարզ կասկածի կամ ենթադրութեան վրայ հիմնուած չէր ինչ որ գեղը գիտէր ու կը խօսէր խոճապաշիին ու իր հարսին նկատմամբ:

Խէր—պէրէքէթը փախեր էր այդ տունէն, որ եթէ տակաւին կար ու կը մնար, եթէ հիմէն չէր փլեր ու բրշակ դառնար՝ ան ալ Աստուած՝ ո՜վ գիտէ, ո՞ր արդարին երեսը նայելով էր որ կը համբերէր: Անշուշտ մէյ մը անմեղ պզտիկներուն, մէյ մըն ալ մահուան մոռցած տա պառաւ կնկան՝ որ այս մեղքի ու մեղաւոր տան մէջ անբիծ, մաքուր մարմարիոնի մը պէս կը կենար ու ընտանիքին տեւականութիւնը կը պահպանէր:

Բայց պառաւը ահաւոր, քստմնելի բաներ կը նախազգար: Չարիքի մը, վերահաս աղէտի մը վկայութիւնը կ՚ունենար հոգին՝ որուն առջեւէն փախելու ճար չկար: Եկեղեցիէն չէր հեռանար, սակայն կ՚ամչնար աչքը ուղղելու պատերէն ու խորանէն կախուած սուրբերուն երեսին. ծունկի եկած, գլուխը գետնին, դէմքը հողին ու փոշիին՝ կու լար, կը հեծէր, կ՚աղօթէր: Ու երբ բոլոր ժամուորները կը հեռանային ու մատուռը թափուր կը մնար՝ կամաց—կամաց ձայնը կը բարձրացնէր, կը սկսէր խօսակցութիւն մը, դէմ դիմաց պաղատանքի մը Յիսուսի հետ: Իր դէմը, հոն, իր աչքին առջեւ կը տեսնէր կարծես ընտանի բայց անաչառ Աստուածը, որ կը յանդիմանէր զինքը իր անօգուտ խնդրուածքներուն, պաղատանքին համար, թողութիւն չէր տար շարունակուող այն մեղքերուն՝ որոնց համար երկինքը ներում չունէր: Ու ինք կը համոզէր, կ՚աղաչէր, միշտ կու լար ու միշտ ներում կը խնդրէր:

«Յիսո՛ւս, ոտքդ պագնիմ, ոտացդ հողն իմ ես, դուն թեւ ու թիկունք եղիր Սիմոյիս, էւէ՛լ էլին ամէն ղուրպէթներուն, ետքը իմ ղարիպիս վրայ էրէ՛ աչքդ, խելքը դարձուր ու իրեն օճախը բեր: Շուքո՜ւր, Յիսու՜ս, շուքուր, չտեսածս տեսայ, ընծի պէս մեղաւոր էս օրերուն պէհեցիր օր ա՛լ արքայութեանդ հոտն անգամ չառնիմ… գիտիմ օր մեր տանը մեղքերը երկինքին եօթը խաթը էլան…

Տէ՜ր, դուն էնոնց ճահիլութեան մեղքը մի՛ յիշեր, անմեղ մէսումներուս, տանը անլեզու հայվաններուն երեսը հայիր ու քու ողորմութեանդ դռնակը մի՛ գոցեր… Տէ՜ր, մեղա՜յ, մեղա՜յ… ես շատ մեղաւոր եմ… աս աչքերս քօռնային, ա՛ս ականջներս խլանային…

Տէ՜ր Յիսուս Քրիստոս, եա՛ խալըսցուր ընծիս աս ցաւերէն, եա՛ էնոնց զղջում տուր, ալ էրածնին չի մնար… շունդ ըլնիմ, Յիսո՛ւս, պատիժ պատուհասէդ պէհէ մեզ… դարձի բեր, ծուռ ճամբաներէն ետ դարձուր էնո՜նք… իմ խօսքս չեն լսեր, մարդոցմէ չեն ամչնար.. Աստուա՜ծ, քու ահդ ու երկիւղդ ըլ մի՛ հաներ էնոնց սրտէն…»:

Ու կը ծռէր, կը շիտկէր, կ՚երկրպագէր, կը խաչակնքէր հազարներով. կու լար ու կը կրկնէր նոյն աղօթքը, զղջման խոստովանութեան նոյն խօսքերը՝ կողկողագին, պաղատալից, հեծեծաձայն: Ամէն առտու ամէն իրիկուն այդ բազմապատկուած ապաշաւը, աղօթքն ու ծնրադրութիւնը, ինքզինքն իսկ մեղաւորը զգալով, իր հոգին ալ միեւնոյն տիղմին մէջ խրած կարծելով: Բայց իր բոլոր հաւատքին, իր երկնային յափշտակութեան ու չարաչար սրտակոծանքին մէջ չէր կրնար նորէն յուսալ թէ Քրիստոս պիտի ներէր մեղաւորներուն ու պիտի խնայէր իր տանը: Միսն ոսկորէն ձայն կու տար, անտեսանելի սպառնալիքը կը պաշարէր զինք աւելի մօտէն ու կը սմքեցնէր, կը քամէր իր մնացած կորովը: Աչքերը կը պղտորէին, կը պզտիկնային ու անոնց լոյսը կամաց—կամաց կ՚առնուէր. մարմինը կը կքէր ու կը փոքրկանար, ոսկորներն ալ օճառի կտորի մը պէս կը հալէին, կը մաշէին: Ա՛լ դուրս չէր ելլար, մարդու հետ խօսելու, բառ փոխանակելու սիրտ չունէր, իրեն այնպէս կու գար թէ ամէնքն ալ ծուռ աչքով կը նայէին իրեն ու պատրաստ նախատինք մը ունէին իրենց լեզուին վրայ՝ դէպի զիրենք ու իրենց տունը: