Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՎ ՈՐ ՍՈԻԼԹԱՆ ՄԸ ՈԻՆԻ ԻՐ ՀՈԳԻԻՆ ՄԷՋ
Գ


Իրանի աշխարհին մէջ, այդ ատեն, կ՚ապրէր Վուալէ Սինա բանաստեղծը, մեծ տէրվիշը՝ որ խմած էր իմաստութեան եօթը գաղտնի ակերէն եւ գիտէր հոգիին անթիւ ճամբաներէն բիւրաւորները:

Կ’ապրէր անիկա իր ճգնարանին մէջ, մենաւոր՝ իր հոգիին լոյսին հետ, զննելով խղճմտանքը տիեզերքին եւ մտիկ ընելով բաբախումը այն օրէնքներուն, որոնցմով կեանքը, ցանքի մը պէս, շրջան առ շրջան կը լեցնէ ու կը պարպէ աշխարհը:

Եւ տարինե՜ր ու տարիներ, հրաժարած էր անիկա մարդոց բնակութիւններէն, եւ ձայնէ, եւ խօսքէ. տարիներ ու տարիներ նստած էր ագիսի մը մորթիին վրայ, երկնելով այն տաղերը՝ որոնց բուրումը դեռ մինչեւ այսօր ալ կը խնկէ Իրանի աղջիկներուն հոգիները, եւ որոնց անմահութիւնը խոստովանեցան անմահները Իրանի բանաստեղծներուն մէջ:

Ժամանակը անցեր էր ստուերի պէս, անոտնաձայն ու անշշուկ, եւ Վուալէ Սինա տէրվիշը լուր չունէր թէ ինչպէ՜ս իր մազերը ճերմկած էին գլխուն վրայ ու իր ճակատը կը կրէր, իր ակօսներով, տխրաստուեր յիշատակը անվերադարձ երիտասարդութեան:

Ժամանակը անցեր էր, ալիքի մը պէս՝ որ կ՚երթայ վարարուն գետին հոսանքն ի վար, ու Վուալէ Սինա բանաստեղծը անտեղեակ էր աշխարհի բաներէն, որոնց արձագանգը չէր հասներ ոչ իսկ անտառապատ լերան այն ստորոտը, որուն վերեւ կը հանգչէր իր տաղաւարին անխռով խաղաղութիւնը:

Ուխտած էր համր մնալ՝ երեք անգամ եօթը տարի, մինչեւ իր հոգին յաջողէր բանալ իր առջեւ քսանմէկ դռները խորհուրդի պալատներուն, ուր իրմէ առաջ փորձած էին մտնել շատ իմաստուններ, բայց որոնցմէ դեռ ոչ մէկը յաջողած էր գտնել քսանմէկ բանալին բոլոր քսանմէկ դարպասներուն: