ԵՐԵՔ
ԽՐԱՏ
Գ
Խիկարին
դէմ
նստած
էր
Փուշքար
երիտասարդ
իշխանը։
Փուշքար
գեղեցիկ
ու
պճնազարդ
էր
եւ
կտրիճի
համբաւ
կը
վայելէր։
Նոր
էր
վերադարձեր
որսորդութենէ
եւ
այդ
օրը
թագաւորին
ընծայ
էր
բերեր
իր
սպաննած
առիւծին
մորթը։
Բայց
մորթը
հերիք
չէր։
Փուշքար
կ՚ուզէր
պատմել,
թէ
ի՛նչպէս
մինակը
սպաննեց
ամեհի
գազանը։
Կ’ուզէր
որ
թագաւորին
ու
հիւրերուն
գովասանքը
լսէ։
—
Մութ
անտառին
մէջ
ենք,
սկսաւ
պատմել
Փուշքար,
արեւը
կը
կորսուէր
սաղարթներուն
ետեւ։
Կենդանիներէն
ու
գազաններէն
շատերը
իրենց
որջերէն
դուրս
կ՚ելլէին՝
որս
ընելու.
շատերն
ալ
կը
պատրաստուէին
որջ
դառնալու։
Այս
ատենին
է,
որ
առիւծը
կը
պահուի
լիճին
մօտ
ջուրի
եկող
կենդանիները
որսալու
համար։
Որսորդները
շրջանակաձեւ
ցրուեցի
ծառերուն
ետեւ,
ես
ալ
ելայ
հաստաբուն
կաղնիին
վրայ։
Յանկարծ,
տեսայ
հսկայ
առիւծ
մը…
գլուխը
կարմրագոյն
բիծերով,
մորթը
աննման.
դանդաղաքայլ
կը
մօտենար
լիճին։
Ա՛լ
չսպասեցի
որ
դարան
մտնէ.
արծիւի
թռիչքով
վար
իջայ
ճիւղէն
եւ
սուրս
վրայ
քաշած՝
արշաւեցի
շիտակ
անոր
դէմ։
Առիւծը
նայեցաւ
ինծի.
անոր
կատաղի
աչքերը
արիւնազանգ
էին՝
մարը
մտնող
արեւին
պէս
կարմիր,
ցից
ու
սուր
ժանիքները՝
պողպատէն
ալ
փայլուն
եւ
թաթը՝
հինգ
լիտրնոց
երկաթի
պէս
ծանր։
Առիւծը
կծկուեցաւ
որ
յարձակի
վրաս։
Մահկանացու
չէր
կրնար
դիմանալ
այս
տեսարանին։
Բայց
ամօ՛թ
էր,
որ
թագաւորին
որսորդ
Փուշքար
ձայն
տար
ընկերներուն
կամ
պոռար
վախէն
եւ
կամ
դողար։
Սուրս
ուղղեցի
անոր
բաց
երախին
եւ…։
—
Է՜յ,
այդ
ալ
քաջութի՞ւն
է
որ,
մէջ
ինկաւ
գինիէն
տաքցած
Ամիրխասը,
օր
մը
կինս
փիլաւն
էր
այրեր
ու
կից
մը
տալով
անոր,
այնպէս
գետին
փռեցի
զինք
որ
մինչեւ
իրիկուն
խելքի
չեկաւ։
Հիւրերը,
որ
շունչերնին
բռնած
մտիկ
կ՚ընէին
Փուշքարին,
երեսնին
դարձուցին
դէպի
Ամիրխասը
եւ
սկսան
բարձրաձայն
խնդալ։
Մռայլեցաւ
երիտասարդ
Փուշքարը,
կրճտեցուց
ակռաները,
նայեցաւ
Խիկարին
եւ
զսպեց
բարկութիւնը։
Կաս—կարմիր
կտրեցաւ
Խիկար
եւ
պաղ
քրտինք
եկաւ
ճակտին
վրայ։
—
Աւա՜ղ,
երկրորդ
խրատս
ալ
հովը
տարաւ
առաջինին
պէս,
կը
մտածէր
անիկա։