ԾՈՎԱԿԻՆ
ՀԱՐՍԸ
(Հէքիաթ)
Ա.
Ծովակին
երկու
ափերուն
վրայ,
դէմ
առ
դէմ,
երկու
գիւղեր
կային.
մէկը
մինչեւ
հիմա
կը
մնայ
դեռ,
միւսը
կորսուած
է
ջուրերուն
տակ։
Այն
գիւղին
մէջ,
որ
ա՛լ
հիմա
չերեւար,
մանկամարդ
կին
մը
ծովուն
հարսը
կը
կոչուէր.
ամէն
առտու
արեւը
ծագելէն
շատ
առաջ
երբ
ծովակը
հովուն
համբոյրներուն
տակ
իր
ափերը
կը
գգուէ
ու
ալիքները
հեռաւոր
ծփանքներ
կ՚ոլորեն՝
ծովուն
հարսը՝
հեռո՜ւն
անորոշ
լողացող
սեւ
թռչունի
մը
կը
նայի
որ
կ՚երթայ
կ՚անհետի
ու
ծովուն
մէջ
կը
կորսուի
մանրցած։
Իր
երեսներէն
ծաթած
շառաւիղները
ջուրերուն
մէջ
կը
թափէին,
ու
հասակը
ուռիի
մը
կը
նմանէր
գետերուն
ափունքն
ի
վար
բուսած
երկա՜յն
ուռիներուն
պէս,
մազերը՝
բարտիներէն
վար
սողացող
լուսնի
շողերը՝
կարծես
ուսն
ի
վար,
աչքերն
ալ
լեռները
փախչող
եղնիկինը։
Ու
երբ
ծովուն
հարսը
առտուանց
ծովակէն
կը
հեռանար,
ձուկերուն
մէջ
մոլեգին
յուզում
մը
կ՚իյնար։
Այսպէս
կը
պատմէին
ծերերը,
որ
հիմա
իրենք
ալ
չկան։
Բ.
Ամէն
գիշեր,
կէս
գիշերին
ուշ
ատեն՝
ծովակին
ափունքին
վրայ
առկայծ
լոյս
մը
կը
դողդղայ
ու
անքթի՜թ
ծովուն
նշմար
կու
տայ.
յանկարծ
ջուրերուն
մէջէն
փրփուրի
շառաչներ
կը
լսուին
ու
ճերմակ
պղպջակի
մէջ
փաթթուած՝
ծովէ՜ն
տղայ
մը
կ՚ելլէ,
գեղեցի՜կ,
փրփուրներէն
ծնա՜ծ
կարծես։
Ու
ամէն
գիշեր՝
միայնա՜կ,
ծովի
խիճերուն
ու
գորտերուն
քով՝
ամայութեան
մէջ՝
ծովին
սիրահարները
իրար
կը
սիրեն
մինչեւ
լոյս.
մութ
խաւարին
մէջ՝
լռութիւնը
կ՚ընդհատուի
միայն
գորտերու
կրկռուքներովը
որոնք
կ՚երկարին
ու
ծովուն
մէջ
կը
մարին։
Ու
երբ
արուսեակը
ծայր
կու
տայ
դիմացի
գիւղին
վրայ՝
լերան
ետեւէն,
ծովակի
տղան
զայն
նշան
կը
բռնէ
աչքով,
ու
թեւերը
ալիքներուն
կ՚երկարէ.
սիրականը
ետեւէն
կը
նայի՜
ու
կը
նայի՜
երբ
լողացողը
կը
պզտիկնայ,
սեւ
թռչուն
մը
կ՚ըլլայ,
յետոյ
կէտ
մը
ու
ա՛լ
չերեւար։
Առտուանց
լուսուն
դէմ
երբ
ծովուն
հարսը
քայլերը
կը
դարձնէ
ու
տուն
կը
դառնայ,
ալիքները
ափերուն
կը
զարնեն
ու
ձուկերուն
մէջ
տարօրինակ
յուզում
մը
կ՚իյնայ։
Գ.
Օր
մը
դրացի
պառաւ
մը
եղելութիւնը
կը
հասկնայ,
ու
էրիկը
իր
կնոջ՝
ծովու
հարսին՝
գաղտնիքը
կ՚իմանայ։
Ճրագը
իր
տեղը
այն
գիշեր
նորէն
անկասկած
իր
նշան
կու
տար,
ու
երբ
տղան
ծովակին
կէսը
հասած
է
ա՛լ՝
յանկարծ
մութին
մէջէն
մոլեգնած
ձեռք
մը
ճրագը
գետին
կը
նետէ
ու
ծովու
հարսին
մազերը
թեւը
կը
պլլէ.
արցունք,
աղերսանք
անգութ
էրկանը
մոլեգնութիւնը
չեն
կրնար
իջեցունել.
ու
քարերուն
վրայ
մեռած
միջոցին՝
հարսը
կ՚անիծէ
էրիկը,
կ՚անիծէ
պառաւը
ու
գիւղը՝
վերջին
անգամ։
Միւս
օրը,
առտուանց,
երբ
արուսեակը
կը
ծաթէր
հեռակայ
լերան
ետեւէն
ուր
ամէն
անգամ
ծովուն
սիրահարները
կը
բաժնուէին,
իրիկունը
լեռը
պառկող
հովիւը
երբ
գիւղ
դարձաւ,
ո՛չ
գիւղ
գտաւ,
ո՛չ
մարդ.
ջուրը
կլլած
էր
ամնէնքն
ալ։
Հիմա
ջուրին
մէջ
ամէն
գիշեր,
կէս
գիշերին՝
նոյն
գիւղին
տեղը
աղօտ
ճրագ
մը
կը
վառի
կ՚ըսեն.
ու
առտուան
դէմ՝
արուսեակին
ծաթելու
պահուն՝
ճրագը
կը
մարի,
ծովը
տարօրինակ
յուզում
մը
կ՚ունենայ,
ու
երկու
ճերմակ
թռչուններ
կարմիր
կտուցով՝
յանկարծ
այնտեղ
կ՚երեւան,
մեղմիկ,
հանդարտ
ջուրը
կ՚ակօսեն՝
պզտիկ
ալեակներ
հանելով,
յետոյ
նորէն
կ՚անհետին,
ու
երբեք
ցորեկները
չեն
տեսնուիր։
Ծովա՜կ,
անոնց
անունը
մարդու
մի՛
ըսեր։