Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶՂՋՈՒՄԸ
Գ


Քանի մը շաբաթ հազիւ էր անցած ժամուն խուցը գումարուած այն ժողովէն, երբ առտու մը քաղաքն արթննալով՝ գոմիսէր Համտիին սպանութեան լուրը լսեց։

Դիակը՝ որ դաշոյնի սարսափելի վէրքերով ծածկուած էր՝ նետեր էին թաղերէն դուրս աղտոտ ձորի մը մէջ. խռչափողը կտրուած՝ բայց քանի մը ջիղերով տակաւին կպած կը մնար իր տեղը, գլուխէն ափերով մազեր թափեր էին, ինչ որ կը վկայէր թէ զոհը իր հոգեվարքի պահուն՝ սաստկօրէն դիմադրած էր, վիզը սուղի ծախելով օրհասական դաշոյնին։ Մահը անգութ եղած էր, որովհետեւ ձեռքերը որ զարկեր էին, վրէժխնդրութեամբ ու կատաղութեամբ զարկեր էին, կարծես իւրաքանչիւր հարուածի, իւրաքանչիւր վէրքի մէջ ատելութիւն մը գամել ուզելով։ Սպանութեան բոլոր պարագաները ցոյց կու տային թէ հասարակ, դիպուածական ոճիր մը չէր կատարուածը։

Ոստիկանութիւնը՝ արիւնի հետքերով հետեւելով կանգ առած էր հայ կնկան մը՝ Մագթաղինացի Աննային տունը, ուր խուզարկելով՝ ձեռք անցուցած էր ոճիրը հաստատող անառարկելի փաստեր։

Եւ օրը իրիկուն չեղած՝ իրարու ետեւէ ձերբակալուած էին քաղաքին կարեւոր հայ վաճառականներէն ու հարուստներէն մէկ—քանին, իբր մեղսակից կամ հեղինակ՝ կատարուած ոճիրին։

Հարցաքննութիւնները տեւած էին շաբաթներ, որոնց ընթացքին ոստիկանութիւնը գործածած էր իր բոլոր միջոցները, անքունութիւն, բռնադատութիւն, ծեծ ու տանջանքներ։

Ու ձերբակալուածները բան մը չէին գիտեր, բանէ մը տեղեակ չէին՝ յայտարարութիւններ ընելու համար։ Իրենց պատասխանները, բացատրութիւնները եւ փաստերը մեղսակցութեան ստուեր մը անգամ չէին ծանրացներ իրենց անմեղութեան վրայ։

Միայն Մագթաղինացին էր որ առաջին անգամէն արդէն բացէ ի բաց խոստովանած էր սպանութեան բոլոր պարագաները, պատմելով թէ ի՛նչպէս իր տանը մէջ գոմիսէր Հատմին՝ գինով վիճակի մէջ՝ հանդիպած էր մէկ—քանի քուրդ պէկերու, բախում մը ունեցած էր անոնց հետ, որուն հետեւանքով կռիւ մը յառաջ եկած, երբ ինք նուազեր ինկեր էր, ու սթափելէ ետք միայն արիւնի հետքեր գտած տանը մէջ. անկէ անդին բան մը չէր գիտեր, ու միայն ոստիկանութեան միջոցով կ՚իմանար թէ Հատմի էֆէնտիին դիակը ձորին մէջ գտնուեր էր՝ խողխողուած։

Կառավարութիւնը չէր կրնար հաւատալ այս պատմութեան, բայց չէր ալ կրնար դատաստանի ենթարկել մարդիկ՝ որոնց համար կասկածի փաստ ու ապացոյց կը պակսէին։

Ոճիրը մնացեր էր խաւարի ու մութի մէջ ծածկուած եւ այդ խորհրդաւոր մթութենէն միայն մէկ դէմք, անպատիւ կնոջ մը դէմքն էր որ դուրս կ՚ելլէր, անխորտակելի, ապառաժէ կամքով մը կենալու համար ամէն վտանգի առջեւ, ստանձնելու համար ամէն պատասխանատուութիւն ու ամէն դատապարտութիւն։

Կառավարութիւնը չէր կրնար քակել այս տարօրինակ դէպքին հանգոյցները. ո՞վ էր այս կնկայ կտորը, բարոյազուրկ, շատոնց ընկերութեան երեսէն ինկած, մոլութեան տիղմին մէջ խրած այս կնիկը որ իր հոգիին խորը այնքան դիւցազնութիւն, այնքան հզօր կորով գտած էր՝ չընկճելու համար բանտային սարսափներուն եւ հազար տեսակ փորձութիւններուն առջեւ։

Ու կնճիռները կը շատնային դատաւորներուն ճակատին վրայ, ցասումն ու կատաղութիւնը կը դողդողացնէր իրենց շրթունքները եւ իրենց անկարողութեան մէջ զինաթափ՝ կը հայհոյէին միայն։

Միշտ միեւնոյն պատասխանը, նոյն երդուեալ լռութիւնը, նոյն համրութիւնը։

Դատավարութիւնը աւարտած էր ինչպէս որ սկսեր էր, առանց որեւէ յայտնութեան ու դատարանը՝ որեւէ օրինական հիմերէ զուրկ, արտասանած էր ամէնէն անիրաւ, ամէնէն անխիղճ վճիռը.

Մահուան պատիժ։

Աննան մնացեր էր նոյն խորհրդաւոր եւ անսասան կինը՝ երբ նախագահը արտասանած էր դժոխային բառերը. ոչ մէկ այլայլութիւն, ոչ մէկ յուզում, ոչ իսկ բողոքի խօսք մը իր կողմէն։

Եւ դատարանէն դէպի բանտ տանող ճամբան բռնած ամբոխին մէջէն քալած էր բարձրագլուխ ու վէս, միշտ ծածկուած իր սաւանին անբիծ սպիտակութեան մէջ։