Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՒԱԳ ԱՌԱՋԻՆ
Դ


Լոյս առաւօտ եւ իրիկուն, ամբոխն՝ այր, կին,

Խըռներ տըխուր ու հեթանոս մեհեանին տակ,

Ուր դից պատգամն հըրալեզու քըրթին քանդակ՝

Կը մեկնէին մըռայլ քուրմերն հեծեծեագին։

Ու տաճարին առջեւ ոստեր, թարմ ուռենի,

Կանաչ ծոթոր, վարդի թերթեր, սուրբ ծաղիկներ

Կը դիզուէին, մինչ ամբոխէն այն անհամբեր

Կ՚ուղղըւէին վեր, օդին մէջ ձեռքեր երկնի,

Կը ծեծէին ոմանք իրենց կուրծքն անդադար,

Եւ նայուածքներ աղերսագին, դառնակսկիծ

Կու լային, որ անցնի ցասումն ու լըսուի դից

Երջանկաբեր պատգամը հաշտ, խաղաղարար։

Քուրմերն հեռուն, խուլ, կիսաստուեր տաճարին մօտ

Կ՚աղօթէին, զերթ ուրուական անշարժ, կանգուն,

Ցընորակոծ, երազատես աչքով անքուն,

Եւ գինովցած բուրումներէն բարկ, խընկահոտ,

Երբեք, երբեք չէին լըսեր ողբն ու գանգատ,

Յուզումը խոր, լացն ու կըսկիծ, ցասումն անոր,

Որ իր հացով, հունձքով, կեանքովն իր ամէն օր

Կը պահպանէր քուրմն ու մեհեան, աստուածն ազատ։