Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՐԵՐՈԻ ՏՂԱՆ
Ա


Երկինքի ինքնամփոփման պահն էր ու խաւարին ձեռքերը հազար ու մէկ տեղերէ կ՚երկննային ամառուան հով վերջալոյսին մէջ, յուլաբար ասեղնագործելու մարած լոյսի բիւրազան նրբերանգներու եւ եթերային քմահաճոյքներու փոփոխական ծաղիկներ, ծաղիկներ՝ կտոր մը ամպի ճերմակ կամ վարդագոյն թափանցիկ սնդուսին վրայ, շրջուած ծառեր, լեռներու անորոշ ուրուագծեր, ծմակի կամ հովիտներու քմածին մոգութիւններ, թռչող թեւեր եւ ճերմակ մարմարիոնի գոյնով բիւրեղի կղզիներ, ինչ որ աշխարհն ունի դիւթական ու երկինքը զայն կարող է ընդօրինակել վհուկի փետուրով: Յետոյ, տեսլային այդ դիւթիչ պատկերներու յատակէն, չես գիտեր ուրկէ՝ անորոշ տրտմութիւն մը գիշերուան շուրջը կը մղէր, աւրելով զանոնք, կամաց—կամաց ուտելով: Մէկ—քանի վայրկեան չանցած երազներու նոր յայտնութիւն մը, պատկերներու նոր յարութիւններ՝ թէեւ աւելի պղտոր ու մթին եւ սակայն աւելի մեծաշուք, կարծես աշխարհ մըն էր որ ակնթարթի մը մէջ կը ծնէր ու կը մեռնէր եթերին մէջ ու լայնատարած դաշտի մը վրայ, անծանօթ մէկը միշտ նոր արուեստներ կը բերէր, նոր պատկերներ կը ցանէր:

Սեդոն մինակ էր անտառին մէջ:

Ինչ որ վերը լոյս ու փողփողում էր, վարը մթագնիլ, ահաւորիլ կը սկսէր. ցաւագին սրսփուք մը կը վազէր տերեւներուն ու մացառներուն մէջէն, հանգչելու վազող թեւերու արագ—արագ թափեր կրկնուելով կը բազմապատկուէին, թռչունի մը ճւոցը, միջատի մը անհանգիստ շարժումը հետզհետէ խռովիչ կերպով կ՚արձագանգէին ու ծառերուն մէջէն անիմանալի, թաքուն զօրութիւն մը ծորելով՝ զանոնք սպառնագին կը ցուցնէր: Քանի մութը կը թանձրանար, այնքան ստուերը կ՚այլափոխուէր:

Սեդոն մինակ էր անտառին մէջ եւ կը դիտէր այս ամէնը, կը տեսնէր, թէ ինչպէ՛ս գիշերը թառելու կու գար բնութեան է՛ն վայրի բոյնին մէջ, եւ իր բիրտ հոգին տարօրինակ հեշտութիւն մը կը զգար. բուռն կիրքերու ալեկոծութիւն մը կը պղպջակէր ներսէն ու կը ցնցէր զինքը, արթնցող արծիւի մը թեւերուն պէս, որ առաւօտեան ուժգնօրէն կը թափահարէ իր ժայռին կատարէն: Կարծես իրեն այնպէս կու գար թէ իրական աշխարհը ոտքերուն ու քղանցքներուն քովէն անդին խելայեղիչ տենդով մը կը պտուտքէր ու կ՚անօսրանար, խաւարը կը ձեւափոխէր իրմէ զատ ամէն բան. ու ծառ, ճիւղ, քար, լեռ՝ ամէնը կը խուճապէին դէպի անսահման հեռաւորութիւն մը ու նոր էութիւններ, նոր ստեղծագործութիւն մը կու գար կը բռնէր անոնց տեղը: Այս զգայնութիւնը կը գինովցնէր զինքը ու միեւնոյն ատեն կը խռովէր, հովը հեղեղատի հոսանքով կ՚անցնէր գագաթներուն վերեւէն ու կարծես աղաղակներու մրրիկ մը կը քաշէր կը տանէր ետեւէն, եւ ձայներու այդ հեռացող խուժանը՝ որուն յափշտակուած կը հետեւէր ականջով՝ կ՚արթնցնէր իր մէջ ալ տենդագին, զայրացկոտ զգացումներ: Ու սիկառ մը վառեց:

Գիշերը կատարեալ էր ա՛լ. խաւարի տարափը դադրած էր: Երկինքէն, չես գիտեր ո՛ր անծանօթ հեռաւորութենէն՝ տխուր լոյս մը միայն կը տարածուէր, հազար մասերու կը բաժնուէր ու երազային անըմբռնելի ցերեկ մը կը բերէր: Հրացանը ուսին դրաւ Սեդոն, չորս կողմը կուշտ նայուածք մը երկնցուց եւ յամրաբար սկսաւ քալել: Անտառէն դուրս ելաւ, մէկ—երկու առուի վրայէն ցատքեց, գիւղին կածանը բռնեց ու լեռն ի վար շտկուեցաւ դէպի գիւղը:

Շատ վարը, ստորոտը, կէս լոյս կէս խաւարի մէջ հազիւ կը նշմարուէր գիւղին խանձարուրը, պարտէզներու ամբողջութիւնը ու տուներուն հաւաքումը՝ խոշոր, սեւ զանազանութիւն մըն էին՝ ուր հոս հոն ճրագի ցանցառ աչքեր ենթադրել կու տային, թէ գիւղը ամբողջ քնացած չէր. ձայն—ձուն չկար, դաշտի բոլոր կենդանութիւնը մէկ շունչով հանգստացած էր: Ապահովաբար յոգնած չէր՝ այս պահուն դուրսը մնացած այդ երիտասարդը, բայց կանգ առաւ, մտածեց քիչ մը ու նստեցաւ քարի մը վրայ, երեսը միշտ դէպի գիւղը: Աւելի հեռուն, դաշտին երեսը նոյնպէս տեղ—տեղ երկչոտ լոյսեր կը պլպլային, գիւղեր անոնք ալ, ուր հարկաւ արթուն կեցողներ կային, գուցէ դրացնի հաւաքումներ, նշանտուք կամ հարսնետուներ, որովհետեւ աշխատող ձեռքերը հանգիստ էին այս գիշեր, կիրակմուտք էր: Միտքը տարուած, ինքզինքը մոռցած՝ Սեդոն կը դիտէր այդ լոյսերը ու անոնց ճամբան բռնած՝ աչքը կ՚երթար, կը կախուէր մինչեւ երդիքներէն վար ու կարծես կը տեսնէր, ինչ որ կ՚անցնէր կը դառնար հոն: Ահա իր գեղին մէջ վերջին լուսաւոր բիբն է, որ միականի նայուածքով մը կը յամառի նայիլ դեռ եւ եթէ ան ալ իր թարթիչները գոցէ՝ գեղը պիտի քնանայ մանկան խաղաղ քունով:

Յամառեցաւ ինքն ալ իր տեղը, մինչեւ որ յետին ճրագամանին պատրոյգն ալ իր քունը քնացաւ, այն ատեն ոտքի ելաւ նորէն, ու շարունակեց իր ճամբան, հիմա վստահ թէ հարսէն, ջահիլէն ու տանտիկինէն է՛ն ետքը՝ հաւու քուն քաշող պառաւն ալ իր առաջին կունքին մէջ էր տանը փիսիկին հետ:

Շեղակի ճամբաներէ, հոս հոն վատնուած քանի մը դադարներէ ետք, անցաւ գիւղին փողոցներէն, մօտեցաւ մեծ փայտէ դռան մը, ձեռքը երկնցուց դէպի գլանը, երկու—երեք անգամ դարձնելով՝ մատովը վեր վերցուց լխիկը [1], դուռը ճռնչաց ետեւէն ու գոցուեցաւ:



[1] Փականքի մաս։