Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆ


Երանի ձեզ, ո՜վ ծաղիկներ,

Որ ձեր լեզուն մարդ չի գիտեր.

Ու ձեր պզտիկ, ցօղ մը հոգին

Կ՚երթայ, սակայն, կու գայ կրկին

Առաւօտուն, արշալոյսին,

Չքնաղագեղ միշտ,

Կու գայ անվիշտ…

 

Դուք ցաւ չունիք, ոչ ալ կսկիծ,

Ձեր սիրտն երբեք չունի թախիծ.

Վաղուան վախը ամէն վայրկեան

Ձեր սրտերէն, ա՜խ, չի տար ձայն։

Երանի ձեզ, միշտ յաւիտեան,

Դաշտի ծաղիկներ,

Մր չէք հեծեր…։

 

Հեռաւորին կամ այլուրին

Կարօտն երբ ձեր ցնցէ հոգին,

Օր մ՚ալ շուտով դուք թափ կու տաք

Եւ կը թըռիք իբրեւ տատրակ,

Ազատ—ազատ եւ համարձակ,

Այս մեր աշխարհէն,

Մեր աշխարհէն…։

 

Խարբերդ, 1902