ՈՎ
ՈՐ
ՍՈԻԼԹԱՆ
ՄԸ
ՈԻՆԻ
ԻՐ
ՀՈԳԻԻՆ
ՄԷՋ
Զ
Եօթը
օր
ու
եօթը
գիշեր,
Վուալէ
Սինա
բանաստեղծը
կեցաւ
ոտքի
վրայ,
կեցաւ
անքուն՝
Շահնշահին
պալատին
մուտքին
դրան
առջեւ,
այն
տեղը՝
ուր
կը
հոսէր
արքունական
աղբիւրը,
կրանիթեայ
երկու
ահեղ
կենդանիներու,
առիւծին
ու
վագրին,
բաց
երախներէն:
Չխնդրեց
ո՛չ
հաց,
ո՛չ
ջուր.
եօթն
օր
ու
եօթը
գիշեր
իր
բերանը
փշրանք
մը
չդպաւ
ու
իր
լեզուն
չթրջեցաւ
կաթիլ
մը
ջուրով
անգամ:
Անբարբառ
ու
համր,
անողոք՝
ինչպէս
Ազրայէլը
ինք,
յենած
իր
ոստախիտ
ցուպին,
սեւեռած
էր
իր
աչքերը
այն
դռնէն
ներս՝
ուրկէ
պերճանքն
ու
ճոխութիւնը
կը
մտնէին,
եւ
թշուառութիւնն
ու
ամօթը
դուրս
կ՚ելլէին:
Երբ
ծագեցաւ
եօթներորդ
օրուան
արշալոյսը
եւ
Խուտէվէնտ
թագաւորը
կը
քնանար
իր
հարեմին
մէջ՝
այն
խորունկ
քունով,
որ
սիրոյ
յոգնութիւնը
կը
բերէ
մարմինին
վրայ,
–
Վուալէ
Սինա
տէրվիշը,
առաջին
անգամ
ըլլալով,
բացաւ
իր
շրթունքները,
որոնք
եօթն
անգամ
երեք
տարիներ
հաւատարիմ
մնացած
էին
անբարբառ
լռութեան
ուխտին:
Եւ
իր
ձայնը,
մարգարէական
ու
ահեղ,
թնդաց
արքայական
պալատին
որմերուն
տակ,
բոցեղէն
շունչով.
«Ո՜վ
Շահնշահ,
արքա՜յ
ոսկիի
ու
կրակի,
Ո՜վ
թագաւոր,
որուն
անունէն
կը
դողան,
ուռիի
տերեւի
պէս,
Սպահանն
ու
Համատանը,
եւ
որուն
խորհուրդները
աւելի
ահաւոր
են
աշխարհի
համար՝
քան
անապատին
մէջ
ֆշշացող
թունաւոր
օձերը.
Լսէ՛,
Շա՛հ
Խուտէվէնտ,
դո՛ւն
որ
կ՚իշխես
գահիդ
վրայ
զօրութեանց
զօրութեամբը,
մտրակով,
սովով
ու
մահով,
Ես
կ՚արհամարհեմ
ահա
քեզ՝
ինչպէս
ափունքին
կաւը
կ՚արհամարհէ
ովկիանոսին
լեռնամբարձ
կոհակները,
ինչպէս
աւազի
հատիկը՝
Արաբիոյ
անապատին
մէջ,
կ՚արհամարհէ
երկնքէն
իջնող
թաթառին
բարկութիւնը:
Ես
հագած
էի
իմաստութեան
տասնինը
զրահները,
եւ
այսօր
կը
հագնիմ
ահա
քսաներորդը:
Ի
զո՜ւր
յոգնած
էին
հոգիիս
թեւերը՝
բարձրանալով
ու
բարձրանալով
անդադար.
ի
զո՜ւր
վերեւը
կը
փնտռէի
խորհուրդի
այն
բանալին,
որ
իմաստութիւնը
պահած
է
եղեր
ցածը,
հո՛ս,
այս
մարդկային
բազմութեանց
մէջ,
որոնք
տիղմի
վերածեցիր,
դո՛ւն,
ո՜վ
անզգամ:
Ու
ես
սորվեցայ
որ,
շատ
հեղ,
բարձրանալու
համար՝
վար
իջնել
է
հարկաւոր,
եւ
սիրելու
համար՝
ատել.
ես
մտայ
իմաստութեան
դարպասին
քսաներորդ
դահլիճէն
ներս,
եւ
անկէ
դուրս
կու
գամ
ահա
այն
զօրութեամբ՝
որուն
դէմ
անզօր
են
քու
բոլոր
զօրութիւններդ,
ո՜վ
Շահ,
ինչպէս
յարդի
շիւղը
փոթորիկին
դէմ
եւ
խճաքարէ
հողաթումբերը
Գանգէսի
հեղեղներուն
դիմաց:
Ես
այդ
խորհուրդը
կը
տանիմ
Թեհրանէն
մինչեւ
Ատրպէճան,
Քիրմանին
ու
Սուլթանապատին,
Համատանին
ու
Սպահանին,
Խորասանին
ու
Թեպրիզին…»: