Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.
ԽՈՃԱՊԱՇԻՆ


Եթէ գեղացի եղեր էք դուք, մօտէն կը ճանչնաք անկասկած խոճապաշիի անպարագիծ դէմքը, թէ ի՛նչպէս քարերն անգամ կը փշրուին անոր կոխած գետնին վրայ ու աւազները թիզ մը անդին կը փախին դեռ մէկ ոտքը միւսին քովը չբերած:

Խոճապաշին Նիկօ կ՚ըսէին իրեն ահաւոր ու ահազդեցիկ մարդ մը, մշտնջենական, երբեք չսթափուող գինովի դիմագծութիւնը կը կրէր. աչքերը արիւնալից, գոգաւոր, ուռած կոպերով. երեսը խոցոտած ու գինիի գոյն, կապոյտ ուռոյցքներով կոշկոռոտած, թանձրաշուրթն, խանձած, աղտոտ պեխերով ու հաստակազմ իրան մը որ կ՚ամբողջացնէր այս արտակարգ կերպարանքը, տալով իրեն սարսափելի ու ժանտատեսիլ երեւոյթ մը:

Իր հեղինակութիւնը ամբողջ գեղը կը լեցնէր ու իր պատմութիւնը եթէ ամբողջ դաշտեցիները մէկիկ—մէկիկ պատմէին՝ չէ՛ր հատներ տակաւին: Իր ներկան յայտնի էր. փողոցը քարի հետ խաղացող մանուկէն ու դաշտի հօտաղէն սկսած՝ ծերն ալ, պառաւն ալ գիտէին արդէն: Քիչ մըն ալ, եթէ հնար ըլլար, գոմին եզն ու գոմէշն ալ լեզու ելլելով այս մարդուն երեսն ի վեր անլուր մեղքերու վկայութիւնը պիտի բառաչէին ու երկինքի պատուհասը պիտի խնդրէին անոր գլխուն: Իր անցեալը՝ նոյնքան արհաւրալից, բայց աւելի մութ՝ եթէ ոչ ամէնուն, գէթ շատ շատերուն ծանօթ էր: Կ’ըսէին թէ ատեն մը իր գեղէն ու անոր սահմանէն հեռու կասկածելի մարդոց հետ տարիներու ընկերակցութիւնն ունեցած է, իրեն հետ քիչ մը թթու գործ ունեցողներու ճրագը մարեր ու տանը վրայ մոխիր բերեր է, շատին հախը կերած, պատուաւոր երդիքներու տակ գազանի գլուխ մը երեւցուցեր ու մէկէ աւելի կնիկներու պատիւին հետ խաղցեր քանդեր է. ու դեռ հազա՜ր—հազար սարսափ, որոնց ամէնուն ալ վստահաբար ժանգոտ մանրամասնութիւններ կ՚ընկերանային՝ աւարտելու համար այս մեղաւոր մարդուն անքաւելի առասպելը:

Բայց կ՚ըսէին, հիմա ա՛լ խելքը գլուխը բերեր է, կատաղութիւնն առջի ժահրը չունի ա՛լ, ակռաները բթացեր են բաւական: Է՜հ, հաւատալի՞ բան է որ սեւ օձը երբեք ափսոն բռնէր:

Ինչ որ գեղացին անմիջապէս չ’ըսեր, կա՛մ այն է որ չի կրնար ըսել, կամ ըսելու համար պահ մը խորհրդածութեան, ինք իր մէջ մտմտալու պէտքը կը զգայ: Նիկոյին համար վերջին վկայութիւնը երբեք երաշխաւորութիւն մը չէր, թէ անիկա դարձի եկած բարի զղջացող մը եղեր է, թէ բնակած տեղին վրայ ու տեսնուած մարդոցը՝ առաքինութիւն կը կամենար միայն, թէ վերջապէս հին անասունը քնացեր էր իր մէջ ու աղաւնիի անմեղութիւնն էր որ թեւ կը զարնէր իր կուրծքին տակ: Չէ՛, այս ըսել չէին ուզեր իր դրացիներն ու գեղացիները. մտքերնի՞ն էր թէ մեծ հեղեղէն տղմուտ գետակ մըն էր մնացածը՝ որ իրաւ է թէ առջի մոլուցքն ու փրփուրը չունէր, սակայն իր յատակը միշտ նոյն անստուգութիւնն ու կասկածը կը ներշնչէր նորէն: Հին օրերէն տարիներ անցնելէ ետք գեղացին զայն խօճապաշի ընելով՝ կարծած էր երբեմնի անհանդարտ հեղեղին վրայէն կամուրջ մը նետած ըլլալ, զայն ողոքելու, անվնաս ընթացքի մը մէջ սահմանափակելու մտքով: Թէ ո՞րքան իրաւունք ունէր դաշտեցիի իմաստութիւնը, ատիկա օտարը չի կրնար վճռել, քանի որ ամէն համայնք իր առանձին վիճակն ու կացութիւնն ունի, եւ այդ վիճակէն ու կացութենէն ի՛նք միայն լայնօրէն տեղեակ կրնայ ըլլալ: Գուցէ քաղքցիի խելքը քրքջայ շատ անգամ խոտէն ու հողէն զատ բանէ չհասկնալ երեւցող գեղի մարդուն գործառնութեան վրայ ու միամիտ գտնէ զայն. բայց չէ՞ որ ամէն մարդ ու ամէն համայնք նոյն գեղացին է՝ միւսի մը բաղդատմամբ եւ իւրաքանչիւրն ինք ստոյգ տեղեկութիւն ունի իր ցաւին ու իր ցաւած տեղին:

Քաղաքը տարբե՜ր, գեղը տարբե՜ր:

Եւ խոճապաշի Նիկոն իր անուան՝ վերի բոլոր դժոխային պատմութեան անմիջապէս ետեւէն՝ գրէ ու հաշուէ հասկցողի, գեղի իմաստունի համբաւն ալ կը պահէր: Դեղին տիվիդը որ միշտ ցցուած կար գօտիին վրայ՝ պարապ զարդ մը չէր: Իր ելեւէջներով, անկումներով, անկիւնադարձերով լեցուն կեանքի ընթացքը շատ փորձառութիւն սորվեցուցած էր իրեն. գեղին վնասովը հաւաքուած այդ դրամագլխէն գեղը օգտուիլ կ՚ուզէր հիմա: Լեզուանի էր, այսինքն դրսեցիի, օտարի, ոչ—քրիստոնեայ հիւրի մը առջեւ երկու խօսք քով քովի կրնար բերել ու մանաւանդ ամէն հովի առջեւ ալ գլուխ ծռողներէն չէր: Վերջին կարեւոր ամբողջութիւնը իր ընտրելիութեան մայրենի լեզուէն զատ՝ կը հասկնար նաեւ կառավարական լեզուին գիրէն ու ընթերցումէն:

Գեղին բոլոր հեզութիւններէն վեր տնկուած կաղնին էր ուրեմն Նիկոն մէկ խօսքով, աւելի ինքնավստահ ու աւելի օժտուած իր պաշտօնին յարմարութեամբը, աւելի տիրական ու աւելի վարող. անոր համար իր գեղին խոճապաշին ալ եղաւ, թաղականն ալ, իր գեղին իշխանն ալ եղաւ, ներկայացուցիչն ալ: Դուրսէն փրթող ամէն մարդ իր անունն ու տունը հարցուց. իր նշանակութիւնը մեծցաւ, իր ազդեցութիւնն ալ լայն փորին հետ տկռեցաւ, այնպէս որ մինչեւ եղերական մահուան օրն ալ պահեց այդ յաղթական դիրքը ու մահուընէ ետքն ալ դեռ յիշատակուեցաւ.

Տէ՜յ կիտի տէյ Նիկօ:

Ու այդ դիրքը, այդ բացառիկ ազդեցութիւնը այնքան անսանձ ու անկաշկանդ դարձեր էր որ՝ էրիկ կնկայ անհամաձայնութիւններ, երկու եղբօր վէճ ու կռիւ, կեսուրի, կեսրայրի դէմ ըմբոստ հարսերու բոլոր դատաստանն ու դատաստանական իրաւունքը իրենն էր. կը բարկանար, կը հայհոյէր, կը ծեծէր ու ամէնուն ալ վզէն կը կախէր տիրականութեան իր արճիճէ ծանրութիւնը: Կը խոնարհէին ամէնքն ալ. սկիզբէն ի վեր այդպէս տեսած էին, այդպէս սորված: Արդէն ուրիշ կերպ ալ կարելի չէր. ինչ որ երես երեսի ուղղակի միջամտութիւնը չէր կրնար յառաջ բերել, կողմնակի ճամբաները, չտեսնուած բայց կռահուած մութ միջոցները կային, որոնցմէ լրտեսելով օր մը խոճապաշին կրնար պատեհ առիթը ձեռք բերել: Խոճապաշի Նիկոն կիսաստուածն էր գեղին:

Երբ այսպէս իր չորս կողմը գեղին դռներուն վրայ այսքան սարսափ ու վախ կախեր էր, բնականաբար այս մարդուն մէկ թոյլ շունչը լոկ պիտի դողացնէր իր տանը ո՛չ թէ մարդիկը, այլ գոմէշն ու երինջն ալ: Ու իրաւ ալ, երբ դռնէն ներս կու գար, ամէնքն ալ իրենց կեցած տեղին վրայ կը սալարուէին, շունչերնին կը բռնէին, պզտիկներն իրենց վէգերը կը հաւաքէին ու կնիկները եաշմախնին վարէն մինչեւ իրենց քթին տակ ու վերէն՝ աչքերուն վրայ կը քաշէին: Խօսքը համրանքով պէտք էր որ ըսուէր: Օղիին շիշը պատրաստ, նարկիլէին կրակն ալ արդէն մխալ պիտի սկսէր:

Բազմանդամ ընտանիք մը չէր խոճապաշիին շէնլիքը. մայրը՝ վաթսուննոց պառաւ մը, որ պառաւութեան նշան չունէր տակաւին ու Նունիկը՝ իր հարսը, որուն գլխաւորը տասը տարիէն աւելի Պոլսոյ խաները կը քաշքշուէր: Խոճապաշին՝ թէեւ երէց եղբայրը, բայց զաւակ ունեցած չէր կամ ունեցածն ալ մնացած չէր. պզտիկները եղբօրն էին: Կինը շատոնցէ ի վեր մեռեր էր եւ ինք այրիի երդուած յամառութիւնը պահեր էր: Սակայն ողորմած հոգի կնկանը վրայ շատ բան կը պատմէին գիտցողները. կ՚ըսէին թէ տարտով էր մեռեր. ցաւը, կրակը՝ փորը լեցուցեր, լեցուցեր, կէնճ ու կանաչ արեւով հողն էր իջեր: Սրտի կտորներ չէր թողուցեր որ աչքն ալ ետեւն ըլլար. ճռզած, ազազուն միակ պզտիկը՝ հացապատին վրայի իր մէկ հատիկը, Աստուած առեր տարեր էր իր մօրը մահէն առաջ. այս պատճառով գուցէ մայրն ալ հանգիստ հոգի տուեր էր, որովհետեւ աշխարհքին հետ ա՛լ բան մը չկար իր քղանցքները հանգուցէր: Ու կ՚ըսէին թէ էրիկը ճգնաժամի վերջին քրտինքին ալ երեւցած չէր երբեք կնկանը գլխուն վրայ, ու դագաղին ետեւէն մինչեւ գերեզման նորէն աս ան էին եղեր բարի յուղարկաւորները: Գեղին մէջ մէկուն ցաւը ամէնունն է ու ամէնքը մէկանց ինչպէս որ մէկ աղբիւրէն կը խմեն իրենց ջուրը, այնպէս ալ մէկ աչքով կու լան իրենց վիշտը:

Այսպէս, այդ մեռնող կնկան ցաւագին պարագաները, անոր դագաղին վրայ ծածանող սեւ բախտը գեղին եօթն օտարին ալ ընտանեկան սուգի մը թախիծը կը բերէին: Գեղով գեղացիով գիտէին թէ այդ կնիկը առաքինի ու հաւատարիմ եղած էր, աշխատող, դատող, բանող եղեր էր՝ որ գեղին բարոյականին երկրորդ առաքինութիւնն է, եւ սակայն էրիկը արհամարհած, տանջած, չարչարած էր զինքը:

Ասոնց ալ դէմ տակաւին սիրտն ազնուութիւն ու հոգին համբերութիւն գտնէին, բայց անդին դեռ անտանելին կար, միս ու ոսկոր դողացնողը, անպատմելին կար, որ մարդու չ’ըսուիր, որ մտերմի չի վստահուիր: Ու  խեղճ կնիկը ձայնը դուրս հանած չէր՝ էրկանը ահէն ու պատուին վախէն, ներսէն մխացեր, մխացեր՝ մոխիր դարձեր էր:

Որո՞ւ ըսէր, թէ էրիկը ամէն օր իր իսկ աչքին առջեւ, իր ականջին տակ, իրեն պատկանող իրաւունք մը հրէշային անհոգութեամբ ու համարձակօրէն կը շռայլէր իր ներոջը:

Խոճապաշին իր եղբօր կնիկը, իր հարսը կը սիրէր երկար ատենէ ի վեր ու մարդ չէր գիտեր տանը մէջէն ալ՝ բացի ողորմած հոգիէն: