Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՐԵՐՈԻ ՏՂԱՆ
Դ


Ա՛լ չերեւցաւ, մարդու աչքի չհանդիպեցաւ վրէժխնդիր եղբայրը, այն օրէն, երբ Աշխէնին դիակը գտնուեցաւ ձորի մը մէջ արիւնոտ շապիկով: Կարմիր սրսփուք մը անցաւ բոլոր գեղերուն վրայէն ու գեղին աղջիկներուն սրտէն, եւ պակուցիչ սարսափ մը ճնշեց ամէնքն ալ: Հարսները իրենց ձեռքերը գոգնոցներուն տակ տարին ու տարիքոտները մէջքներնին դրած՝ պահ մը խռոված մնացին: Բայց դժբաղդ ընտանիքին դուռը գոցուած մնաց անկէ ետքը, որովհետեւ սեւ հաւը անէծքներու ամէնէն դժոխայինովը վայեց այդ տանը վրայ. լքաւե՛ր, ձախողած, կիսակործան մնաց իր տեղը չարաշուք մոռացումով մը, որուն քովերէն նախապաշարումի երկիւղով կ՚անցնէին կը դառնային գեղացիները եւ ճնճղուկի ուրախ թեւ մը անգամ չէր գար հանգչիլ անոր կտուրին վրայ: Պատերուն շաղախները ջուր առած քրքրեցան հետզհետէ ու թափիլ սկսան, պատուհանները՝ անխնամ՝ հովին, բուքին ու անձրեւին առաջ մնացին եւ չքաւորի թշուառութիւնը ցուցուցին վերջապէս՝ երկար ատեն զայն պարտկելու անզօր ճիգերէն ետք:

Սեդոն ա՛լ լոյս ցերեկով շէնլիք չմտաւ, մարդկային ստուերը իրեն համար մտրակող անէծք եղաւ, որմէ հեռանալ դատապարտուեցաւ: Իր մանկութեան լեռները, անտառները՝ որքա՜ն փոխուեցան անոնք ալ սակայն, թափառայած, աստանդական՝ դեգերեցաւ, ուր որ ոտքը կրնար առաջնորդել զինքը աննպատակ: Տարաւ իր վիշտը իրեն հետ ստուերախիտ սաղարթներուն կամարին տակ, մոռցաւ որսը ու անոր սէրը: Միայն վերջալոյսերուն կը յառէր հոգիով, զանոնք կը սիրէր իր բոլոր կիրքովը, երկա՜ր, երկա՜ր նայուածք ձգած կարմիր հորիզոնին վրայ՝ չէր կշտանար ու երբ օդերեւոյթը կ՚այլափոխուէր ու կ՚աւրուէր, կը խաւարէր նաեւ ինքն ալ եւ չարչարանքի օձը կը փաթթուէր կուրծքին:

Եւ հիմա որ մութին մէջ, լերան կուրծքը՝ քարին վրայ նստած կը դիտէ մրափող եւ կամ դեռ արթուն գիւղերը, հիմա որ մածուցիկ աղջամուղջին մէջէն հոգին ճեղքելով կ՚անցնի դէպի իր գեղն ու հօրենական երդիքը մանաւանդ՝ չի՞ յիշէր այդ քարսիրտ տղան Աշխէնը, միտքը չ’անդրադառնա՞ր մեղաւոր, բայց հարազատ քրոջ յիշատակին:

Էհ, ո՜վ գիտէ…