ՈՎ
ՈՐ
ՍՈԻԼԹԱՆ
ՄԸ
ՈԻՆԻ
ԻՐ
ՀՈԳԻԻՆ
ՄԷՋ
Դ
Անցա՜ծ
էին
տարիները,
եւ
Վուալէ
Սինա
մեծ
տէրվիշին
արծուեթռիչ
հոգին,
փա՜ռք
իր
ոյժին,
թափանցած
էր
խորհուրդի
տասնինը
փակ
գաւիթներէն
ներս,
եւ
գտած
անոնց
կամարներուն
տակ
գիտութեան
սահանքները,
ինչպէս
ծովը
ծովուն
մէջ
ու
երկինքը
երկինքին
մէջ,
անսահման
ու
անվախճան:
Երկու
դռներ
միայն,
ամրափակ
որպէս
մեռելին
ծնօտները,
մնացեր
էին
իր
առջեւ
գոց,
որոնց
երկաթեայ
փականքներուն
ի
զո՜ւր
բախած
էր
իր
ճակատը.
ի
զո՜ւր
փորձած
էր
անթիւ
բանալիները՝
իմաստութեան
ոսկեշղթայէն
կախուած.
նիգերը
մնացած
էին
անխորտակելի
եւ
պողպատեայ
կղպանքները
անլուծելի՝
մոգական
անհասելի
թալիսմանով:
Օր
մը,
ու
ամառուան
առաւօտ
էր
անիկա,
իր
տաղաւարին
առջեւ
երեւցաւ
պառաւ
մը՝
դժնետեսիլ
եւ
ուրուակերպ,
իբրեւ
կմախք՝
որ
կը
յառնէ
գերեզմանին
հողէն.
անոր
ցնցոտիները
նման
էին
ծուէն—ծուէն
պատանքի՝
ամօթալի
մերկութեան
իսկ
որպէս
ամօթ,
եւ
անոր
աչքերէն,
ականողիքի
խոռոչներուն
մէջ
հազիւ
նշմարելի,
կը
նայէին
անօթութիւնն
ու
սովը:
«Ո՜վ
իմաստուն,
օրհնեա՜լ
զաւակը
Թախտը—Ռոստամի
մեծապանծ
նախնիքներուն,
ես
համարձակեցայ
գալ
խռովելու
քու
սուրբ
հանգիստդ
եւ
խնդրելու
քեզմէ
որ
լսես
թշուառական
պառաւի
մը
աղաչանքի
ձայնը,
ինչպէս
պիտի
լսէիր
քու
մօրդ
խօսքերը՝
եթէ
անիկա
գերեզմանէն
վերադառնալով
քու
անունդ
տար…
Կ’երդուըննամ
արեւին
վրայ,
որուն
կարմիր
սրբութիւնը
կը
տեսնես
երկինքին
երեսը,
կ՚երդուըննամ
այս
ծաղկող
խոտերուն
արդար
կանաչութեանը
վրայ,
թէ
ինչ
որ
պիտի
ըսեմ,
ճշմարտութիւնն
է
միայն,
եւ
ինչ
որ
պիտի
լսես՝
դարձեալ
ճշմարտութիւնն
է,
եւ
դեռ
ճշմարտութեան
ստուերը
միայն:
Լոյսը
խաւարեցաւ
Իրանի
վրայ,
եւ
զրկանքն
ու
անօթութիւնը,
ամօթն
ու
մերկութիւնը
դեռ
կ՚անցնին
անոր
բոլոր
ճամբաներէն՝
Սպահանէն
մինչեւ
Թեհրան,
Համատանէն
մինչեւ
Խորասան:
Ո՜ւր
են
Շիրազի
աննման
աղջիկները,
որոնց
գեղեցկութեանը
զմայլելու
կու
գային
Հինտի
ու
Չինի
իշխանները,
քառասուն
օրուայ
ճամբայ
կտրելով:
Ո՜ւր
են
Սուլթանապատի,
Քիրմանի
ու
Խորասանի
շուկաները,
որոնց
մէջէն
ոսկին
կը
հոսէր
առուի
պէս
եւ
որոնց
սալայատակներուն
վրայ
թանկագին
ակերը
կը
դիզուէին
կոյտերով:
Ո՜ւր
են
Սավայի
ու
Սպահանի
դրախտները,
որոնց
նռներուն
հատիկներն
աւելի
կարմիր
էին
քան
Շահնշահին
ամէնէն
թանկագին
յակինթները,
եւ
որոնց
մէջ
հասունցած
դեղձերուն
մշկահոտ
մորթը
աւելի
քնքուշ
ու
թարմ
էր՝
քան
ստինքը
տասնհինգամեայ
աղջկան:
Խուտէվէնտ
զալըմ
թագաւորին
շուքը,
թո՛ղ
երկինքին
կրակը
մաղուի
անոր
գլխուն,
այն
օրէն
որ
տարածուեցաւ
Իրանի
վրայ,
իշխեց
հեծեծանքն
ու
սուգը,
համաճարակն
ու
սովը:
Քաղաքները
վերածուեցան
մահաստաններու
եւ
դաշտերը՝
անապատի.
ուրախութիւնը
հեռացաւ
եւ
դէմքերը
ժպիտը
մոռցան:
Հրապարակներուն
վրայ
կախաղաններ
եւ
բլուրներուն
կատարները
դիակներ
միայն
կը
հսկեն.
հողը
պղծուեցաւ,
ջուրը
պղծուեցաւ,
լոյսը
պղծուեցաւ:
«Ե՛ս
եմ
որ
կամ,
ե՛ս
եմ
որ
պիտի
մնամ.
ես
խորտակեցի
բոլոր
զօրութիւնները,
երկնային
ու
երկրային,
որպէս
զի
գահս
հաստատեմ
բոլոր
գլուխներէն
եւ
բոլոր
կամքերէն
վեր.
թագաւորն
անխոցելի
է…»:
Այսպէս
գրած
է
Խուտէվէնտ
թագաւորը
իր
պալատին
դրան
ճակատը,
ու
իր
թագին
վրայ,
ու
իր
աջ
թեւի
ապարանջանին
վրայ:
Եկայ
հարցնելու
քեզի,
ո՜վ
Իրանի
իմաստուն
զաւակը,
թէ
արդա՞ր
է՝
ինչ
որ
պատմեցի
ես
քեզի,
թէ
ճշմարի՞տ
է՝
ինչ
որ
գրած
է
թագաւորական
ձեռքը
իր
պալատին
ճակատը,
ու
իր
թագին
վրայ,
ու
իր
աջ
թեւի
ապարանջանին
վրայ:
Եթէ
իմաստութիւնը,
զոր
տարիներ
ու
տարինե՜ր
նստած
այս
բարձունքին
վրայ
կը
փնտռես,
համաձայն
է
աշխարհի
այս
օրէնքներուն,
որոնց
պատմութիւնը
լսեցիր
իմ
շրթունքներէս,
ես
կը
դառնամ
ահա
գերեզմանին…
իսկ
եթէ
գիտես
նոր
կշիռք
մը՝
որ
արդարութիւնը
կշռէ
այնպէս,
ինչպէս
ոսկիին
յետին
շամանդաղը
կը
կշռեն
մսխալով
ու
կուտով,
նո՜ր
կշիռք
մը՝
որ
մարդոց
հոգիներուն
պարգեւէ
գոհացում
ու
երջանկութիւն,
տո՛ւր
այդ
չափը
Իրանի,
ցո՛յց
տուր
այդ
կշիռքը
աշխարհի:
Ես
փորձեցի
իմաստութիւնը.
կեցի՜ր
բարով…»: