ԵՐԵՔ
ԽՐԱՏ
Դ
Ուրախութիւնը
կը
մօտենար
իր
վախճանին։
Ձայները
յոգներ
ու
խռպոտեր
էին։
Դուրս
կը
տանէին
կերակուրներուն
ամանները։
Ներս
բերին
վերջին
պնակը.
կտրիճ
Փուշքարին
սպաննած
եղնիկն
էր,
մեծ
սկուտեղի
մը
մէջ,
բարդուած
փիլաւին
վրայ։
Մատակարարը՝
բռնած
սկուտեղը
երկու
ձեռքերուն
վրայ,
բերաւ
եւ
հանդիսաւորապէս
դրաւ
երիտասարդին
առջեւ։
Որսորդը
ինք
պէտք
էր
կտրտէր
իր
որսին
միսը
եւ
ձեռքովը
բաժնէր
ամէնուն։
Մատակարարը
կը
հեռանար
արդէն
եւ
դրան
մօտ
էր,
երբ
Փուշքարը
ձայն
տուաւ։
—
Դանա՛կ,
դանա՛կ…
դանակը
մոռցեր
ես,
դանա՛կ
տուր…
Մատակարարը
շփոթած
դուրս
վազեց,
դանակ
բերելու։
Բայց
Ամիրխաս
չհամբերեց.
ցատքեց
տեղէն
եւ
սլացաւ
դէպի
երիտասարդը.
քաշեց
իր
գօտիէն
կախուած
ոսկորէ
կոթով
դանակ
մը
ու…
—
Ա՛ռ,
հրամմէ՛,
ըսաւ
եւ
դանակը
եղնիկին
կողը
խրելով՝
հպարտ—հպարտ,
փորը
դուրս
տնկած
եւ
թուշը
ցցած,
տեղը
վերադարձաւ։
—
Հէյ
վա՜խ,
վերջին
խրատս
ալ
ջուրն
ինկաւ,
մտմտաց
Խիկար.
թող
Տէրն
ազատէ
հիւրս
կրակին
բորբոքումէն։
Իսկ
Փուշքար
ապշահար,
Ամիրխասին
նայեցաւ
կատաղի
աչքերով
եւ
դանակը
քաշելով
եղնիկին
կուրծքէն՝
կ՚ուզէր
նետել
անոր
երեսին։
Բայց
զսպեց
ինքզինք.
նայեցաւ
դանակին
փղոսկրեայ
կոթին
ու
բան
մը
մտմտաց,
յետոյ
շեշտակի
նայեցաւ
Ամիրխասին
եւ
ըսաւ
անոր՝
առիւծի
մռնչիւնով.
—
Է՜յ
մարդ,
ո՞վ
ես
դուն,
չե՛մ
ճանչնար
քեզ։
Ուրկէ՞
գտար
այս
դանակը,
ասիկա
ի՛մս
է,
իր
փղոսկրէ
կոթէն
ճանչցայ։
Վաղուց
է
որ
կը
փնտռէի.
գողցեր
էին
ինձմէ
եւ
հիմա
գողը
գտայ…
դո՛ւն
ես
գողը…
Եւ
դառնալով
թագաւորին,
ձեռքերը
դրաւ
կուրծքին
վրայ,
խոնարհութիւն
ըրաւ
եւ
ըսաւ.
—
Տէ՛ր,
արեւի
ճառագայթ
եւ
կայծակի
զաւակ,
թափէ՛
քու
բարկութիւնդ
յանցաւորին
գլխուն։
Պատժէ՛
գողը,
կտրել
տուր
անոր
ձեռքերը,
որովհետեւ
գողութիւն
է
ըրեր.
շիկացած
երկաթէ
թասակ
անցուր
անոր
գլուխը,
որովհետեւ
դանակ
է
գողցեր.
իսկ
դանակի
գողը
մարդասպան
է։
Հիւրերը
սարսափեցան
երիտասարդին
ահարկու
ձայնէն
եւ
մազերնին
փուշի
պէս
տնկուեցան
իրենց
գլխուն
վրայ։
Վայրկեան
մը
լռեց
ամէն
ինչ.
բոլոր
բերանները
բաց,
բոլոր
աչքերը
շլմորած
կը
նայէին
թագաւորին։
Բարկացաւ
Ալթուն
թագաւորը,
բարկութենէն
դողաց
ամբողջ
մարմինով,
որովհետեւ
աւերուեր
էր
իր
խնճոյքին
ուրախութիւնը։
Դէմքը
խոժոռեց,
բերանը
բացաւ
եւ
ուժգին
ձայնով
պոռաց.
—
Դահի՛ճ,
դահի՛ճ,
դահի՛ճ…
Մարդիկ
վեր
ցատքեցին
իրենց
տեղէն
եւ
կեցան
անշարժ՝
արձաններու
պէս.
իսկ
Ամիրխաս
դեփ—դեղին
կտրեցաւ՝
իր
քովի
մարմարէ
սիւնին
նման։
Խափշիկ
դահիճը
ներս
մտաւ՝
ահագին
մերկ
սուրը
ուսին
եւ
մինչեւ
գետին
խոնհարհելով,
կեցաւ
դրան
մօտ։
Թագաւորը
մատն
ուղղելով
Ամիրխասին,
հրաման
տուաւ
գլխատելու։
Խիկար,
որ
մինչեւ
այդ
ատենը
վրդոված
կը
նայէր
Փուշքարին,
առաջ
եկաւ,
խոնարհութիւն
ըրաւ
թագաւորին
եւ
ըսաւ։
—
Տէ՛ր,
արդարութեան
պահապան,
լաւ
է
որ
ամէն
հրամանի
վրայէն
մէկ
անգամ
արեւ
ծագի.
գիշերուան
հրամանը
լաւ
է
որ
լոյսով
կատարուի…։
Եւ
դառնալով
հանդիսականներուն,
աւելցուց.
—
Այս
մարդը՝
ինչպէս
դուք
չէք
ճանչնար,
նոյնպէս
ե՛ս.
բայց
այսօր
իմ
հիւրն
էր
ան
եւ
իմ
տունէս
եկած
է
հոս.
ես
հիւրասէր
չէի
ըլլար,
եթէ
իմ
տունէս
դէպի
մահ
առաջնորդէի
զինք.
ասկէ
ետք
Խիկարին
տան
դուռը
ա՛լ
ոեւէ
օտարական
չէր
բախեր։
Ուստի
խնդրեմ,
տէ՛ր
թագաւոր
եւ
դուք,
հանդիսականներ,
թոյլ
տուէք
որ
հիւրս
տանիմ
իմ
տունս։
Այս
գիշեր
կը
պահեմ
զինք
հարկի
տակ
պատուով,
իբրեւ
հիւր,
վաղը
ճամբայ
կը
ձգեմ
նոյնպէս
պատուով.
յետոյ
դուք
կրնաք
բռնել
ու
դատել
զինք,
ինչպէս
որ
կ՚ուզէք։
—
Ո՛չ,
ըսաւ
Փուշքար,
Խիկարը
իմաստուն
է
եւ
կրնայ
գիշերը
լեզու
դնել
այս
աւազակին
բերանը
ու
ազատել
զինք
արդարութեան
ձեռքէն։
Թագաւորը
վարանման
մէջ
էր։
Ամիրխասը՝
գլուխը
մինչեւ
գետին
խոնարհած,
ձեռքերը
կախուած,
աչքին
տակէն
կը
նայէր
դահիճին
ու
կը
դողար՝
հովին
դէմ
կախուած
լաթի
կտորի
մը
պէս։
Խիկար
նայեցաւ
անոր
դողացող
մարմինին
եւ
հանդիսաւոր
ձայնով
ըսաւ.
—
Թագաւորին
ու
պալատականներուն
առջեւ
խոստում
կու
տամ,
որ
ամբողջ
գիշերը
եւ
վաղը
մինչեւ
ձեզի
հանդիպիլս,
այս
մարդուն
հետ
մէկ
խօսք
անգամ
չփոխանակեմ,
ոչ
ալ
կը
թողում
որ
ծառաներս
խօսին
անոր
հետ։
—
Լա՛ւ,
ըսաւ
թագաւորը,
թող
քու
խօսքդ
ըլլայ.
իմ
պետութեանս
մէջ
դեռ
չէ
ծներ
մէկը,
որ
Խիկարին
խոստումին
եւ
ազնիւ
խօսքին
չհաւատայ։
Խիկար,
առանց
խօսելու,
ձեռքի
նշանով
իր
հիւրն
առաջնորդեց
դէպի
դուռը։